Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի նոր նշանակեալ կազմի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան եւ անդամներ Տիկնայք Հուրի Քէօրօղլեան, Յասմիկ Պարան եւ Լենա Գորթոշեան Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Վարչութեան կողմէ:
Այցելութեան նպատակն էր փոխադարձ ծանօթացում եւ ստանալ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը: Ողջոյնի խօսքերու եւ փոխադարձ ծանօթացումի արտայայտութիւններէ ետք, Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչները ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան անմիջական ու հեռահաս ծրագիրներու մասին, որոնց նպատակն է շարունակել Ազգային Վարժարաններու դաստիարակչական աշխատանքներուն բարելաւումն ու հայերէնի ամրակայումը: Այս ծրագիրներուն իրականացման նպատակով, Մարմինը հանդիպումներ կ’ունենայ վարժարաններու տնօրէններու հետ, ծրագրուած է հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու վերաորակաւորման տարեկան համագումարը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունուարին, Նորթրիճի համալսարանին մէջ, հիւրընկալ հաստատութեան հետ գործակցաբար:
Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութիւնը յաջողութիւն մաղթեցին Խնամակալ Մարմինին ու անոր հոգածութիւնը վայելող Ազգ. Վարժարաններուն, վերահաստատելով Ազգ. Վարչութեան զօրակցութիւնը այս առաքելութեան ու շեշտելով փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը: