2012 Լուրերու Արխիւ

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին միայն հոգեւորականներու, ժողովականութեան անդամներուն »սեփականութիւնը« չէ, այլ անիկա կը մարմնաւորուի ու կþապրի, կը յառաջդիմէ նաեւ իր բոլոր ծառայողներով, անոնք ըլլան դպրաց դասու անդամներ թէ կիրակնօրեայ դպրոցնի դաստիարակներ, առանց մտահան ընելու մեր ամբողջ ժողովուրդը, որ կը կենսաւորէ քարեղէն կառոյցը ու կþոգեղինացնէ զայն։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու դպրացն դասերու մէջ վաստակ ունեցողներուն՝ սարկաւագներուն գործը ընդհանրապէս […]

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ՝ ԲՐՇ. ԽԱՉԻԿ ՍՐԿ. ՇԱՆՆԱԳԵԱՆԻ

Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Կիրակի, 10 Յունիս 2012ին, ձեռամμ Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, μարեշնորհ Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի ստանայ։ Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այդ օրը տօնն է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածինի։ Ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի։ Շաμաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելուն յիշատակի […]

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային Յարաբերութեանց Յանձնաժողովի 51րդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ 9էն 16 Յունիսին, Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ։ Արեւմտեան մեր Թեմի նուիրեալ երիտասարդուհիներէն՝ Օր. Վանա Կիտցինեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ է յիշեալ խորհուրդին, պիտի մասնակցի այս ժողովին։ Համագումարը կը հիւրընկալէ Չինաստանի Քրիստոնէական Խորհուրդը։ Ժողովին գլխաւոր խորագիրն է »Հասկնալ Չինաստանը«։ Զեկուցումներու եւ քննարկելի […]

Շաբաթական Լուրեր – 8 Յունիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՕՄ–Ի «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ Երեքշաբթի, 5 Յունիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ու ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ CASPSԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով, Ազգ.buy fluoxetine online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/fluoxetine.html no prescription Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը կազմակերպած էր հանրային վարժարաններ յաճախող ու գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած հայ ուսանողներու ի պատիւ հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի »Կրէնթ« երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ։ 29 Մայիսին, CASPSը պատուած էր Կլենտէյլի վարժարաններու ուսանողները, իսկ Չորեքշաբթի, 6 Յունիսի երեկոյեան, գնահատանքի […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՕՄ-Ի »ՄԱՅՐ« ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 5 Յունիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ու ՀՕՄի Հոլիվուտի »Մայր« մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ ատենադպիր Տիար Մհեր Տէր […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ »ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ« ՀՕՄ-Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ ԱՄՍԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 5 Յունիսի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ »Արարատ Տան« Միշըն Հիլզի հաստատութեան մէջ կազմակերպուած ամսական ճաշի ընդունելութեան։ Աւանդաբար, Յունիս ամսուան ճաշը կը հովանաւորէ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը։ Նաեւ իրենց հովանաւորութեամբ ճաշին կը մասնակցէին ընտանիքներ, յարգելով յիշատակը իրենց հարազատներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. Վարչութեան […]

Շաբաթական Լուրեր – 1 Յունիս 202

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 3 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՃԱՇԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ Երեքշաբթի, 5 Յունիսի կէսօրին, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, տեղի պիտի ունենայ […]

CASPS ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 29 Մայիսի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի »Անուշ« ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հանրային Վարժարաններու հայ աշակերտներու դպրոցական կեանքին հետեւող Ազգ. Առաջնորդարանի CASPS յանձնախումբին կազմակերպած հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ յաջողակ հայ աշակերտներուն։ Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Կոմիտաս […]

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 27 Մայիսը տօնն է Հոգեգալստեան, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնի նախօրեակին։ Զոյգ տօներուն առիթով, Կիրակի, 27 Մայիսին Ս. Պատարագ եւ համապատասխան արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, յընթացս Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական Մաղթանք եւ Հայկական Եռագոյն […]

Շաբաթական Լուրեր – 25 Մայիս 2012

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Կիրակի, 27 Մայիսը տօնն է Հոգեգալստեան, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնի նախօրեակին։ Այս առթիւ, տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, յընթացս Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական Մաղթանք եւ Հայկական Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Շաբաթ 19 Մայիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի »Հիլթըն« պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին, յատուկ պատիւի ու յիշատակումի արժանացաւ »Հետք« համակարգչային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Էտիկ Պաղտասարեանը, Հայաստանի բնակչութեան կեանքին մէջ բարեփոխում իրագործելու իր գործին համար։ Անոր շնորհուեցաւ »Հրանդ Տինքի անուան Խօսքի Ազատութեան« մրցանակը։ Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 18 Մայիսի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեեղցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Ճորճ Չորպաճեան։ Լիբանանցի դիւանագէտին քաղաքավարական այցելութիւնը փոխադարձութիւն մըն էր […]

Շաբաթական Լուրեր – 18 Մայիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 20 Մայիսին, Երկրորդ Ծաղկազարդ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ՅԱՐՈՒԹ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԻ ԴԻՄՈՒՄՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄ Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային Վարչութիւնը […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ »ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ«Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱԶԳ. ԲԱՐԵՐԱՐ ՄԱՆԱՍ ՊՈՒՃԻՔԵԱՆԸ

Հայ Դատի թելեթոնի նախապատրաստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի »Ֆենիսիա« ճաշարանին մէջ, ուր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, »Կիլիկեան Ասպետ«ի շքանշանով պատուեց ազգային բարերար ու բազմամեայ գործիչ Մանաս Պուճիքեանը։ Հայ Դատի Յանձնախումբն ու »Ասպարէզ« օրաթերթի խմբագրութիւնը, […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022