ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ CASPSԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով, Ազգ.
buy fluoxetine online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/fluoxetine.html no prescription

Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը կազմակերպած էր հանրային վարժարաններ յաճախող ու գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած հայ ուսանողներու ի պատիւ հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի »Կրէնթ« երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ։ 29 Մայիսին, CASPSը պատուած էր Կլենտէյլի վարժարաններու ուսանողները, իսկ Չորեքշաբթի, 6 Յունիսի երեկոյեան, գնահատանքի արժանացան Լոս Անճելըս գաւառի կարգ մը (գլխաւորաբար Հովիտի շրջանի) վարժարաններու աշակերտները։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ իր գնահատանքի, օրհնութեան պատգամը ուղղեց աշակերտներուն, մաղթելով յաջողութիւն ու վերելք։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիկին Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան։

Բացման խօսքը արտասանեց CASPSի գործավար Տիկին Արսինէ Յովհաննէսեան։ Հանդիսավարն էր հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնի օգնական Զեփիւռ Գէորգ։ Խօսք առաւ CASPSի ատենապետ Տիար Ռուբիկ Կիւրճեան. գլխաւոր բանախօսն էր Կլենտէյլի քաղաքապետութեան պաշտօնատարներէն Տիար Արտաշէս Քասախեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց աշակերտներուն, իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն համար։ Ան աշակերտները յորդորեց երախտապարտ ըլլալու Աստուծոյ, իրենց շնորհուած բարիքներուն համար, նաեւ նախանաձախնիր ըլլալ լաւագոյնս օգտագործելու ուսանողութեան շրջանը, իւրացնելու գիտելիք, սակայն նաեւ աճելու բարոյական ու մարդկային այն արժէքներով, որոնք իրենց կը ջամբուին երկրորդականի տարիներուն, հոգեպէս ամրանալու եւ դիմագրաւելու կեանքին բերելիք մարտահրաւէրները։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր հայորդի պարտականութիւններ ունի հանդէպ իր ընտանիքին, հաւաքականութեան ու ազգին, որոնց ծառայելու կոչուած է իր սեփական կեանքը կերտելու առընթեր։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ ամերիկածին հայեր, անոնց պարտին լաւագոյնս ծառայել մեր հաւաքական կեանքին, ձգտելով, բարելաւել մարդկային ընկերութիւնը։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց աշակերտներուն ծնողներուն, ինչպէս նաեւ CASPSի ծառայողներուն։

Հանդիսութեան ընթացքին, գնահատագիրներ յանձնուեցան 165 աշակերտներու, իսկ լաւագոյն վեց աշակերտներ արժանացան կրթանպաստներու, տրամադրուած՝ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան ու CASPSին կողմէ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ