Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առթիւ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Adventist Հիւանդանոցին Մէջ


Համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 13 Օգոստոսի առաւօտուն այցելեց Կլենտէյլի Adventist հիւանդանոցը եւ խաղողօրհնէք կատարեց հիւանդանոցի մատրան մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:

Հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի նախագահ Տիար Քեւին Ռապըրթց բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր յարատեւ զօրակցութեան ու օրհնութիւններուն համար: Հիւանդանոցի հոգեւոր խորհրդատուներէն Ալ Կարսիլազօ արտասանեց ողջոյնի խօսք եւ կատարեց բացման աղօթքը:

Արարողութեան ներկայ եղան հիւանդանոցի բժիշկներ եւ վարչական պատասխանատուներ, որոնց ուղղելով իր խօսքը՝ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ դարձեալ առիթը կþունենայ այս հոգեպարար արարողութիւնը կատարելու հիւանդանոցի յարկին տակ: Ան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ անոր առնչուած՝ խաղողի օրհնութեան հայկական աւանդութեան իմաստին ու խորհուրդին մասին, նշելով, որ Հին Կտակարանի օրերէն իսկ, հունձքի առաջին բերքը Աստուծոյ նուիրելով՝ ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր Երկնաւոր Հօր, իսկ այսօր, խաղողը կ’օրհնենք, որ կը նկատուի պտուղներուն թագուհին, որմէ ստացուած գինին կը խորհրդանշէ մեր Փրկչին արիւնը, որուն հաղորդակից կþըլլանք Ս. Հաղորդութեան ճամբով:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արտայայտեց հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի նախագահին, պաշտօնակիցներուն ու անձնակազմի նուիրեալ ծառայութիւններուն մասին, աղօթք բարձրացնելով անոնց մարդասիրական գործին անխափան շարունակման եւ հիւանդներուն առողջութեան համար:

Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը: Փակման աղօթքը կատարեց հիւանդանոցի հոգեւոր խորհրդատուներէն Էլիաս Մոլինաս:

Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց հիւանդներու եւ օրհնեց զանոնք, մաղթելով բարի ապաքինում, որոնք երախտագիտութեամբ փառք տուին Աստուծոյ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022