Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Կազմակերպած Ուսուցչական Վերապատրաստման Տարեկան Համագումար

Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած «Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Տարեկան Համագումար»ը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ համագումարի բացման եւ փոխանցեց իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

Յանուն Խնամակալ Մարմինին, բարի գալստեան եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Լիզա Կապուտեան։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան շեշտը դրաւ ուսուցչութեան վրայ, նշելով որ թէկուզ ան ամէնէն դժուար մասնագիտութիւններէն է, սակայն՝ առաւել գոհունակութիւն պատճառող ասպարէզներէն մին, որովհետեւ ուսուցիչները մեծ պատասխանատուութիւն ունին դաստիարակելու մատղաշ սերունդները, ինչպէս նաեւ դեր ունին անոնց անհատականութեան կազմաւորման եւ կեանքի դասերու փոխանցման մէջ։ Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յարատեւ վերապատրաստման եւ բարելաւման գործընթացը, վերանորոգուելու մեր անհատական թէ մասնագիտական կեանքին մէջ, յատկապէս ուսուցիչներու պարագային, որոնք ստանձնած են նուիրական պատասխանատու պարտականութիւն մը։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Խնամակալ Մարմինը, ուսուցիչներուն համար նման առիթ մը ընծայելուն, որպէսզի անոնք նորոգ, ժամանակակից ու յաւելեալ գիտելիքներով հարստանան. գնահատեց նաեւ ուսուցիչները՝ անոնց մասնակցութիւնը գրաւական նկատելով իրենց կոչումին եւ նուիրուածութեան։

Համագումարը շարունակուեցաւ մասնագիտական դասախօսութիւններով եւ գործնական աշխատանքային նիստերով։

Առաջնորդական փոխանորդը դասախօսական զեկոյց մը ներկայացուց միջնակարգի եւ երկրորդականի Հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն, «Հայ Աշակերտի Հոգեիմացական Դաստիարակութիւնը» նիւթով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022