2013 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 15 Նոյեմբեր 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ  ՔՈԼՈՐԱՏՈՅԻ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Քոլորատօ եւ Rocky Mountain-ի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին։ Առաջնորդ Սրբազանը Քոլորատօ կը հասնի Շաբաթ, 16 Նոյեմբերի յետմիջօրէին։ Նոյն օրը, երեկոյեան, Տէր եւ Տիկին Գալուստ եւ Արուսեակ Քրիստիանեանի բնակարանին մէջ, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի պիտի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Յունահայ Գաղութի Ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանը

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի կէսօրէ առաջ, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Յունաստանի մեր գաղութի նուիրեալ ազգայիններէն՝ բազմամեայ դաստիարակ, մամլոյ աշխատակից եւ ազգային գործիչ Տիար Միհրան Քիւրտօղլեան, ընկերակցութեամբ իր ազնիւ Տիկնոջ՝ Զարմինէին։ Հանդիպումին ներայ եղաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, որ Քիւրտօղլեան ընտանիքին սերտ բարեկամներէն է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ 50 Ամեակի Ճաշկերոյթ-Տօնակատարութիւն

– ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԲԱՐՁՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ Ս. ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ  – ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՂԱԶԱՐՈՍ ԵՒ ՊԷԹԻ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆՆԵՐՈՒ  – ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՏԻԱՐ ՃՈՐՃ ԹԻԹԻԶԵԱՆԻ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՌՈԻԶԱՆՆԱ ԹՐՄՐԵԱՆԻ Գէորգ Պետիկեան Հովիտի Սրբոց Նահատակաց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որ կէս դար առաջ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի տարեգրութեան մէջ գեղեցիկ էջ մը արձանագրած էր, այս օրերուն պաշտօնապէս տօնախմբեց իր օծման […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մի Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Միհրան Շիմշիրեանի, Վիգէն Դաւիթեանի եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեանի։ Հանդիպումը անմիջականօրէն տեղի կ՚ունենար Տիար Մ. Շիմշիրեանի (Լիբանանէն) Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, սակայն նաեւ կ՚իյնար Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչներու հետ Առաջնորդ Սրբազանին հետեւողական հաղորդակցութիւններու ծիրին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Տիար Միհրան […]

Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Ուսուցիչներու Միօրեայ Սեմինարի Բացումը

Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին, ուսուցիչներու վերապատրաստութեան տարեկան միօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ Ֆերահեան ազգային վարժարանի համալիրին մէջ, Էնսինօ։ Համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 450 ուսուցիչներ։ Բացման խօսքը արտասանեց Խնամակալ Մարմինի համա-ատենապետ Տիկին Մակի Սարգունի. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան՝ մեր կրթական համակարգին հետեւողական զօրակցութեան համար, […]

Շաբաթական Լուրեր – 8 Նոյեմբեր 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ           Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2013-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ՄԱՐՈՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԻԼԻԱՍ ԶԷՅՏԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերի […]

Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Տրդատ Թագաւոր» Շքանշանով Պատուեց Հարմիկ Յակոբեանը

Հմուտ ճարտարապետ եւ ազգային գործիչ Հարմիկ Յակոբեանի «Կեանքիս Էջերից» յուշագրական երկրորդ հատորին ողջունահանդէսը, Ուրբաթ, 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, վերածուեցաւ մեծարանքի երեկոյի մը, երբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, անակնկալ մը ընելով, զայն պարգեւատրեց Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ Թագաւոր» շքանշանով։ Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Իրանահայ Միութեան կողմէ եւ տեղի ունեցաւ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Պէյրութի Հայկացեան Համալսարանի Տնօրէն Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի Այցելութիւնը

Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի տնօրէն Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբերի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Յարգելի հիւրին կ՚ընկերանար Հայկազեան Համալսարանի հոգաբարձու խորհուրդի երկարամեայ վաստակաւորներէն եւ Հայ Աւետ. համայնքի նուիրեալ ծառայողներէն Տոքթ. Հրայր Ահարոնեան։ Նկատի ունենալով, որ Առաջնորդ Սրբազանին եւ հիւրերուն […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Մատաղօրհնէք եւ Ձեռնադրութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 50-Ամեակին Առթիւ

Մեր ժողովուրդը, իր լայն ու նեղ օրերուն, իր տառապանքի, հալածանքի կամ հանգիստ պայմաններուն, իր հոգիին ու մտքին մէջ ամրօրէն պահած է իր մեծ հաւատքը ու այս ձեւով հիմնած է իր հաւատքի տունը՝ եկեղեցի, եւ փորձած է սերունդէ սերունդ զայն հաստատօրէն փոխանցել իր յաջորդներուն: Ուստի, մեզի համար մեր եկեղեցին, իր գեղեցիկ եւ միաժամանակ խորհրդաւոր ու անզուգական […]

Մարոնի Համայնքի Նորընտիր Առաջնորդ Իլիաս Զէյտան Եպիսկոպոսի Ի Պատիւ Ձեռնարկ

Շաբաթ, 2 Նոյեմբերի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Our Lady of Mt. Lebanon – St. Peter Cathedral-ի, մեծարանքի ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Beverly Wilshire պանդոկին մէջ, ի պատիւ Մարոնի համայնքի նորընտիր առաջնորդ նորօծ Իլիաս Զէյտան Եպիսկոպոսի։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորութեան մաղթանքներն ու օրհնութեան խօսքը։ Այս առիթով,  Առաջնորդ Սրբազանը հայկական ձեռաց խաչ մը նուիրեց […]

Շաբաթական Լուրեր -1 Նոյեմբեր 2013

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին պիտի տօնէ իր ոսկեայ յոբելեանը։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ հաւատացեալներուն։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը […]

Հայ Մօր Տարուան Ազգ. Առաջնորդարանի Տօնակատարութեան Առիթով

ԴՈԿՏ. Ա. ԴՈՒՐԵԱՆ.- ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ՊԱՐԳԵՒ Է ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ.- ԱՊԱԳԱՆ, ՆԱԵ՛Ւ ՆԵՐԿԱՆ ՀԱՅ ՄՕՐ ՁԵՌՔՆ Է Ոեւէ հայ մայր, նաեւ՝ հայ մօր առաքինութեանց ու դերին ծանօթ ոեւէ հայորդի բաժնեկից է այն հպարտութեան ու բարի զգացումներուն, որոնք արտայայտուեցան Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հայ Մօր Տարուան առիթով Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, ձեռնարկ […]

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց

Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, ՀՕՄ-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները։ Հիւր Պատրիարքին կ՚ընկերանային Երուսաղէմի Ս. Յակոբ Վանքի միաբանութենէն […]

Ազգ. Առաջնորդարանի «Հայ Մօր Տարուան» Նուիրուած Դասախօսական Ճաշկերոյթին

ԶՕՐ. ԱՂԱԲԷԿԵԱՆ.- ԶԱՒԱԿ ԾՆՈՂ ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ԳԻՏԱԿԻՑ Է, ՈՐ ՈՐԴԻՆ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՏԻԿԻՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ.- ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ԿԸ ԶԱՏՈՐՈՇՈՒԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԻ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ.- ԱԶԳԻ ԱՊԱԳԱՆ ՀԱՅ ՄՕՐ ՁԵՌՔՆ Է «Հայ Մօր Տարուան» առիթով, այս տարուան ընթացքին իր կազմակերպած դասախօսական եւ այլ ձեռնարկներուն շարքին, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին […]

Շաբաթական Լուրեր – 25 Հոկտեմբեր 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2013-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ Համազգայինի 85-ամեակին առիթով, 17էն 20 Հոկտեմբերին, թատերական […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022