2013 Լուրերու Արխիւ

Ծերակուտական Հէրի Ռիտ Այցելեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հէրի Ռիտ եւ Տիկինը Երեքշաբթի, 26 Մարտի յետմիջօրէին այցելեցին Լաս Վեկասի նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Աւետիս Ա. Քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի եւ շինարարական յանձնախումբի անդամներ Տեարք Գօգօ Տարագճեանի, Լեւոն Կիւլպէնկեանի ու եկեղեցւոյ օծման յանձնախումբի անդամ Տիար Վրէժ Թասլաքեանի կողմէ։ […]

Աւագ Երեքշաբթիի Արարողութիւն

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՌԱԿԸ ՅՈՐԴՈՐ՝ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՒ ԱՐԹՈՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթին նուիրուած է Քրիստոսի Տասը Կուսանաց առակին։ Այս առիթով, մեր եկեղեցիներուն մէջ Երեքշաբթի երեկոյ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, վեր առնելու համար այս առակին խորհուրդը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Աւագ Երեքշաբթի, 26 Մարտի երեկոյեան, […]

Ծաղկազարդը Մեր Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ «ՈՎՍԱՆՆԱ»ՆԵՐՈՎ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Ինչպէս որ Քրիստոս Ծաղկազարդի օրը Երուսաղէմ յաղթական մուտք գործեց, թող այնպէս ալ մուտք գործէ մեր եկեղեցիներէն, մեր հոգիներէն ներս՝ զԻնք դիմաւորենք «Ովսաննա» աղաղակելով, եւ իր խաղաղութիւնը ընդունինք անհատական ու հաւաքական մեր կեանքերուն, մեր հոգիներուն մէջ, Իրմէ խնդրենք հաւատք ու խաղաղութիւն ի Հայաստան […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Յարութեան Պատգամը – 2013

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՒՂԻՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ Ս. Զատկուան Տօնը անգամ մը եւս իր հրաշալի խորհուրդով մեր հոգիները կը լեցնէ՝ Աստուածային օրհնութեամբ ցնծալու եւ Զինք փառաւորելու Իր մեծագոյն պարգեւին համար, զոր մեզի շնորհեց Ս. Զատկուան հրաշագեղ առաւօտուն, Իր Միածին Որդւոյն՝ մեր փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ։ Հրաշքներուն գերագոյնը, յաղթանակներուն մեծագոյնը՝ Ս. Յարութեան խորհուրդը մարդկութեան առջեւ […]

Շաբաթական Լուրեր – 22 Մարտ 2013

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ Կիրակի, 24 Մարտ 2013ը Ծաղկազարդ է, երբ քրիստոնեայ աշխարհին հետ Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Յիսուսի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը։ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ օրուան խորհուրդը պիտի փոխանցուի մեր հաւատացեալներուն։ Կիրակնօրեայի աշակերտներն ու մանուկները թափօր պիտի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետի Ներկայացուցիչ՝ Անկլիքան Եկեղեցւոյ Նորընտիր Առաջնորդի Գահակալութեան

Վատիկանի մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան արարողութեան ներկայ ըլլալէ ետք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 20 Մարտի երեկոյեան հասաւ Քէնթըրպըրի, Անգլիա, ուր Հինգշաբթի յետմիջօրէին ներկայ եղաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր առաջնորդին՝ Ճասթին Ուելպի Արքեպիսկոպոսի գահակալութեան արարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը այս արարողութեան մասնակցեցաւ իբրեւ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը Կը Շնորհաւորէ Ֆրանսիս Ա. Պապը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 19 Մարտին, Վատիկանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ, ներկայ եղաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան արարողութեան, Ս.buy clomid generic https://buynoprescriptionrxonline.com/clomid.html over the counter Պետրոսդ Տաճարի շրջափակին մէջ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կաթողիկոսութեան Էքիւմենիք բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան […]

Տօն Անուանակոչութեան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ

Մեր հաւատոյ հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին առիթով, Սան Ֆրնասիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Կիրակի, 17 Մարտին ապրեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ. Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ծխական շրջանը պատուեց ու մատուցեց Ս. Պատարագ, ապա նաեւ կատարեց մատաղօրհնէք։ Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցի ժամանեց Կիրակի առաւօտուն։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, Սրբազան […]

Փիլիպոս Վարժարանի Ը. եւ Թ. Դասարաններու Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարանի Հիւր

Իրենց կրտսեր ընկերներէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ ետք, Ազգային Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի 8րդ եւ 9րդ դասարաններու աշակերտները Ուրբաթ, 15 Մարտի առաւօտուն այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին Յանձնեց Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիրը

Շաբաթ, 16 Մարտի երեկոյեան, UCLA համալսարանի Հայկական Ամպիոնի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, պատուելու համար բազմավաստակ դասախօս ու հայկական Ցեղասպանութեան մասին ստուար աշխատանք տարած պատմագէտ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Փրոֆ. Յովհաննէսեանի պատմաբանասիրական գործունէութեան 50րդ տարեդարձին առիթով։ Ընկերակցութիւնը յարգելի պատմաբանը պատուեց «Նարեկացի» ոսկեայ շքանշանով։ Հանդիսութեան նախօրեակին, Ուրբաթ, 15 Մարտի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ […]

Շաբաթական Լուրեր – 15 Մարտ 2013

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ Շաբաթ, 16 Մարտը մեր հաւատոյ հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակի տօնն է։ Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 17 Մարտին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ […]

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Ժողով

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդներու Խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական, Ղըպտի Ուղղափառ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու, Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2013ին, իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Ղեւոնդ տաճարին մէջ, Պըրպէնք։  Աղօթքէ եւ կէսօրուան ճաշէն ետք, ժամը 1:00ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր՝ Գերշ. Տ. Եուճին Արք. Քափլան (Ասորի Ուղղափառ), Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպսկ. (Ղըպտի Ուղղափառ), հիւրընկալ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Մասնակցի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Քահանայապետ Ֆրանսիս Ա. Պապի եւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետի Գահակալութեան Արարողութեանց

Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 17 Մարտի երեկոյեան պիտի մեկնի Հռոմ, ուր յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երեքշաբթի, 19 Մարտին Վատիկանի մէջ ներկայ պիտի ըլլայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետ Ն.Ս. Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան արարողութեանց, Ս. Աթոռոյս պատուիրակութեան հետ միատեղ։ Առաջնորդ Սրբազանը […]

Թաւլեան Մանկամսուրի Աշակերտները Զուարթ Մթնոլորտ Պարգեւեցինի Ազգային Առաջնորդարանին

Չորեքշաբթի, 13 Մարտի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանը ապրեցաւ Ազգային Թաւլեան Մանկամսուրի դեռատի աշակերտներուն ստեղծած հաճելի ու զուարթ մթնոլորտը։ Արդարեւ, մանկամսուրի աշակերտները, իրենց դաստիարակներուն եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ուխտի եկան Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Այցելութիւնը մաս կը կազմէր ուխտագնացութեանց շարքի մը, որ պարբերաբար կը կատարուի ազգային վարժարաններու աշակերտներու կողմէ. […]

Հայ Որբերու Օժանդակութեան Ընկերակցութիւնը Յատկացում Կը Կատարէ «Թռչնոց Բոյն»ին

Հայ Որբերու Օժանդակութեան Ընկերակցութեան (SOAR) Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համանախագահ Տիկին Գոհար Մարտիրոսեան-Փելթըր կը հաղորդէ, որ բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ հաստատուած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Թռչնոց Բոյն» որբանոց-ուսումնարանը արձանագրած է նպաստընկալ հաստատութիւններու իր ցանկին վրայ եւ որոշ յատկացում տրամադրած է անոր։ Տիկին Գոհար Մարտիրոսեան-Փելթըր, մասնաճիւղի համանախագահ Օր. Թամար Արմենակի հետ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022