Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը ՀՕՄ-ի 13-րդ Փառատօնին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, այցելեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 13-րդ փառատօնին վայրը՝ Կլենտէյլի Civic Auditorium-ին մէջ, եւ ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ.
buy amitriptyline generic https://buywithoutprescriptiononlinerx.com/amitriptyline.html over the counter

Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Անոնք դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեանի եւ անդամներու կողմէ, որոնք ընկերացան Առաջնորդ Սրբազանի շրջապտոյտին։

Որոշ դադարէ մը ետք, Շրջ. Վարչութիւնը այս տարի անգամ մը եւս, 13-րդ անգամ ըլլալով ձեռնարկած էր այս փառատօնի կազմակերպման, հիմնականին մէջ մեր մշակոյթը ծանօթացնելու համար լայն հասարակութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց երկու յարկերու վրայ տեղադրուած կրպակները, շնորհաւորեց Շրջ. Վարչութիւնն ու անոր կողքին գործնական աշխատանք տանողները եւ օրհնեց բոլորին վաստակը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022