Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները


Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ համա-ատենապետուհիներ Տիկնայք Ռեբեքա Պէրպէրեանի եւ Մարալ Մաթոսեանի: Ներկայացուցիչներուն կ’ընկերանար ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Վիքի Մարաշլեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգային Վարչութեան ատենապետ եւ փոխ ատենապետ Տեարք Վահէ Յովակիմեան եւ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւր ներկայացուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ծառայութիւններուն մէջ: ՀՕՄի ներկայացուցիչները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին միութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան մասնաւորաբար Ազգային Առաջնորդարանին ու Թեմիս եկեղեցիներուն միջեւ ՀՕՄի գործակցական դաշտերը: Այս ծիրին մէջ, 22 Փետրուարին, մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան աւանդական արարողութիւն՝ ի յիշատակ ՀՕՄի ննջեցեալ անդամներուն ու բարերարներուն: ՀՕՄի ներկայացուցիչները նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեցին Ջաւախքի ի նպաստ յառաջիկայ ձեռնարկին, որ 1 Մարտի յետմիջօրէին կազմակերպուած հանգանակային նաւապտոյտ մըն է:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով թեմական թէ համահայկական մակարդակներու վրայ նախատեսուած ձեռնարկներ ու ծրագիրներ, որոնք ի մի կը բերեն Ազգային Առաջնորդարանին եւ հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ճիգերը: Այս ծիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն յիշեցուց երկու գլխաւոր ձեռնարկ. առաջինը՝ մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Ուաշինկթըն այցելութիւնն է, յառաջիկայ Մայիս 7էն 10ին, երբ նաեւ ամերիկեան մեր թեմերէն ազգայիններ մասնակից պիտի ըլլան Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին պաշտօնական արարողութեանց ու յուշահանդէսներու, իսկ երկրորդը՝ յառաջիկայ Յուլիս 18ին, Լիբանանի Պիքֆայա աւանին մէջ, Նահատակաց յուշարձանին առջեւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնն է, ձեռամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Այդ առիթով, նաեւ մեր Թեմէն ուխտագնացութիւն պիտի կազմակերպուի դէպի Անթիլիաս:

Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ու մեր իրաւունքներուն հետապնդման ծիրին մէջ, ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի մօտոյ դատ պիտի բանայ Թուրքիոյ պետութեան դէմ, վերատիրանալու համար Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներուն: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ 100ամեակի բոլոր ձեռնարկները պիտի համախմբեն հայութեան ճիգերն ու ձեռքերը:

Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն: Նուէրներէն մէկն էր Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ 100ամեակին առիթով նոր լոյս ընծայուած որմազդ մը, որ կ’ընդգրկէ հայութեան գոյատեւման խորհուրդը վեր առնող Ուիլիըմ Սարոյեանի նշանաւոր խօսքը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ