Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 20-րդ Թելեթոնի Նախօրեակին Արցախի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կազմակերպած 20-րդ թելեթոնի նախօրեակին, Լոս Անճելըս գտնուող Արցախի պատուիրակութիւնը, յանձինս Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի, պետական նախարար Տիար Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեանի, Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներու կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու հոգեւորականաց դասու անդամները, Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեանը, Տիկնայք Էլօ Պոյաճեանն ու Թերէզ Քեմանճեանը եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանն ու անդամներ, Արցախի հոգեւոր ու պետական ներկայացուցիչները ընդունեց «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ, ուր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը կազմակերպած էր պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը, որ կը պահպանէ տարիներու բարի աւանդութիւն մը, յիշեցնելով, որ Կիրակի օր, 19 Նոյեմբերին, անոնց հետ հանդիպում ունեցած էր նաեւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ 117-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան պահուն, երբ իբրեւ Արցախի նախագահի ներկայացուցիչ՝ Տիար Ա. Յարութիւնեան շքանշանով մը պատուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի, Հայաստանի ու Արցախի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան բարերար ամոլը։ Ան հաստատեց, որ Տիար Շամլեան շնորհակալութեամբ ընդունած է շքանշանը եւ իրեն յայտնած է թէ մասնակցութիւն պիտի բերէ Հինգշաբթիի թելեթոնին. այս տեղեկութիւնը գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ Արցախի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ արդէն կոչ ուղղուած է մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն, որպէսզի լիաբուռն մասնակցութիւն բերեն հանգանակային արշաւին։

Պետական նախարար Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան ու Արցախին տրամադրուած զօրակցութեան համար, յայտնեց, թէ այս ու նմանօրինակ այցելութիւններէ ետք Արցախ կը վերադառնայ լիցքաւորուած, ինչպէս որ սփիւռքցիներ լիցքաւորուած կը վերադառնան Արցախէն։ Ան հաստատեց, որ վերջին տարիներուն, Շուշին կ’ապրի նկատառելի զարգացում, որ շուտով պիտի ընդգրկէ գիւղական շրջանները։ Ան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Արցախի բարգաւաճման ընթացքը, հաստատելով, որ շրջանը տարուէ տարի կը բարելաւէ իր ընդհանուր եկամուտը, իսկ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ու անհատ գործարարներու աջակցութեամբ, կը ձգտի աւելի եւս բարելաւել իր տնտեսական-ընկերային վիճակը։ Ան որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդեց այս տարուան թելեթոնի եկամուտին օգտագործման ձեւերուն մասին, նշելով, որ զարկ պիտի տրուի ջրաբաշխումին ու ոռոգումին, որպէսզի Արցախի մէջ գործի կարելիութիւնները բազմանան, ժողովուրդը կառչած մնայ իր հողին, մտահոգիչ արտագաթը ետդարձի ուղիին մէջ մտնէ։ Ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի ուսումնական մակարդակի բարելաւման ու կարգ մը դպրոցներու արձանագրած նուաճումներուն մասին, մասնաւորաբար յիշատակելով, որ կարգ մը շրջանաւարտներ իրենց բարձրագոյն ուսումը յաջողութեամբ կը շարունակեն Հայաստանի թէ արեւմտեան լաւագոյն ուսումնարաններուն մէջ։

Արցախի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդեց Արցախի բարգաւաճման ընթացքին, ծրագիրներուն եւ յոյսերուն մասին։ Ան մասնաւորաբար կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ պատերազմական վիճակի մէջ եղող երկիրը արդիւնաւոր ընթացքի մէջ է, պետութիւնը կը ծրագրէ աւելի քան հազար բնակարաններ կառուցել բանակայիններու համար, իսկ ինչ կը վերաբերի ոռոգումի յառաջիկայ ծրագիրներուն՝ ընդգծեց, որ անոնք ունին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն, այնպէս՝ ինչպէս որ էր պարագան Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս ու նման ծրագիրներու շնորհիւ, Արցախի պետական պիւտճէն ոչ միայն կրկնապատկուի այլ նաեւ եռապատկուի, եւ երկրին ուսումնական ու այլ մարզերը եւս բարգաւաճում ապրին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալումին համար եւ կոչ ուղղեց սփիւռքի հայերուն, որ Արցախ այցելեն, որպէսզի արցախցին զգայ, որ իր պայքարին մէջ առանձին չէ։

Խօսք առին Տիար Ալեք Պաղտասարեան, Հայր Միւռոն եւ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, հաստատելով, որ հայութիւնը է եւ կը մնայ Արցախի կողքին, մեր նոր սերունդին համար Արցախը ներշնչումի աղբիւր է։

Ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Արցախի վիճակին մասին։ Իբրեւ պատասխան բանակին ու պաշտպանական վիճակին մասին հարցումի մը, պետական նախարարը հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ պաշտպանական գիծերու ամրացման ու արդիականացման, ինչպէս նաեւ յառաջապահ դիրքերու վրայ թշնամիին յարձակումներու դէմ դնելու միջոցներուն մասին։ Ան հաստատեց, որ վերջին շրջանին, սահմանին վրայ լարուածութիւնը համեմատաբար նուազած է, յարձակումներ ու կրակոցներ կ’արձանագրուին կարեւոր հանդիպումներու հանգրուաններուն, սակայն Արցախի բանակը պատրաստ է ամէն հաւանականութեան ու վճռած է չպարտուիլ։ Այլ հարցումի մը պատասխանելով, ան խօսեցաւ Հայաստանի ու դրացի երկիրներու յարաբերութեանց ու գործակցական կարելիութիւններուն մասին։

Աւարտին, Արցախի պետական նախարարը Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեց արցախեան փոքր գորգ մը, որ հիւսուած էր 2016-ի քառօրեայ պատերազմի օրերուն…։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին հիւրերուն յանձնեց հայկական նուռերով պատրաստուած յուշանուէրներ եւ կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնց շարքին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «The Armenian Church» հատորէն օրինակներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022