2013 Լուրերու Արխիւ

«Հայ Մօր Տարուան» Առիթով Հանդիսութիւն Ազգ. Առաջնորհարանի Յարկին Տակ

Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կան արժէքներ, որոնք իւրայատուկ կարեւորութիւն կը զգենուն անհատներու եւ հաւաքականութեանց համար։ Այդ արժէքներէն մէկն է մայրը, որ առաջիններու շարքին առաջնահերթութիւն կը վայելէ թէ՛ անհատ մանուկին ու երիտասարդին եւ թէ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար. մայր հասկացութիւնը խորհրդանիշ է ու հոմանիշ՝ հոգածութեան, գուրգուրանքի, հոգատարութեան, զոհաբերութեան եւ դեռ, շատ ու շատ ազնիւ յատկանիշներու։ Պատահական […]

Արցախի Փոխ Վարչապետ Արթիւր Աղաբեկեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի այս տարուան Թելեթոնի նախօրեակին Լոս Անճեըս իր այցելութեան առիթով, Արցախի փոխ վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբեկեան Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեանի եւ գործադիր տնօրէն Տիար Սարգիս Գոթանճեանի, եւ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին […]

Ազգ. Առաջնորդարանը «Սարգիս Պօղոսեան Հիմնադրամ»ի Հասոյթէն Նոր Յատկացումներ կը Կատարէ Ազգ. Վարժարաններուն

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանն ու  Ազգ. Վարչութիւնը այսու գոհունակութեամբ կը յայտնեն մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած՝ «Սարգիս Պօղոսեան Հիմնադրամ»ի հասոյթէն 2013-2014 տարեշրջանին համար հազարական տոլարի յատկացում կատարուեցաւ Ազգային Վարժարաններուն եւ Ֆրէզնոյի Չարլըզ Քէյեան Համագաղութային վարժարանին։ Այս հիմադրամը հաստատուած է հանգուցեալ բարերար Սարգիս Պօղոսեանի կողմէ ի յիշատակ իր […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան Անդամներու Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց ՀՕՄ-ի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Լենա Պոզոյեանի, եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։ ՀՕՄական վարչականները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը խնդրելու իրենց յառաջիկայ աշխատանքներու յաջողութեան համար։ […]

Յանուն Վեհափառ Հայրապետին Առաջնորդ Սրբազանը Պարգեւատրեց Վաստակաւոր Խմբագիր Սերժ Սամոնեանցը

Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի 105ամեակի տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ հայ մամուլի եւ մշակոյթի բազմահարիւր բարեկամներու եւ զօրակիցներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան եւ իր օրհնութեան ու շնորհաւորանքի խօսքը փոխանցեց այս առիթով։ Ներկայ եղան նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց «Ասպարէզ»ի աւելի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Վաստակաշատ Հայուհի Ժասիկ Ճառահեանը Պատուեց «Ս. Աշխէն Թագուհի» Շքանշանով

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղը Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հանդիսաւորապէս տօնակատարեց իր հիմնադրութեան 35-րդ տարեդարձը, որ առիթ մը եղաւ Կլենտէյլի մէջ հաստատուած այս միաւորին մարզական, դաստիարակչական եւ սերնդակերտ գործունէութիւնը գնահատելու եւ նորանոր նուաճումներու մաղթանքներու փոխանցման։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ «Հայաստան» Հիմնադրամի 2013ի Նշանակին Հրապարակման Ձեռնարկին

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, հրապարակելու համար Հիմնադրամի 2013ի հանգանակային արշաւին՝ Թելեթոնին նշանակը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի յարկին տակ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ՚ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին «Հայաստան» հիմնադրամի պատասխանատուներ, […]

Շաբաթական Լուրեր – 18 Հոկտեմբեր 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2013-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀԷՆՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Անուան Թատերախումբի Անդամներուն Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսդեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի անդամներուն, գլխաւորութեամբ Վարդան Մկրտչեանի. անոնք Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով Լոս Անճելըս ժամանած են, թատերական ներկայացումներու համար։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Հայրենի արուեստագէտներուն կ՚ընկերանային Շրջանային Վարչութեան […]

Ս. Թարգմանչաց Տօնին եւ Հայ Մշակոյթի Ամսուան Նուիրուած Տօնախմբութիւն

Հոկտեմբեր ամիսը հայ կրօնա-ազգային կեանքէն ներս իւրայատուկ է, որպէս հայ մշակոյթի ու պատկանելիութեան պահպանումը խորհրդանշող ամիս։ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը, որ կը յիշատակուի Հոկտեմբերին, այս տարի եւս համայն հայութեան համար եղաւ յուշարար մը, որ հինգերորդ դարը մեր պատմութեան ու մշակոյթին մէջ եղած է Ոսկեդար։ Թարգմանիչ հայրերը, գլխաւորութեամբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետին ու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետին, մեր […]

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Տեսուչներու եւ Ուսուցիչներու Միօրեայ Համագումար

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմինը, նկատի ունենալով Թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու անմիջական կարիքները, վերամուտի առիթով անհրաժեշտ նկատած էին տեսուչներն ու ուսուցիչները հրաւիրել համագումարի մը, որ գեղեցիկ աւանդութեան մը վերածուած է եւ որուն նպատակն էր դաստիարակներուն անդրադարձնել 21րդ դարու զանազան մարտահրաւէրները, որոնք աշակերտներու ամէնօրեայ կեանքին մէջ իրողութիւն են։ Միօրեայ […]

Շաբաթական Լուրեր – 11 Հոկտեմբեր 2013

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄՍՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ ՄԷՋ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ Մշաթոյթի Ամսուան առիթով, Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանի աշակերտները ներկայ պիտի ըլլան […]

Հայ Մօր Տարուան Նուիրուած Հանդիսութիւն Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Հայ Մօր Տարուան նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը կազմակերպած է Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, կ.ա. ժամը 11։30-ին։ Դասախօսն է իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, նիւթ ունենալով «Հայ Մօր Դերը Ընկերութեան մէջ»։ Իսկ Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, Հայ Մօր Տարուան հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի։ Ներկայ եղաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահան Պզտիկեան։ Գլխաւոր հիւպատոսը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրելու հիւպատոսարանին կողմէ 4 Դեկտեմբերին կազմակերպուած հանդիպումի մը, որուն պիտի հրաւիրուին […]

Շաբաթական Լուրեր – 4 Հոկտեմբեր 2013

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022