Երեքշաբթի, 31 Յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի։ Հիւր նախարարին կ’ընկերանային օգնականը՝ Տիար Վաղարշակ Յակոբեան ու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Թեմիս Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ անդամներ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան ու անդամներ եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ։
Նախարարն ու ընկերակիցները առաջին հերթին առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր հիւրընկալներուն հետ ունեցան աղօթքի պահ մը։
Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, ողջունեց հայրենի նախարարն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները, նշելով, որ օրը օրին հետեւած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, նոր կառավարութեան ձեռնարկած բարեփոխութեանց ու ընկերային արդարութիւն հաստատելու ճիգերուն, եւ մաղթեց, որ մեր հայրենակիցները մայր հայրենիքին մէջ ապրին ազատ, անկախ, ապահով ու արժանավայել կեանք մը։ Ան նշեց, որ սփիւռքի նախարարին գործը առաքելութիւն է, որ կը տարածուի հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն ու գաղութներուն վրայ, անոր յաջողութիւնը կը կայանայ զիրար լսելու մէջ։ Ան հիւր նախարարին ներկայացուց հոգեւոր, ազգային, կրթական ու հրատարակչական մարզերու մէջ Ազգային Առաջնորդարանի աւելի քան 45 տարիներու գործունէութեան ամփոփ պատկերը, յոյս յայտնելով, որ այս հանդիպումը կ’անդրանցնի փոխադարձ ծանօթացման սահմաններն ու կը վերածուի համագործակցութեան նոր մեկնակէտի, ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան առաւել զարգացման։ Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Տիար Հայրապետեանի առաքելութեան։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Ան նշեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը Հայաստանի ու Արցախի մէկ մասնիկն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ կռուան ու զօրավիգ՝ Հայաստանի պետութեան ու ամբողջ հայութեան։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեանն ու Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, որոնք գնահատեցին Տիար Հայրապետեանի ու սփիւռքի նախարարութեան ջանքերն ու աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր ապագայ գործունէութեան։
Տիար Հայրապետեան գոհունակութեան ու շնորհակալութեան խօսքերով ընդառաջեց յիշեալ արտայայտութեանց, նշելով, որ Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ եղած է ու կը մնայ հայապահպանման ու հայակերտման կեդրոն, եւ պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած է այդ իմաստով։ Ան վեր առաւ միասնութեան, գործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները, նկատել տալով, որ սփիւռքի հայութեան ղեկը առաջնորդելու յանձնառութիւնը ունեցող կառոյցները լաւապէս գիտակից են իրենց դերին ու առաքելութեան, իրենց լաւագոյնը ի գործ կը դնեն անոր իրագործման համար, եւ Ազգային Առաջնորդարանին նման հաստատութիւններ կը հանդիսանան ժողովուրդը մեր ազգային ու հաւաքական կարիքներուն կապող, անոնց գոհացում տուող կեդրոններ։
Այնուհետեւ, սփիւռքի նախարարը հանգամանօրէն պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ առաջարկներուն։ Արծարծուեցան նաեւ հայրենաշինութեան մէջ գործակցութեան մտածումներ։
Հանդիպումի պաշտօնական բաժինի աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Նշենք նաեւ, որ Երկուշաբթի, 30 Յուլիսի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին, եւ հիւրընկալութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի, Կլենտէյլի «Pacific Community Center» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը։ Յետմիջօրէին, հիւրընկալութեամբ «Հայաստան» Համայակական Հիմնադրամին, «City Club Los Angeles»-ին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ ի պատիւ սփիւռքի նախարարին։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ զոյգ ձեռնարկներուն եւ ողջունեց նախարարին այցելութիւնը Լոս Անճելըս։ Իսկ Կիրակի, 29 Յուլիսին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ սփիւռքի նախարարին, որուն, յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան ու փոխ-ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։