2012 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 23 Նոյեմբեր 2012

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերին, կ.ա. ժամը 11-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ ճաշկերոյթ մը (Christmas Boutique Luncheon) տեղի պիտի ունենայ Pandora ճաշարանին մէջ, Փասատինա։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ եւ կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ […]

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 15ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԹԵԼԵԹՈՆ

Հինգշաμթի, 22 Նոյեմμերին, Գոհաμանութեան տօնին օրը, տարիներու աւանդութեան համաձայն տեղի պիտի ունենայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրանի թելեթոնը։ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի օրերուն, Առաջնորդ Սրμազանը պիտի գտնուի Անթիլիասի Մայրավանքը, հետեւաμար, արձանագրած է պատգամ մը, որ պիտի պատկերասփռուի յայտագիրին ընթացքին։ Առաջնորդ Սրμազանը իր պատգամին մէջ իր օրհնութիւնները կը μաշխէ հայրենի ու արտերկրի ժողովուրդին ու μոլոր նուիրատուներուն, եւ կոչ […]

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ ՄԻՍԱՔ ԹՈՐԼԱՔԵԱՆԻ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ յուշահանդէս՝ ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի մահուան 44-րդ տարելիցին առիթով, հովանաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի, կազմակերպութեամբ Մոնթեպելլոյի Հ.Յ.Դ. »Դրօ« Կոմիտէին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաջնորդ Սրբազանը, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհն. Գամպուրեան, կուսակցական […]

»ՀԱՅԱՍՏԱՆ« ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ – ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳ. ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ ՈՒ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հայրենի ու տարասփիւռ հայութեան միասնութեան ու սերտ գործակցութեան գործնական մէկ արտայայտութիւնն է »Հայաստան« Համահայկական Հիմնադրամը, որ Ամերիկեան Գոհաբանութեան տօնին, պատկերասփռուած հանգանակային արշաւին առիթով՝ թելեթոնին ճամբով ի մի կը բերէ հայրենի ու արտերկրի հայութեան նուիրաբերող ձեռքերը եւ զանոնք կը դնէ ի սպաս Հայաստանին ու Արցախին։ Այս տարի, նուիրաբերումը ունի նաեւ այլ վսեմ նպատակ մը՝ Սուրիոյ հայութեան […]

Շաբաթական Լուրեր – 16 Նոյեմբեր 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲՍԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՒԱՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ ՄԻՍԱՔ ԹՈՐԼԱՔԵԱՆԻ Կիրակի, 18 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագի արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ Նկատի ունենաեով, որ այդ օրը նախատեսուած է […]

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 46ՐԴ-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

Գովելի սովորութիւն է տարեդարձները տօնախմբել հրապարակաւ եւ միասնական ճիգերով, նախ փառք տալու համար Աստուծոյ եւ ապա՝ յիշելու մեր ազգային աւանդներուն հաւատարիմ անձերու ճիգով իրագործուած նուաճումները: Տարեդարձները, անցեալին վրայ նետուած ակնարկներ ըլլալէ անդին, առիթ են ներկա՛ն կազմակերպելու եւ ապագա՛ն ծրագրելու՝ նոյն հաւատքով, նոյն տեսլականով եւ նոյն նուիրումով: Այս մտահոգութեամբ եւ գիտակցութեամբ ալ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ […]

Շաբաթական Լուրեր – 9 Նոյեմբեր 2012

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 46ՐԴ–ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պիտի տօնէ իր 46-ամեակը։ Այս առթիւ, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի. պիտի պատարագէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամ մը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Պատարագին իրենց […]

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԷՑ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԷՆ ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԱՅՑԼԵՑ

Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբերի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի այս օրերուն։ Հիւր Սրբազան հայրը վերջերս, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ առժամաբար նշանակուած է Վենեզուելլայի հայոց Հոգեւոր […]

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 49-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Շաբաթական Լուրեր – 2 Նոյեմբեր 2012

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 49ՐԴ–ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ Կիրակի, 4 Նոյեմբերին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ օծման 49-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագէն ետք, մատաղի օրհնութիւնը […]

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՔՆԱՐԿԵՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, որ կարճատեւ այցելութեան մը համար մեր Թեմը կը գտնուի։ Երկու Առաջնորդ Սրբազանները ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը։ Խորհրդակցութեան ու ծրագրումի նիւթերն էին միջ-թեմական հարցեր, Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներ, Մեծի Տանն […]

Շաբաթական Լուրեր – 26 Հոկտեմբեր 2012

ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 97-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱՅԻ ՄԷՋ Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին, Ուրֆայի Հերոսամարտի 97-րդ տարելիցին առիթով, եւ Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան խնդրանքով, Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Ուրֆայի Հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի ուղղէ իր […]

Շաբաթական Լուրեր – 19 Հոկտեմբեր 2012

ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ ՀՌՉԱԿՈՒՄ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովը կը յայտարարէ, թէ նկատի ունենալով՝ ա.- Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը, բ.- Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին եւ հետագային Քանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու, Լոս Անճելոս մնացած ըլլալը, գ.- Վերջերս Լոս Անճելոսի մէջ, Հայ Եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր […]

»ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ« ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ – ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԿԵԱՆԻ »ԱՆՄԱՀՆԵՐԸ« ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբերին, Ազգ. Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ արդարացուց մէկէ աւելի նպատակներ։ Ճաշկերոյթի հանդիպումը կոչուած էր առաւելաբար ծառայելու միտքի ճոխացման, տրուած ըլլալով, որ անիկա հիւսուած էր ուշագրաւ ու կոթողական հատորի մը ներկայացման շուրջ, կþիյնար Հայ Գիրքի Տարուան նուիրուած ձեռնարկներու […]

ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ ՀՌՉԱԿՈՒՄ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի

եծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովը կը յայտարարէ, թէ նկատի ունենալով՝ ա.- Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը, բ.- Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին եւ հետագային Քանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու, Լոս Անճելոս մնացած ըլլալը, գ.- Վերջերս Լոս Անճելոսի մէջ, Հայ Եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները, դ.- Զղջումնագիր […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022