CASPS-ի Նախաձեռնութեամբ՝ Կլենտէյլի Հանրային Վարժարաններէ Շրջանաւարտ Հայ Աշակերտներու Ի Պատիւ Ձեռնարկ

Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբը՝ CASPS, Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան կազմակերպած էր Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու ի պատիւ իր տարեկան 22-րդ հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքի Adult Recreation Center-ի սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեանի, ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը։ Ներկայ էին Կլենտէյլի հանրային վարժարաններու համակարգի պատասխանատուներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, խորհրդատուներ եւ աշակերտներուն ծնողները, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեր գաղութի միութեանց ներկայացուցիչները։

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց CASPS-ի գործավար Տիկին Արսինէ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ լեցուած ենք, ի տես մեր երիտասարդներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն, յոյս յայտնելով, որ անոնք կը վերադառնան մեր համայնքին եւ ներդրում կ’ունենան մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Ան այս առիթով նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ CASPS-ի աշխատանքի դաշտերուն ու ծառայութիւններուն մասին, որոնք 24 տարիէ ի վեր կը մատուցուին հայ աշակերտներու։ Հանդիսավարը՝ Տիար Էտրիք Սարգիսեան արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, գնահատեց անոնք ձգտումները եւ դրական մօտեցումը, մաղթելով, որ ինքնավստահութեամբ լեցուին մեր պատմութեան ու ազգային արժէքներուն գիտակցութեամբ։

Շրջանաւարտներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց աշակերտները՝ իրենց արձանագրած յաջողութեան համար, նաեւ՝ ծնողներն ու ուսուցիչները՝ անոնց հոգածու վերաբերմունքին համար։ Ան աշակերտները յորդորեց տոգորուելու զօրաւոր կամքով, մի՛շտ ըլլալու յուսալից եւ ապաւինելու Աստուծոյ՝ կեանքի յառաջիկայ փուլերուն։ Ան թելադրեց լաւագոյնս օգտագործել իրենց բնատուր ձիրքերն ու կարողութիւնները, ո՛չ միայն սեփական յաջողութեան ի խնդիր, այլ նաեւ զանոնք ի սպաս դնելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգի հաւաքական կեանքին յառաջդիմութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ իբրեւ զաւակները Հայ ազգի՝ իւրաքանչիւրը պարտականութիւն մը ունի մեր հայրենիքին նկատմամբ. «Այս տարի կը տօնենք Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հաստատման 100-ամեակը, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը. ուխտեցէք մասնակից ըլլալ մեր հաւատքին ու սրտամօտ արժէքներուն պահպանման եւ տարածման գործին. այդ արժէքներէն է ժողովրդավարութիւնը, որ, ինչպէս տեսաք, յաղթանակ արձանագրեց վերջին օրերուն, իսկ ժողովրդավարութիւնը՝ մեր հայրենիքի հիմնական արժէքներէն է»։ Ան իր խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ առաջնորդէ աշակերտներուն քայլերը, երբ անոնք կը թեւակոխեն կեանքի նոր փուլեր։

Գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըս գաւառի գերագոյն ատեանի դատաւոր Էյմի Աւշանեան։ Ան առաջին հերթին շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, վեր առաւ ուսման կարեւորութիւնը անհատի մը կեանքին մէջ, եւ իր փորձառութենէն մեկնելով՝ շեշտեց, որ յաջողութեան ու իրագործումներու կարելի է հասնիլ ուսումով, հետեւողականութեամբ, սեփական կարողութիւններուն վստահելով ու տեսիլք ունենալով։ Ան աշակերտները հրաւիրեց միտքին կողքին զարգացնելու հոգին ու սիրտը, հոգածու ըլլալու ուրիշներու նկատմամբ, մասնակից ըլլալու համայնքային կեանքին, նաեւ՝ հպարտ զգալու ամերիկեան ու հայկական պատկանելիութեամբ։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով. «Ինչ որ պիտի ընէք, ըրէ՛ք խոր սիրով, բարի տրամադրութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, բայց մանաւանդ հետամուտ եղէք ձեր երազներուն»։

Կլենտէյլի կրթական համակարգի վերահսկիչ Տիար Ուինֆրէտ Ռապըրսըն արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց CASPS-ին՝ տարիներու սերտ գործակցութեան համար, իսկ աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ շեշտեց, որ լաւ անունը շա՛տ աւելի կարեւոր է, քան հարստութիւնը. երբ յաջողութեան հասնիք, ձեր անունը բարձր պահեցէք եւ ներդրում ունեցէք ձեր համայնքի կեանքին մէջ, աւելցուց ան։

Աշակերտները նուագով ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ