2014 Լուրերու Արխիւ
Ասմունքի Մրցանակաւորներու Գնահատում եւ Մրցանակաբաշխութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Ինչպէս ծանօթ է, Շաբաթ, 10 Մայիս 2014ին, հովանաւորութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանին, համագործակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան, եւ կազմակերպութեամբ Ազգ.buy temovate online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/temovate.html no prescription Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, “Աւան Շուշի Փլազա” Հիւրանոցի Տնօրէնութեան, “Ասպարէզ” օրաթերթի եւ “Հորիզոն” պատկերասփիւռի ընկերութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու ասմունքի համահայկական առաջին […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ողջունէ Հայ Դատի Յանձնախումբին “Շնորհակալ Ենք, Ամերիկա” Նախաձեռնութիւնը
Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2014ի յետմիջօրէին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին մանրամասն լուսաբանութիւններ տալու Near East Reliefին շնորհակալութեան արտայայտութեան իրենց նախաձեռնութեան մասին. նախաձեռնութիւնը կը կրէ “Շնորհակալ ենք, Ամերիկա. Երախտագիտութիւն Near East Reliefին” նշանաբանը։ Այցելուներն էին Հայ […]
“Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” Մատրան Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք
Կիրակի, 20 Յուլիս 2014 թուականը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ: Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Ազգ. Առաջնորդարանի “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” Մատրան […]
“Յարութ Պարսամեան Ուսանողական Կրթաթոշակ”ի Դիմումնագիրներու Ընդունում
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնը եւ “Յարութ Պարսամեան Կրթական Ֆոնտ”ի Յանձնախումբը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2014-2015 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունուին “Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ”ին համար։ Հիմնադրամը հաստատուած է Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ, աջակցելու համար հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի […]
Ազգ. Առաջնորդարանը Լոյս Ընծայեց “Ձօն Հայ Մայրերու” Հատորը
Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը 2013 տարին նուիրած էր Հայ Մօր: Այս առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանի ձեռնարկած հրատարակութիւններէն նորագոյնը լոյս տեսաւ վերջերս եւ կը կրէ “Ձօն Հայ Մօր” խորագիրը: 104 մեծադիր էջերով այս հատորը գեղարուեստական գրութիւններու հաւաքածոյ մըն է, մէկտեղուած՝ բազմավաստակ դաստիարակ Սարգիս Փանոսեանի կողմէ: Ան հաւաքած է հայ մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր, որոնք […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կը Հետեւի Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ու Մշակութային Կեդրոնի Ծրագիրներու Վերջին Փուլին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Չորեքշաբթի, 9 եւ Հինգշաբթի 10 Յուլիսին այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկաս եւ հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի ու ծխական յանձնախումբի անդամներու հետ, հետեւելու համար Եկեղեցւոյ ու յարակից կառոյցներու շինարարական ու բարեզարդման աշխատանքներուն: Չորեքշաբթի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը ծխական համայնքի նոր սեփականութիւնը […]
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային Ամառնային Դպրոցը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 8 Յուլիս 2014-ին այցելութիւն մը տուաւ Փասատինայի Ս.buy apcalis oral jelly online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/apcalis-oral-jelly.html no prescription Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային դպրոցը եւ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն: Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած է այս դասընթացքը, որ սկսած էր 16 Յունիսին եւ կþերկարի չորս […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նոր Պատրիարքին Ի Պատիւ Ընդունելութեան
Երկուշաբթի, 7 Յուլիս 2014ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Իգնատիոս Աֆրամ Բ.-ին, որ իր գահակալ ընտրութենէն ետք անդրանիկ այցելութիւնը կու տար Լոս Անճելըս։ Ընդառաջելով Գերշ. Տ. Եուճին Արք. Քափլանի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ մեծառանքի ճաշկերոյթին […]
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան Խաղերու Փակման Հանդիսութիւն
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը։ Շաբաթ, 5 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան ու տողանցքին եւ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։ Ողջունելէ ետք […]
Շաբաթական Լուրեր – 4 Յուլիս 2014
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 6 Յուլիս, 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԻՆ Այս շաբթուան ընթացքին տեղի կունենան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու […]
Հայրապետական Մաղթանք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 29 Յունիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր բոլոր Թեմերով, տօնեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19րդ տարեդարձը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներէն՝ […]
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ծխական Համայնքին
Հինգշաբթի, 26 Յունիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ հանդիպում ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն հետ, խորհրդակցելով ծխական շրջանի ծրագիրներուն ու կարիքներուն շուրջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար քահանացու Բարշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեան։ Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն պաշտօնապէս ներկայացուց Բարշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեանը, […]
Շաբաթական Լուրեր – 27 Յունիս 2014
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Այսու կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19րդ տարեդարձին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 29 Յունիսին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ողջունէ Հայկական Եկեղեցիներու Վերադարձը Պահանջող Բանաձեւին Վաւերացումը
Հինգշաբթի, 26 Յունիս 2014ին, Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը վաւերացուց թիւ 4347 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ պետութիւնը կը հարկադրէ Թուրքիոյ հողատարածքին եւ Կիպրոսի թրքական գրաւեալ բաժնին մէջ քրիստոնէապատկան եկեղեցիներն ու կալուածները վերադարձնել սեփականատէրերուն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, շաբաթասկիզբին նամակներ յղած էր Յանձնախումբի անդամներուն, որպէսզի իրենց քուէարկութեամբ զօրակցին բանաձեւի վաւերացման։ Իր նամակին մէջ, […]