2014 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 23 Մայիս 2014

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Չորեքշաբթի, 28 Մայիսը, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան 96րդ տարեդարձն է։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 25 Մայիսին, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութեան արարողութիւն պիտի կատարուի Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, յատուկ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Հանրապետութեան կերտումին համար մղուած բոլոր հերոսամարտներուն […]

Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Քարոզներու եւ Պատգամներու Հաւաքածոն

Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ նստաշրջանի նախօրեակին, 16-17 Մայիս 2014-ի շաբաթավերջին, Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութեամբ, լոյս տեսաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի քարոզներու ու պատգամներու անգլերէն հատորը՝ “A Collection of Spiritual Reflections”։ Գիրքի հրատարակութիւնը իրականացաւ Արեւմտեան Թեմի գլխաւոր բարերարներ՝ “Գարոլան Ընտանիքի Հիմնարկութեան” մեկենասութեամբ եւ ձօնուած է “Հայ Տարեցներու Տարուան”։ Գրքին մէջ տեղ […]

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը Յաջողութեամբ Աւարտեց Իր 42րդ Նստաշրջանը – Միաձայնութեամբ Ընտրուեցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան Նոր Կազմերը

  Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը 16 եւ 17 Մայիսին,  Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ գումարեց իր 42րդ ընթացիկ նստաշրջանը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան եւ Վիգէն Գասապեան, ծխական շրջաններու Ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձութեանց ատենապետները կամ ներկայացուցիչներ, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Դեսպան Ճոն Հեֆըրնը

  Կիրակի, 18 Մայիս 2014-ի երեկոյեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տիար Ճոն Հեֆըրն Ազգային Առաջնորդարան այցելեց, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան հետ։ Դեսպանին կ’ընկերանար պաշտօնատար Ճեֆ Փարեջան։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փելիվանեան: […]

Պաշտօնական Բացում Շամլեան Ազգ. Վարժարանի “Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան” Մարզասրահին

  Կիրակի, Մայիս 18, 2014-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց “Վահան եւ Անոյշ Շամլեան” Ազգային վարժարանի “Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան” մարզասրահի բացման արարողութեան եւ օրհնութեան։ Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանք յայտնեց Վարժարանի տնօրէն Տիար Վազգէն Մատէնլեանին ու կամաւոր նուիրեալներու միասնական աշխատանքին, որուն արդիւնքը եղաւ մարզասրահի շինութեան տեսիլքին իրականացումը։ […]

Տիար Վարուժան Գունտաքճեան Կը Պարգեւատրուի “Կիլիկեան Ասպետ”ի Շքանշանով

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ “Ասպարէզ” օրաթերթի, Կլենտէյլի “Ֆենիսիա” ճաշարանին մէջ յատուկ ճաշկերոյթ-հաւաք մը  տեղի ունեցաւ ազգային գործիչ Տիար Վարուժան Գունտաքճեանի 80րդ տարեդարձին առիթով։ Ձեռնարկը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ Տիար Գունտաքճեանին  գաղութէն ներս տասնամեակներու վրայ երկարող  ծառայութիւնը գնահատելու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Տիար […]

Շաբաթական Լուրեր – 16 Մայիս 2014

ԱԶԳ. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 42-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ Ուրբաթ, 16 Մայիսի յէտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 42-րդ նստաշրջանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ հիւրընկալութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմիս հոգեւոր հովիւները, Ազգ. […]

Հարցախոյզ

The Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of the Western United States is conducting a youth survey to support the development of youth programs within the church community. The survey is intended for youth and young adults, ages 14 to 21. If you are within the target ages, we would like to learn more […]

Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ Նստաշրջանի Նախօրեակին Հոգեւորականաց Համագումար

Արեւմտեան Մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 42րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 14 Մայիսին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Առաւօտեան Ժամը 10:30ին, հոգեւորականները ժամանեցին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն։ Երգեցողութիւնն ու աղօթքները […]

Շաբաթական Լուրեր – 9 Մայիս 2014

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ Գոհունակ սրտով մեր խնդակցութիւնը կը յայտնենք, որ Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, պատմակշիռ քայլ մը առաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ՝ 70 թեր եւ 1 դէմ քուէով վաւերացնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող AJR-32 բանաձեւը: Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը նաեւ որոշեց իր բանաձեւը յղել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու […]

Շաբաթական Լուրեր – 2 Մայիս 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 4 Մայիս 2014ը, Ս. Յարութեան տօնին երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին կը գտնուի Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքին հետ։ Կիրակի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ […]

Դեսպան Ճէյմս Ուորլիք Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեց

Ուրբաթ, 2 Մայիսի 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Վահան Պզտիկեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի կառավարական յարաբերութեանց վարիչ Օր. Թերեզա Երիմեան։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին իր տուած այցելութեան ու Հայ գաղութին […]

Խորհրդակցական Հանդիպում Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներու եւ Հոգաբարձութեանց Դիւաններու Հետ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Թեմիս հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց դիւաններու հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովի բացումը կատարելով, իր ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով, թէ փոխադարձ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Պոլսոյ Պատրիարքութեան Միաբանութեան անդամ եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ Պոլսահայ Միութեան հրաւէրով կը գտնուի Լոս Անճելըս։ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց Հայր Սուրբին։ Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ տեղեկութիւններ փոխանակելու Արեւմտեան մեր Թեմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան մասին, եւ […]

Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի 11րդ Կարգի Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն հետ միասնաբար այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, եւ դիմաւորուեցան Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Աշակերտները նախ “Ս. Տրդատ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022