Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Հոգեշնորհ Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ու սարկաւագներ այցելեցին Glendale Adventist հիւանդանոցը եւ հաստատութեան մատրան մէջ կատարեցին բժշկութեան աղօթք եւ խաղողօրհնէք։
Հիւանդանոցի պատասխանատուներէն՝ Տիկին Ռամելա Մարգարեան ողջունեց հոգեւոր հայրերն ու ներկաները, վեր առնելով այս աւանդական արարողութեան կարեւորութիւնը: Բացման աղօթքը կատարեց Chaplain Ալ Կարսիլազօ:
Հայր Պօղոս խօսեցաւ օրուան խորհուրդին մասին, ապա կատարեց խաղողի օրհնութիւնը: Ան բժիշկներուն, անձնակազմի անդամներուն եւ հիւանդանոցի խնամքին ենթականերուն փոխանցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի բարեմաղթութիւնները, ապա նշեց, որ խաղողը կը նկատուի խորհրդանիշը Յիսուսի արեան, որ զոհաբերուեցաւ մեր մեղքերու թողութեան համար. իսկ մենք, այգիներու առաջին բերքը նուիրաբերելով՝ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը հայցենք մեր մեղքերուն քաւութեան համար:
Արարողութենէն ետք, հոգեւոր հայրերը այցելեցին հիւանդանոցի հայ հիւանդներուն, աղօթեցին անոնց առողջութեան համար եւ օրհնուած խաղող բաժնեցին։