CASPS-ը կը Պատուէ Կլենտէյլի Հանրային Վարժարաններէ Շրջանաւարտ Եղող Հայ Աշակերտներ


Հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներու ծառայութիւն մատուցող Ազգ. Առաջնորդարանի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ ուսանողներու ի պատիւ իր 21րդ տարուան հանդէսը, Glendale Adult Recreation Center-ին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ.
buy amoxicillin online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/amoxicillin.html no prescription

Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին պետական ընտրեալ պաշտօնատարներ, Կլենտէյլի կրթական համակարգի պատասխանատուներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ CASPS-ի գործավարին՝ Տիկին Արսինէ Յովհաննիսեանի ողջոյնի խօսքով. հանդիսավարուհին էր Քրիստին Դաշտէմիրեանց։

Բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը, շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները։ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքին բառերը մէջբերելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւորաբար աշակերտներուն մաղթեց իմաստութեամբ լեցուիլ եւ Աստուծոյ պատգամներով առաջնորդուիլ, բարին մտածել եւ գործել։ Ան նկատել տուաւ, որ կեանքը լեցուն է ելեւէջներով, սակայն բոլոր դժուարութիւններուն կարելի է յաղթահարել դրական մօտեցումով, աշխատանքով ու յարատեւութեամբ։ Յիշեցնելով, որ քանի մը շաբաթ առաջ տօնեցինք Ս. Յարութեան տօնը, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մահուան վրայ Քրիստոսի յաղթանակը ապացոյց է, որ Աստուծմով անկարելի բան չկայ, կարելի է դժուարութեանց ու խոչընդոտներու վրայ յաղթանակ տանիլ աղօթքով ու Աստուծոյ ապաւինելով, խնդրելով իմաստութիւն եւ ուղղութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներն ու ծնողները շնորհաւորեց Ազգ. Առաջնորդարանի ընտանիքին անունով, գնահատեց CASPS-ը եւ դաստիարակները, յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն, այն յոյսով, որ անոնք վաղը պիտի ըլլան մեր ազգի առաջնորդները, պիտի ծառայեն Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու իրենց ընտանիքներուն։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ Կլենտէյլի կրթական համակարգի վարիչ Վիվիըն Էքճեանի բանախօսութեամբ։ Խօսք առին Ուսումնական խորհուրդի նախագահ Տոքթ. Արմինէ Կարապետեանն ու կրթական համակարգի պատասխանատուներէն՝ Ուինֆրէտ Ռապըրսընը։

Աշակերտներ երաժշտական կտորներ ներկայացուցին դաշնակի ու սրինգի վրայ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայագիրներու եւ գնահատագիրներու բաշխում, ձեռամբ Տիկին Անէթ Զարեանի։

Նշենք, որ Կլենտէյլի կրթական շրջանէն չորս վարժարաններ կը վայելեն CASPS-ի գործակցութիւնը։ Այդ վարժարաններէն ընդամէնը 189 հայ աշակերտներ շրջանաւարտ եղած են այս տարի։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022