CASPS-ի Հանդիսութիւն ի Պատիւ Կլենտէյլի Յաջողակ Հայ Շրջանաւարտներու


Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը, որ հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ուսումնական եւ առնչակից կարիքներուն նուիրեալ ծառայութիւն կուտայ, Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015ին կազմակերպած էր Կլենտէյլի կրթական համակարգի յաջողակ հայ աշակերտներուն ի պատիւ գնահատանքի 19րդ տարեկան հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Adult Recreation Center-ին մէջ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ աշակերտներուն ուղղեց իր հայրական պատգամը: Ան շնորհաւորեց աշակերտները եւ նշեց, որ կեանքը իրենց կը խոստանայ հաճելի հանգրուաններ, սակայն նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլալ դիմագրաւելու մարտահրաւէրներ: Առաջորդ Սրբազանը աշակերտները յորդորեց ըլլալու խիզախ եւ յոյսով տոգորուած, ի՛նչ ալ որ ըլլան պայմանները, որովհետեւ Աստուած միշտ իրենց կողքին է: Ան նաեւ ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնան իրենց հայկական ու քրիստոնէական արմատներն ու պատկանելիութիւնը, ապագային մասնակից ըլլան հայութեան հաւաքական կեանքին ու փոխադարձաբար նուիրաբերեն իրենց ժամանակէն ու վաստակէն, որովհետեւ մեր հաւաքականութիւնը կը նուիրաբերէ իրենց համար: Ան մասնաւորաբար յանձնարարեց օգտակար ըլլալ մեր Դատի հետապնդման աշխատանքերուն:

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ կ’ապրինք Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին, երբ բոլորիս պարտականութիւնն է յիշել ու աշխարհին յիշեցնել մեր իրաւունքերը, արդարութիւն պահանջել մեր նահատակներուն համար: «Դուք՝ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներդ, պիտի ըլլաք մեր պահանջատիրութեան յառաջիկայ փուլը առաջնորդողներն ու մարմնաւորողները. պիտի ըլլաք այն պայծառ լոյսը, որ պիտի լուսաւորէ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու յաջողութեան ճամբան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երիտասարդներուն պարգեւէ ուժ, արիութիւն, իմաստութիւն եւ համբերութիւն, որպէսզի դիմագրաւեն կեանքի մարտահրաւէրները, հետապնդեն իրենց երազներուն իրականացումը եւ ըլլան Աստուծոյ, ծնողներուն ու ազգին պատուաբեր զաւակները:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022