2014 Լուրերու Արխիւ
Թաւլեան Մանկամսուրը Իր Վերամուտը Ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին Օրհնութեամբ
Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուրը ուսումնական 2014-2015 տարեշրջանի պաշտօնական իր վերամուտը ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2014ի առաւօտուն, վայելելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայութիւնն ու օրհնութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամներ, Ազգային […]
Առաջնորդ Սրբազանը Իր Զօրակցութիւն կը Յայտնէ Լիբանանի Բանակին
Շաբաթ, 23 Օգոստոսի 2014ն, Ամերիկացի Տիւրզիներու Ընկերակցութեան Իկըլ Ռաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի բանակին զօրակցութեան հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հիւպատոսարանին: Ձեռնարկի աւարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Լիբանանի բանակին իր զօրակցութիւնը արտայայտեց Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի եւ Լիբանանցի հայրենակիցներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հիւպատոսարանի խորհրդատու յանձնախումբի անդամներ Տեարք […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Սպահանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի Այցելութիւնը
Չորեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2014ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սպահանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի, որ անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս ժամանած է: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու երկու Թեմերը յուզող հարցերու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուող խնդիրներու մասին: Յիշեցնենք, որ երկու […]
Ազգ. Առաջնորդարանը Լոյն Ընծայեց Ժագ Ս. Յակոբեանի Նորագոյն Հատորը՝ “Գոյնզգոյն”
Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ, այս շաբաթ լոյս տեսաւ վաստակաշատ ու տաղանդաւոր բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը, որ կը կրէ “Գոյնզգոյն…” խորագիրը: Այս հատորը մաս կը կազմէ Տարեցներու Տարուան նուիրուած հրատարակութիւններուն շարքին: Բանաստեղծին գրութիւններու շարքն ալ կը սկսի Սփիւռքահայութեան տարեցներուն նուիրուած յարգանքի խօսքով մը: Հատորին բովանդակութիւնը կ’արտացոլայ խորագիրին մէջ: 192 էջերու վրայ տարածուող հատորը […]
Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Պահը Բոլորեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Ընտանիքին Հետ
Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2014ը Ազգային Վարժարաններու վերամուտի օրն էր: Դաստիարակներ ու աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրեց ծնողներուն, ամառնային արձակուրդէ ետք վերադարձան հայկական վարժարանի հոգիներ ջերմացնող եւ միտքեր լուսաւորող օճախը, կերտելու համար ուսումնական նոր տարեշրջան մը, որուն ընթացքին ազգովին պիտի նշենք Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Ինչպէս բարի աւանդութիւն դարձած է՝ վերամուտը տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութեամբ եւ աղօթքով: Մեր հոգեւոր հայրերը […]
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Աոիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 17 Օգոստոս 2014ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն, հաւատացեալներուն հոգիները պարուրելով օրուան խորհուրդով ու տօնական օրուան ցնծութեամբ: Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Այս առիթով, եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]
Շաբաթական Լուրեր – 15 Օգոստոս 2014
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 17 Օգոստոս 2014ը Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնն է, մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն չորրորդը։ Այս առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, ապա նաեւ տեղի պիտի ունենան անդաստանի եւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնները։ Աստուածածնայ տօնը նաեւ տօնն […]
Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առթիւ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Adventist Հիւանդանոցին Մէջ
Համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 13 Օգոստոսի առաւօտուն այցելեց Կլենտէյլի Adventist հիւանդանոցը եւ խաղողօրհնէք կատարեց հիւանդանոցի մատրան մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան: Հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Նոր Տնօրէնուհիին Այցելութիւնը
Երեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2014ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի պաշտօնաւարտ եւ նոր նշանակեալ տնօրէններուն՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեանի եւ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի այցելութիւնը: Տիար Վ. Մատէնլեան պաշտօնապէս Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուց նոր տնօրէնուհին, որ արդէն ստանձնած է իր պաշտօնը: Հանդիպումը անցաւ […]
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը Առաջնորդ Սրբազանին Յանձնեց “2014ի Մարդասիրական Իրագործումներու Պարգեւ”ը
Իր հիմնադրութեան 15րդ տարեդարձին առիթով, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը Կիրակի, 10 Օգոստոս 2014ի երեկոյեան կազմակերպած էր հանդիսաւոր ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին պարգեւներու արժանացուց մեր ժողովուրդին ազնիւ ծառայութեան լծուած անձնաւորութիւններ: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, արժանացաւ “2014ի Մարդասիրական Իրագործումներու Պարգեւ”ին: Հանդիսաւոր ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի “Հիլթըն” պանդոկի սրահին մէջ: […]
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան Կ’այցելէ Մեր Թեմը
Չորեքշաբթի, 30 Յուլիսին Լոս Անճելըս ժամանեց Յունաստանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ: Հիւր Առաջնորդ Սրբազանը յետմիջօրէին հասաւ Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Երկու հոգեւոր Առաջնորդները խորհրդակցութիւն ունեցան զոյգ Թեմերը յուզող հարցերու շուրջ: Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, […]
Ազգ. Առաջնորդարանը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի Ժողովը
Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մեր գաղութի միացեալ մարմինը (SARF) Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2014ի երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին: Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով կատարեց նիստին բացումը, “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ: Ան ողջունեց մարմինին անդամները եւ գնահատանքով […]
Քրիստոսի Այլակերպութեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ – Յատուկ Աղօթք Լիզպոնի 5 Նահատակներու Յիշատակին
Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, որ ծանօթ է նաեւ Վարդավառ անունով, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է։ Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով եւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով նշեց Վարդավառի տօնը։ Հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Խորանին սպասարկեցին […]
Շաբաթական Լուրեր – 25 Յուլիս 2014
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 27 Յուլիսը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է։ Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ 27 Յուլիս 2014ը նաեւ 31-րդ տարելիցն է Լիզպոնի […]