2016 Լուրերու Արխիւ

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառը

Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016ի կէսօրին, տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, «Brandview» ճաշասրահին մէջ, Կլենտէյլ, հիւրընկալութեամբ բարերարուհի Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։ Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Գոհաբանութեան Տօնի Ձեռնարկին

Հաւատարիմ մնալով տարիներու իր բարի աւանդութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էր գեղեցիկ ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Վիգէն […]

Առաջնորդ Սրբազանը կը Մասնակցի Արցախի Պատուիրակութեան Ի Պատիւ Կազմակերպուած Ընդունելութեան

Ինչպէս ծանօթ է, Գոհաբանութեան տօնի նախօրեակին, Արցախի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ փոխ-վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբէկեանի, ժամանեց Լոս Անճելըս, մասնակցելու համար «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19րդ թելեթոնին։ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ յարգարժան հիւրերուն: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ, Կլենտէյլ, Չորեքշաբթի, […]

Թելեթոնի Նախօրեակին Արցախի Հոգեւոր եւ Պետական Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արցախի պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ փոխ-վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբկեանի: Արցախէն ժամանած հիւրերուն կ’ընկերանային Ուաշինկթընի մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէր Աւետիսեան եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի […]

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Ժողով

Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2016ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Խորհուրդը՝ Հայ Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղըպտի Ուղղափառ, յատուկ նիստ մը գումարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Օրը սկսաւ աղօթքով, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Ղըպտի Ուղղափառ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրաբիոն […]

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին իր 116-ամեակը Տօնեց

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2016ին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 116րդ տարեդարձը, որ նոր նուաճում մը եղաւ պատմական եկեղեցւոյ տարեգրութեանց մէջ: Ս. Պատարագը մատուցանեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Յընթացս Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Մինաս […]

Շաբաթական Լուրեր – 23 Նոյեմբեր 2016

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 19ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԹԵԼԵԹՈՆ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբերին, Գոհաբանութեան տօնին օրը, տեղի պիտի ունենայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնը, որ հաւաքական կոչ է համայն հայութեան՝ նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ապահովելու Արցախի ժողովուրդին: Այս տարուան Թելեթոնը կը կրէ «Իմ Արցախ» ընդհանուր խորագիրը: Հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի բանակին եւ սահմանամերձ այն գիւղերուն, որոնք ծանր վնասներու ենթարկուեցան […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայաստանի Աներիկեան Համալսարանի 25-ամեակի Տօնակատարութեան

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2016-ին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Beverly Wilshire» պանդոկին մէջ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան եւ իր շնորհաւորանքն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց կրթական այս լուսատու կեդրոնի ընտանիքին։ Տօնակատարութեան ընթացքին, գնահատանքի արժանացան համալսարանի նուիրեալ ծառայողները. պարգեւատրեալներն էին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադիրներէն Տէր եւ Տիկին Տոքթ. […]

Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Լիբանանի Անկախութեան 73րդ Տարեդարձի Տօնակատարութեան

Լիբանանի անկախութեան 73րդ տարեդարձին առթիւ, Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2016-ին, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ «Ռիվիերա Քաունթրի Քլապ»ին մէջ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմի եւ տիկնոջ՝ Մայային։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Շաբաթական Լուրեր – 18 Նոյեմբեր 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 116-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ֆրեզնոյի հայ համայնքը այս տարի կը տօնէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ օծման 116-րդ տարեդարձը։ 1900 թուականի Հոկտեմբեր 14-ին էր, երբ Քալիֆորնիոյ առաջին հայ համայնքը Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ հիմնադիրներու ջանասիրութեամբ՝ հաստատուն վէմի վրայ կառուցեց շքեղ Մայր Եկեղեցի մը, որ պիտի ըլլար Քալիֆորնիահայ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Օրհնութեան Գիր մը Շնորհեց Ատիս Հարմանտեանին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը երաժիշտ եւ ժողովրդային երգիչ Ատիս Հարմանտեանին եւ «Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիր« մը շնորհեց անոր: Հանդիպումին ներկայ էին Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ արուեստագէտին վաստակին մասին. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան

Ընդառաջելով Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2016ի առաւօտուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանը։ Հիւր հոգեւորականները դիմաւորուեցան Պատուելի Սարօ Շահնազարեանի, հոգաբարձութեան […]

Առաջնորդ Սրբազանը Շնորհաւորական Այցելութիւն մը Տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոսին

31 Հոկտեմբեր 2016-ին Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութեան առթիւ, Չորեքաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմին։ Նշենք որ ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորական նամակ մը յղած էր գլխաւոր հիւպատոսին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր […]

Առաջնորդ Սրբազանը Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Կատարեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ – Հոգեհանգիստ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներուն եւ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016ը յիշատակելի օր մը եղաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար։ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եղաւ գաղութի զաւակներուն հետ, մատուցանեց Ս. Եւ Անմահ Պատարագը, կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն ու նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, ուր յատկապէս յիշատակուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի համայն ննջեցեալներն ու ազգային բարերար եւ գիտնական Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ը «Արտակարգ Պատուանշան»ով Պարգեւատրեց Առաջնորդ Սրբազանը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2016ի երեկոյեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած՝ «Հ.Մ.Ը.Մևի Օր»ուան երկրորդ տարեկան տօնախմբութեան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ Պատուանշան»ով պարգեւատրեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, մեր գաղութին իր մատուցած ծառայութեանց համար, յերախտագիտութիւն Սրբազան Հօր, որ միշտ սերտօրէն կը գործակցի Շրջանային Վարչութեան հետ եւ իր գլխաւորութեամբ է, որ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022