2013 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Նահատակաց Եկեղեւոյ Մէջ Հանդիսապետեց Արեւագալի Առաջին Արարողութեան

  Աւարտող շաբաթասկիզբին, եւ համաձայն մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին ու դարաւոր աւանդութեանց, սկսաւ Ս. Յարութեան տօնը կանխող քառասնօրեայ մեծ պահքի շրջանը։ Այս ու յառաջիկայ շաբաթներուն, մեր եկեղեցին կ՚ունենայ յատուկ արարողութիւններ՝ Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւնները։ Մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, տեղի կ՚ունենայ Արեւագալի արարողութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոներուն՝ Հսկումի արարողութիւն։ Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ […]

Ժագ Ս. Յակոբեանի Երկու Նոր Գիրքերուն Ողջունահանդէսը՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Չորեքշաբթի, 20 Փետրուարին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7ին, տեղի պիտի ունենայ բազմավաստակ բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն երկու հատորներուն ողջունահանդէսը։ «Ես Գիրք եմ հայերէն» եւ «Ողկոյզ» գիրքերը հրատարակուած են Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ, 2012ի վերջերուն, Հայ Գիրքի տարուան առիթով։ Ողջունահանդէսը կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Աշխէն Թագուհի» Շքանշանով Պատուեց Աննա Նշանեանը

Կիրակի, 10 Փետրուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ բազմավաստակ եւ տաղանդաւոր արուեստագէտ Աննա Նշանեանի գնահատանքի երեկոյին, որ կազմակերպուած էր ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին կողմէ եւ նուիրուած էր արուեստագէտին գործունէութեան 60ամեայ յոբելեանին, հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան։ Ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազանը, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին […]

Շաբաթական Լուրեր – 8 Փետրուար 2013

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 10 Փետրուարը Բուն Բարեկենդան է։ Երկուշաբթի կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։ Մեծ Պահոց շրջանը կանխող Բարեկենդանի տօնը մեր եկեղեցական ու ժողովրդական զուարթ տօներէն մէկն է։ Բուն Բարեկենդանին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. […]

Յատուկ Արարողութիւն Ս. Վարդանանց Տօնին Առիթով

ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՊԱՀՈՒՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ՀԱՒԱՏՔԻ ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄ Է ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Մեր եկեղեցւոյ ու ազգային տօներուն շարքին, Ս. Վարդանանց զորավարաց տօնը ունի իւրայատուկ եւ հիմնական տեղ ու կարեւորութիւն, որովհետեւ իրերայաջորդ սերունդներւոն կը յուշէ, թէ 451 թուականին, հայ ժողովուրդը, իր իշխանական ու հոգեւորական աւագանիով, զինուորով ու համեստ զաւակներով, միացեալ բռունցք դարձան եւ […]

Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանին Մէջ

Աւարտող շաբաթը տօնական շաբաթ մըն էր մեր ժողովուրդին համար, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին։ Մեր եկեղեցին, որ նոյնինքն մեր ժողովուրդն է, յիշատակեց քրիստոնեայ Հայաստանի կրօնական ազատութեան եւ ազգային դիմագիծի պահպանման ամէնէն նուիրական տօները, նուիրուած՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից նահատակութեան ու Ս. Վարդանանց հերոսամարտին։ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 5 Փետրուարի առաւօտեան, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ազգային Վահան […]

Շաբաթական Լուրեր – 1 Փետրուար 2013

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ՆԱԵՒ US ARMENIA ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ Ուրախ ենք յայտնելու, որ Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» յայտագիրը յառաջիկայ Կիրակի, 3 Փետրուար 2013էն սկսեալ, պիտի պատկերասփռուի նաեւ USArmenia պատկերասփիւռի կայանէն, առաւօտեան ժամը 9էն 10։ Այսպէսով, «Եկեղեցին Հայկական» յայտագիրը այսուհետեւ պիտի սփռուի արբանեակային միջոցներով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ […]

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Միացեալ Համագումար Մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայ Երեք Թեմերուն

Քրիստոնէական մեր հաւատքին հետ առնչուած գերագոյն տօներէն մէկը՝ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը այս տարի կը յիշատակուի Երեքշաբթի, 5 Փետրուարին։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը տօնն է հայ քահանաներուն, այս տօնը յատուկ յիշատակութեան կ՚արժանանայ նաեւ մեր Թեմին մէջ. ամէն տարի, տեղի կ՚ունենայ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած հոգեւորականաց համագումարը, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, իսկ երկու տարին անգամ մը, […]

Ազգային Առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» Յայտագիրը Նաեւ USArmenia Պատկերասփիւռի Կայանէն

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանի “Եկեղեցին Հայկական” յայտագիրը յառաջիկայ Կիրակի, 3 Փետրուար 2013էն սկսեալ, պիտի պատկերասփռուի նաեւ USArmenia պատկերասփիւռի կայանէն, առաւօտեան ժամը 9էն 10։ Այսպէսով, “Եկեղեցին Հայկական” յայտագիրը այսուհետեւ պիտի սփռուի արբանեակային միջոցներով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը գոհունակութիւն եւ գնահատանք կը յայտնեն USArmenia պատկերասփիւռի կայանի […]

Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՄԸՆ ԷՐ ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Յունուարի վերջին շաբաթավերջը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ։ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը, ըլլալով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, նշուեցաւ յատուկ շուքով եւ տօնախմբութեամբ. Կիրակի, 27 Յունուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. […]

Շաբաթական Լուրեր – 25 Յունուար 2013

ԳԵՐՇ. Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Կ՚ԸՆՏՐՈՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ԱԹՈՌԻ 97ՐԴ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութենէն տրուած պաշտօնական հաղորդագրութենէ մը կ՚իմանանք, թէ  երկօրեայ իր յատուկ ժողովի աւարտին, պատրիարքութեան միաբանութիւնը 97րդ պատրիարք ընտրած է Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը, որ կը վարէր Ս. Յակոբաց տաճարի Լուսարարապետի պաշտօնը, իսկ երանաշնորհ Թորգոմ Պատրիարքին կողմէ նշանակուած էր պատրիարքական փոխանորդ։ Ան կը […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 22 Յունուարի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանար հայրենի մասնագէտ բժիշկ Տոքթ. Անդրանիկ Մշեցեան, որ Հիմնադրամին հետ կը գործակցի Հայաստանի մէջ դարմանումի մասնագիտական աշխատանքներուն համար։ Հիւր վարչականները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Նոր Տարուան եւ Ս. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 22 Յունուարի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անդունեց այցելութիւնը «Վասպուրական» Հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք Ազգ.buy celexa online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/celexa.html no prescription Առաջնորդարան եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով։ Ներկայացուցիչները՝ ատենապետ Տիար Պետրոս Թովմասեան  եւ ատենադպրուհի Տիկին Հերմինէ Պօսթանեան Առաջնորդ Սրբազանին հաղորդեցին, թէ […]

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին Տօնեց իր 112րդ Տարեդարձը

Կիրակի, 20 Յունուար 2013ը պատմական եւ յիշատակելի օր մը եղաւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին համար, որ Ս. Պատարագով ու հանդիսաւոր ճաշկերոյթով տօնախմբեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութի կեանքին մէջ պատմական տեղ ունեցող՝ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 112րդ տարեդարձը։ Կիրակի առաւօտուն, Ֆրեզնոյի հաւատացեալ հայորդիները հաւաքուած էին Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]

Շաբաթական Լուրեր – 18 Յունուար 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԸ – ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 112-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի ըլլայ Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքին հետ, որ կը տօնակատարէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 112րդ տարեդարձը։ Կիրակի, 20 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022