2012 Լուրերու Արխիւ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Քրիստոնեայ աշխարհին համար, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնէն 40 օրեր ետք նշուող Համբարձման տօնը կþիմաստաւորուի բազմաթիւ խորհուրդներով ու կը յիշատակուի յատուկ արարողութեամբ ու տօնախմբութիւններով։ Իսկ հայերուս համար, այս տօնին կապուած են ազգային տոհմիկ աւանդութիւններ, որոնք միաձուլուած են այս տօնին կապուած արարողութիւններուն։ Հինգշաբթի, 17 Մայիսին, Համբարձման տօնը մեր Թեմին մէջ նշուեցաւ եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական տօնակատարութեամբ։ Կէսօրէ […]

ԱԶԳ. ԱՐԻ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն համար, Ազգային Առաջնորդարանը դարձած է ուխտավայր։ Տնօրէններու ու դաստիարակներու գլխաւորութեամբ, տարուան ընթացքին գոնէ անգամ մը աւարտական կամ այլ դասարաններու աշակերտներ խմբովին Ազգ. Առաջնորդարան կþայցելեն, որպէսզի ծանօթանան ազգային այս հաստատութեան կառոյցին ու գաղափար մը ունենան անոր բազմաճիւղ առաքելութեան մասին։ Այս ծիրին մէջ, Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 16 Մայիսի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Միութեան Հոգեւոր Հովիւ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի, եւ ընդունուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ներկայացուցիչները եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան […]

Շաբաթական Լուրեր – 11 Մայիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 13 Մայիսին, Մայրերու Օրուան տօնին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ Կը շնորհաւորենք հայ մայրերն ու մեծ մայրերը, բոլորին մաղթելով առողջութիւն, ուրախ օրեր եւ երկար կեանք։ *** ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 11 Մայիսի յետմիջօրէին, ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներւոն։ Վարչութեան ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու համար վերընտրութեան առիթով։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուին միութեան աշխատանքերուն ու ծրագիրներուն մասին, յատկապէս ուրախութեամբ անդրադառնալով երգչախումբի ելոյթներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց միութեան գործունէութիւնը եւ անոր […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ »ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ« ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորքեշաբթի, 9 Մայիսի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը »Նոր Ջուղայի Բարեկամներ« յանձնախումբի վարչութեան, որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ »Ն.Ջ.Բ. Յանձնախումբ«ը կը գործէ Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ։ Ողջունելով հիւր վարչականները, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան ու արտայայտուած բարեմաղթութեանց համար։ Հիւր վարչականները […]

Շաբաթական Լուրեր – 4 Մայիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 6 Մայիսը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող 4-րդ Կիրակին է։ Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս Կիրակի տօնն է  Ս. Խաչի Երեւման։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ

Շաբաթական Լուրեր – 27 Ապրիլ 2012

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՈՒ ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ինչպէս հաղորդած էինք, Թեմիս Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, իր 40րդ նստաշրջանին, հինգերորդ քառամեակի մը համար Առաջնորդ վերընտրած էր Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանն ու կատարած՝ Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան նոր կազմերուն ընտրութիւնը։ Ընտրութեանց արդիւնքը օրին փոխանցուեցաւ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ահաւասիկ դարձեալ համախմμուած ենք այս սրμազան յարկին տակ, 97րդ տարին ըլլալով խունկով ու աղօթքով խոնարհելու մեր μիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին, մեր յարգանքը ընծայելու անոնց՝ որոնք զոհ գացին Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ 1915էն 1923 տարիներուն գործադրութեան դրուած ցեղասպանութեան։ Հաւաքուած ենք վերահաստատելու մեր ուխտը, յայտարարելու՝ որ պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական աննահանջ պայքարը՝ ի խնդիր պատմական դառն ճշմարտութեանց, մեր իրաւունքներուն ճանաչումի, ի խնդիր արդարութեան, ի խնդիր […]

ՀԱՅԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԲՆԱՋՆՋՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ, ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը Երեքշաբթի, 24 Ապրիլին, իր ձայնն ու գործքը միացուց համայն աշխարհի հայութեան, յայտարարելու, որ չէ մոռցած Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր 1.5 միլիոն նահատակները, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ անհատոյց մնացող դարաւոր ոճիրն ու անոր բազում հետեւանքները, եւ վճռած է իր պայքարը շարունակելու, մինչեւ արդարութեան հաստատումը, մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչում ու մեր բոլոր պահանջներուն արդար հատուցում։ […]

ԲԱՐՁՐ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ

Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, որ իր 40րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 20 եւ Շաբաթ, 21 Ապրիլին, իր առաջին օրուան նիստերու աւարտին, հինգերորդ քառամեակի մը համար Առաջնորդ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը։ Ընտրութիւնը կատարուեցաւ միաձայնութեամբ։ Ժողովը քննարկելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան միամայ գործունէութիւնը, եւ այդ մասին »Յոյժ գնահատելի« բանաձեւ որդեգրեց։ […]

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – UCLAԻ »DREAM FUND« ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ 900,000 ՏՈԼԱՐԻ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ՝ ԹԵՄԻՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնն ու Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը այսու սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտարարեն, որ UCLAի յարկին տակ հաստատուած »Երազ Հիմնդրամ«ը (Dream Fund) 900,000 (ինը հարիւր հազար) տոլարի իշխանական յատկացում մը կատարեց Թեմիս Ազգային վարժարաններուն.- – Մեսրոպեան երկրդ. վարժարան -Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրդ. վարժարան եւ Մարի Գապայեան նախակրթարան […]

Շաբաթական Լուրեր – 20 Ապրիլ 2012

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 40-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ԱՊՐԻԼ 20-ԻՆ ԵՒ 21-ԻՆ Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 40-րդ նստաշրջանը բացուեցաւ Ուրբաթ, 20 Ապրիլին եւ կը շարունակուի Շաբաթ, 21 Ապրիլին, Ազգային Առաջնորդարանի  «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան։ Ժողովը կը քննարկէ Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան միամեայ գործունէութեան […]

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 40ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ – ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ.ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 40րդ ընթացիկ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 եւ Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2012ին, Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձւոթեան։ Ժողովը քննարկեց Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժոօղովին ու Ազգային Վարչութեան միամեայ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022