2013 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 31 Մայիս 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 2 Յունիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Նորթ Անտովըրի (Մէսէչուսէթց) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պէտուրեան։ *** […]

Գլխաւոր Հիւպատոսին եւ Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը Թիւֆէնքեան Մանկամսուր

Չորեքշաբթի, Մայիս 29ի առաւօտուն, Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգ. մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեանի հրաւէրով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելութիւն մը տուաւ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրին, միանալու Լոս Անճելըսի մօտ գլխաւոր Հիւպատոս մեծարգոյ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանին, որ յատուկ հրաւէրով առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէր Մանկամսուր։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանար Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւներէն Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին […]

Տիար Առաքել Եափուճեանի Նուէրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, Մայիս 30-ի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց Թեմիս ազգայիններէն Տեարք Առաքել Եափուճեանի ու Եզնիկ Գազանճեանի այցելութիւնը։ Տիար Եափուճեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետի գծանկարին մանրապատկերը փոխանցեց Սրբազան Հօր։ Գծանկարին 4 x 5 ոտք մեծադիր բնօրինակը Տիար Եափուճեանի իւղաներկ վրձինին արդիւնքն էր, որ Նորին Սուրբ Օծութեան օծման 18րդ տարեդարձին առթիւ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին Տիար […]

Յուշ Երեկոյ Երանաշնորհ Տ.Տ. Զարեհ Ա. եւ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսներու Անթառամ Յիշատակին

Հայրենիք եւ մական կորսնցուցած, Կիլիկիոյ կաթողիկոսանիստ Սիս մայրաքաղաքէն հարիւրաւոր մղոններով հեռու, Լիբանանի ծովեզերեայ Անթիլիաս աւանին մէջ նոր կայք հաստատած,  Կիլիկիոյ դարաւոր պատմական  Ս. Աթոռը հրաշալիօրէն վերընձիւղեցաւ, շնորհիւ տեսլապաշտ եւ անձնդիր եռամեծար մեր հայրապետներուն, որոնք իրենց ճշմարիտ եւ անձնազոհ հովուապետի նուիրեալ առաքինութիւններով, ո՛չ միայն տէր կանգնեցան իրենց բանաւոր հօտին, այլեւ հայրենանուէր, եկեղեցաշէն ու բազմաբնոյթ ազգօգուտ ծառայութիւններով, […]

Շաբաթական Լուրեր – 24 Մայիս 2013

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Երեքշաբթի, 28 Մայիսը, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անկախութեան 95րդ տարեդարձն է։ Կիրակի, 26 Մայիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անկախութեան տօնին առթիւ Հանրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի  նախագահէ […]

Սրբանկարներու Օծում եւ «Վերապրած Հայ Մօր» Յուշարձանի Բացում Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

  Կիրակի, 19 Մայիսի առաւօտեան, թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ բարեշնորհ Մարք Սրկ. Շիրինին, ժամանեց Լաս Վեկասի Ս. կարապետ Եկեղեցի, կատարելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրբանկարներուն օծումը եւ Վերապրող Հայ Մօր նուիրուած յուշարձանին բացումը։ Առաւօտուն ժամը 11։00ին սկիզբ առաւ Ս. Պատարագը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տ. Աւետիս […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Վերահրատարակեց Կարօ Պետրոսեանի «Հայց. Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Ազգ. Աւանդութիւններ» Հատորը

Ուրախ ենք յայտնելու մեր ընթերցասէր հասարակութեան, որ Ազգային Առաջնորդարանս լոյս ընծայեց բազմավաստակ դաստիարակ եւ ծանօթ մտաւորական Կարօ Պետրոսեանի «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Ազգային Աւանդութիւններ»  հատորը, ճոխացած բովանդակութեամբ եւ հարստացած լուսանկարներով։ Օգտաշատ հատորը լոյս տեսած էր 20 տարի առաջ եւ սպառած էր։ Հեղինակին հետ գործակցաբար, հատորին բովանդակութիւնը ճոխացաւ նոր նիւթերով ու գլուխներով, ինչպէս նաեւ օգտագործուեցան նոր […]

«Լուսաւորիչ» Երգչախումբը Մասնակցեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աղօթքի Օրուան

Շաբաթ, 18 Մայիսին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու 6-րդ տարեկան «Օրթոտոքս Փառաբանութեան Օր» հաւաքը։ Տարեկան հերթականութեամբ տեղի ունեցող այս հաւաքը կը մէկտեղէ Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր Առաջնորդներն ու հոգեւորականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արարողութեանց կը մասնակցի իր լեզուով։ Մասնակիցներն են Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Ղըպտիները, Ասորիները, Ռուսական, Սերպիոյ, Անտիոքի, […]

Շաբաթական Լուրեր – 17 Մայիս 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՕԾՈՒՄԸ Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 19 Մայիսին պիտի գտնուի Լաս Վեկաս, ուր Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ նորակերտ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ  մէջ եւ պիտի կատարէ նոր սրբապատկերներուն օծումը։ Ինչպէս ծանօթ է, Առաջնորդ Սրբազանը Ապրիլ 13-14 շաբաթավերջին Լաս Վեկաս կը գտնուէր, ուր կատարեց նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը։ Նոյն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Արցախի «Նոր Կիլիկիա» Գիւղի Նոր Բնակարաններու Օրհնութեան եւ Յանձնումի Արարողութեան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 15 Մայիսին Լոս Անճելըս վերադարձաւ Հայաստան եւ Արցախ ուղեւորութենէ մը, որուն ընթացքին, Ս. Էջմիածինի մէջ մասնակցեցաւ երկու կաթողիկոսութեանց Սրբադասման Յանձնախումբի ժողովին, ապա նաեւ ներկայ եղաւ Արցախի «Նոր Կիլիկիա» գիւղի նորաշէն բնակարաններու բացման հանդիսութեան։ Ծանօթ է որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, բոլոր Թեմերուն եւ Արցախի պետութեան հետ […]

Մեսրոպեան եւ Մինասեան Վարժարաններու Աշակերտերը Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 16 Մայիսի կէսօրուան մօտ, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան եւ Օրէնճ Քաունթիի Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարաններու հինգերորդ կարգի աշակերտները, եւ իբրեւ մանուկ ու պատանի ուխտաւորներ, հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ եւ Արժ.buy temovate online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/temovate.html no prescription […]

Յուշ Երեկոյ՝ Հոգելոյս Տ.Տ. Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսներու Յիշատակին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր հովանին վայելող Թեմերը այս տարի յատուկ շուքով կը յիշատակեն երանաշնորհ Տ.Տ. Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսներու վախճանման 50րդ եւ 30րդ տարեդարձները։ Անթիլիասի մէջ թէ Թեմերու՝ կը կազմակերպուին յիշատակի հանդիսութիւններ, որոնք առիթ կը ծառայեն լուսարձակի տակ բերելու երկու երախտաշատ հայրապետներուն դերն ու ներդրումը՝ սփիւռքացած հայութեան վերակենսաւորման եւ Ս. Աթոռի […]

Շաբաթական Լուրեր – 10 Մայիս 2013

ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ.Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ԵՒ ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր հովանին վայելող Թեմերը այս տարի յատուկ շուքով կը յիշատակեն երանաշնորհ Տ.Տ. Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսներու վախճանման 50րդ եւ 30րդ տարեդարձները։ Անթիլիասի մէջ թէ Թեմերու՝ կը կազմակերպուին յիշատակի հանդիսութիւններ, որոնք առիթ կը ծառայեն լուսարձակի տակ բերելու երկու […]

Սրբադասման Յանձնախումբի Ժողով Ս. Էջմիածինի Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Հայաստան, Ս. Էջմիածինի յարկին տակ մասնակցելու համար Սրբադասման յանձնախումբի ժողովներուն։ Նկատի ունենալով, որ 16րդ դարէն ի վեր մեր եկեղեցին սրբադասում չէ կատարած, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնները կազմած են բարձրաստճան հոգեւորականներէ յանձնախումբ մը, որ կը քննարկէ այս հարցը, ճշդելու համար սրբադասումի […]

Ս. Պատարագ եւ Աւանդական Ճաշկերոյթ Համբարձման Տօնին Առիթով

Հինգշաբթի, 9 Մայիսը Համբարձման տօնն էր։ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութենէն 40 օր ետք, Աստուածորդին երկինք համբարձաւ, հաւատացեալ մարդկութեան թողելով անժամանցելի պատգամ մը եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Համբարձման տօնը քրիստոնեայ աշխարհին համար նուիրական օր է եւ կը յիշատակուի յատուկ արարողութիւններով։ Մեր Թեմին մէջ եւս, Համբարձման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, ապա նաեւ զուարթ ճաշկերոյթ։ Կլենտէյլի […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022