Արցախը Զօրակցութեան Համար Հսկում-Մոմավառութիւն


Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական հսկում մը եւ մոմավառութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդ հայրերու, պետական անձնաւորութիւններու, հայ համայնքի ներկայացուցչական դէմքերու եւ հոծ բազմութեան մը: Հսկումի երեկոն կազմակերպուած էր մեր համայնքին մէջ գործող «Արցախի զօրակցութեան աշխատանքի խմբակ»ին կողմէ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին. հաւաքը հակադարձութիւն մըն էր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ Ապրիլի առաջին օրերուն տեղի ունեցած յարձակումին:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան, հոգեւոր առաջնորդներն ու հոգեւորականաց դասը կատարեցին յիշատակի աղօթք, ապա Առաջնորդ Սրբազանները ուղղեցին իրենց պատգամները։ Խօսք առին քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչ, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան լիազօր նախարար Տիար Վալերի Մկրտումեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Տեղի ունեցաւ երաժշտական ներկայացում:

Իր խօսքին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ողջունելէ ետք պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու մասնակիցները, նշեց, որ այս հաւաքը տեղի կ’ունենայ յիշատակելու համար ազերիական յարձակումներու զոհերը: Ան դատապարտեց ազերիական ոճրային յարձակումը եւ շեշտեց, որ համայն հայութիւնը զօրավիգ է Արցախին, պաշտպան է մարդկային իրաւունքներու: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ յաճախ կրկնուող նման թշնամանքներ վերջ գտնեն միանգամընդմիշտ, կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին՝ դատապարտելու ազերիական յարձակումները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն: Աւարտին, ան յիշեցուց, որ յառաջիկայ օրերուն, հայութիւնը պիտի ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 101ամեակը, եւ կոչ ուղղեց հայութեան զաւակներուն, որ միահամուռ մասնակցին 24 Ապրիլի հանրահաւաքին ու ոգեկոչական նախաձեռնութիւններուն (Առաջնորդ Սրբազանին խօսքը իր ամբողջութեան մէջ կու տանք անգլերէնի բաժինով):

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022