«Ասպարէզ» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 110-ամեակի Հանդիսութիւն

«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ ճաշի հիւրընկալութեամբ տօնեց թերթին հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձը։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, շրջաններու կոմիտէութիւններու, Ազգային Վարչութեան եւ մեր եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց, հայկական միութեանց ու մամլոյ ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալ դաստիարակներ, բարերարներ ու մամուլի բարեկամներ։

Բացման աղօթքը կատարեց Հայր Միւռոն, որ նաեւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։ Շնորհաւորելով թերթին տնօրէնութիւնը, անձնակազմն ու զանոնք հովանաւորող Կեդր. Կոմիտէն, Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւորաբար կը նշէր, որ այս օրաթերթը Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնունդ առած է հայութեան օրուան պահանջին ընդառաջ։ «Թրքական լուծին տակ տառապող ու բռնագաղթի ենթարկուող հայորդիներ, ամերիկեան այս խաղաղ ափերուն վրայ ապաստան գտնելով, չէին կրնար խզուիլ մայր հայրենիքէն ու հայութեան հաւաքական կեանքէն. այս ճշմարտութեան ունկնդիր խումբ մը նուիրեալներ Ֆրեզնոյի մէջ հիմը դրին «Ասպարէզ»ին, որ իրաւամբ դարձաւ հայկական իրականութիւններու արտացոլացման լայն ասպարէզ մը», կը նշէր Առաջնորդ Սրբազանը, աւելցնելով, որ թերթին Լոս Անճելըս տեղափոխումէն ետք ալ, հայ ընթերցողը «Ասպարէզ»ը ճանչցաւ իբրեւ մեր պատմութեան, մշակոյթին եւ հայրենական զգացումներուն հետ հաղորդ մնալու կամուրջ, նոյն առաքելութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր։ Վերջապէս, ան կ’օրհնէր յիշատակը հիմնադիրներուն եւ բարի երթ կը մաղթէր առաքելութիւնը շարունակողներուն։

Իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ Յունաստանէն հրաւիրուած էր բազմավաստակ խմբագիր եւ մամուլի նուիրեալ ծառայող Տիար Նազարէթ Պէրպէրեան։ Յանուն խմբագրութեան խօսք առաւ թերթի Անգլերէն տարբերակի խմբագիր Տիար Արա Խաչատուրեան, որ զօրակիցներուն ուղղուած շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան իր խօսքին մէջ, նշեց, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը կը գտնուի Լիբանան, մասնակից ըլլալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակի արարողութեանց։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Ազգային Առաջնորդարանին՝ թերթին հետ սերտ գործակցութեան ու յարատեւ զօրակցութեան համար։

Խմբագրութիւնը ազնիւ գաղափարը ունեցած էր այս առիթով պատուելու Հայ Մամուլին բազմաթիւ տարիներու ծառայութիւն մատուցած խմբագիրներ ու աշխատակիցներ, թիւով 16։

Երեկոն ունէր գեղարուեստական յայտագիր, որուն երգերու բաժինը ձօնուած էր Երեւան քաղաքի հիմնադրութեան 2800-ամեակին, իսկ Համազգայինի «Անի» պարախումբը եղաւ գեղեցիկ այլ ներկայութիւն մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022