CASPS-ը Գնահատանքի Արժանացուց Լոս Անճելըսի Երկու Շրջաններու Հանրային Վարժարաններէ Հայ Աշակերտներ

Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբը՝ CASPS, Երկուշաբթի, 21 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Վերտուկօ Հիլզի երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ, գնահատանքի արժանացուց Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան գօտիներու հանրային վարժարաններու 10-էն 12-րդ դասարաններու հայ աշակերտներ, որոնք բարձր նիշեր ապահոված են աւարտող տարեշրջանին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ եղաւ հանդէսին եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին պատգամն ու բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Արա Շապանեան, CASPS-ի անդամներ, յիշեալ շրջաններու կրթական պատասխանատուներ եւ աշակերտներուն ծնողները։

CASPS-ի անունով բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց յանձնախումբին գործավարը՝ Տիկին Արսինէ Յովհաննէսեան։ Հանդիսավարն էր CASPS-ի նախկին աշակերտներէն Անճելա Մանուկեան, որ ներկայիս բժշկութեան ուսանողուհի է։ Ան հրաւիրեց Տէր Նարեկ Քահանան, որպէսզի կատարէ բացման աղօթքն ու փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։ Տէր Հայրը յանուն Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորեց աշակերտները, յաջողութիւն մաղթեց իրենց՝ ուսման ու կեանքի մէջ, ապա, յիշեցնելով, որ 100 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն, հայութիւնը կը գտնուէր Սարդարապատի հերոսամարտը կերտելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմներ դնելու պայքարի ճամբուն, յորդորեց աշակերտները, որ հպարտ զգան հայութեամբ եւ չմոռնան անցեալի սխրագործութիւնները, ըլլան մեր հերոսներուն արժանաւոր ժառանգորդները։

Կրթական յիշեալ երկու գօտիներու ներկայացուցիչները՝ Լինտա Տէլ Քուէթօ եւ Ճոզըֆ Նաքորտա արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Գլխաւոր բանախօսն էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն արձանագրած յաջողութեանց մասին, շեշտեց աշխատանքի արժէքն ու անոր միջոցով յաջող արդիւնքներու հասնելու կարեւորութիւնը, նկատել տուաւ, թէ ինք ալ հայ ծնողներու աւանդներուն մէկ ժառանգորդն է ու աշակերտները հրաւիրեց չմոռնալու իրենց հայկական արմատները, նաեւ պատրաստ ըլլալ ծառայելու հաւաքական կեանքի մէջ։

Շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան սրտի խօսքեր արտասանեցին Լոս Անճելըսի Կրթական համակարգի անդամներէն Քելի Կոնէզ, Սքաթ Շմերըլսըն եւ Նիք Մելվոյն։ CASPS-ին ուղղուած շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկան չորս շրջանաւարտներ, շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ իրենց ուսուցիչներուն։

Բարձր նիշերով շրջանաւարտ չորս աշակերտներ նիւթական պարգեւներ ստացան, տրամադրուած՝ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան կողմէ, իսկ մնացեալ շրջանաւարտները ստացան գնահատագիրներ։

Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին։ Հայրենասիրական երգերով ու արտասանութիւններով, նաեւ ազգայնաշունչ պարերով հանդէս եկան մանուկներ, որոնք կը յաճախեն նաեւ հայերէն դասաւանդութիւն ունեցող հանրային վարժարաններ, իսկ CASPS-ի աշակերտներէն՝ յայտագիրին մասնակցութիւն բերին պատանիներ՝ դաշնակի ու տուտուկի վրայ նուագով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022