Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Չորեքշաբթի, 8 Օգոստոսի առաւօտուն, տօնին յատուկ արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի մատրան մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, արարողութիւնը կատարեցին Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան, Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Թորոսեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննաքեան։
Հաստատութեան նոր նշանակեալ նախագահը՝ Տիկին Ալիս Իսայի, ողջունեց հիւր քահանայ հայրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մեր հոգեւորականները ամէն տարի այս արարողութիւնը կը կատարեն հիւանդանոցին մէջ եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս տարի ինք առիթ կ’ունենայ առաջին անգամ ըլլալով մասնակից ըլլալու այս արարողութեան։ Ան նշեց, որ այս աղօթքները հոգեկան մխիթարութիւն կը պարգեւեն հիւանդանոցի խմանքը վայելողներուն ու անոնց հոգածութեան նուիրուած ծառայողներուն։ Հիւանդանոցի հոգեւոր ծառայութեան պատասխանատու Չէփլըն Ալիս Զուլի կատարեց բացման աղօթքը եւ նշեց, որ «այս արարողութիւնը նուիրուած է Աստուածամօր, որուն կը դիմենք աղօթքով. ան ծնունդ տուաւ Յիսուս Քրիստոսի, առաջին պտուղին, եւ այսօր, Զայն յիշելով՝ մենք կը կատարենք երկրի պտուղին օրհնութիւնը»։
Տ. Վազգէն Քահանայ ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Տ. Մովսէս Քահանան՝ արտասանելու իր քարոզը։ Ան իր կարգին ողջունեց ներկաները, փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան հօր օրհնութիւնները եւ բարի մաղթանքները, ապա ըսաւ, «աղօթքի այս պահուն, հրաւիրուած ենք վերանորոգելու մեր առաքելութեան ուխտը՝ իբրեւ հոգիներու եւ մարմիններու դարման բերող ծառայողներ, իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակները։ Ան կանգ առաւ սիրոյ կարեւորութեան վրայ, ընդգծելով որ սէրը բոլորիս համար պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն, հասկնանք սիրոյ կարեւորութիւնը եւ կիրարկենք զայն»։
Տեղի ունեցաւ խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք, աղօթքի պահը վերջ գտաւ հաստատութեան հոգեւոր ծառայողներէն Չէփլըն Էլիաս Մոլինայի աղօթքով։ Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը այցելեցին հիւանդանոցի սենեակներ եւ օրհնուած խաղող բաժնեցին հիւանդներուն։