2016 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 7 Հոկտեմբեր 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս Շաբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2016ը, Սրբոց Թարգմանչաց է, որ կը նկատուի մեր ազգային-եկեղեցական մեծագոյն տօներէն՝ հայ գիրերու գիւտի տօնը։ 405-406 թուականին, Սահակ Պարթեւ Հայրապետը, Մեսրոպ Մաշտոցն ու թարգմանիչներու փաղանգը հիմքը դրին հայոց ինքնուրոյն լեզուին եւ գրականութեան՝ այլ խօսքով հայ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման եւ պահպանման։ Այս շաբաթավերջին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր […]

Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգիստ Հալէպի Մէջ Զոհուած Հայորդիներուն

Ինչպէս ծանօթ է, Հալէպի ապահովութեան վիճակը ծանր վատթարացում արձանագրեց վերջին երկու շաբաթներուն: Հայկական թաղամասեր եւս թիրախ դարձան ռմբակոծումներու, ինկան անմեղ զոհեր եւ վիրաւորներ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի զոհերուն յիշատակին, նաեւ աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած՝ վիրաւորներուն ապաքինման ու […]

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Գաղութիս Ներկայացուցչական Պատուիրակութիւնները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը, […]

Հայրապետական Ս. Պատարագ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Արեւմտեան մեր Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ ներկաները Նորին Ս. Օծութեան օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով: Նորին Ս. Օծութիւնը հոգեւորականաց շքեղ թափօրով եւ ամպհովանիով «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճէն ուղղուեցաւ դէպի «Աւետիսեան» […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ – Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Համայնքիս Չորս Նուիրեալներ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016ը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող իր պատգամին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին: Հոն, ուր եկեղեցին ծառայութիւնը դարձուցած է իր կեանքին առանցքն ու նպատակը, ան դարձած է հզօր ու կենսունակ: Հոն, ուր եկեղեցին իր հեղինակութիւնը տեսած է այլ տեղ եւ ոչ […]

«Հայ Եկեղեցւոյ, Դպրոցներուն եւ Ազգային Արժէքներուն մեր Պատկանելիութեան Գիտակցութիւնը Հիմքը կը Կազմէ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման» – Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիգ» հանդիսասրահին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1400 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Հրաշափառ»ով Դիմաւորուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան. Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմիս միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան եւ անձնակազմին […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Լոս Անճելըս

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Լոս Անճելըս՝ հանդիսապետելու համար իր ընտրութեան եւ գահակալութեան 20-ամեակի տօնախմբութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ չորս օրերուն։ Ն. Ս. Օծութեան կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ եւ […]

Կարօ Փայլան Ներկայ Եղաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին

Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ս. Պատարագին ներկայ էր Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու Դեմոկրատ կուսակցութեան հայ անդամներէն Տիար Կարօ Փայլան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր։ Նշենք, որ Տիար Փայլանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, շաբաթավերջին կազմակերպուած էին զանազան […]

Շաբաթական Լուրեր – 23 Սեպտեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016-ին, Տօն Վարագայ Ս. Խաչի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: Ս. Պատարագին ներկայ պիտի ըլլայ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց «Armenian Peace Officers» Ընկերակցութեան Նոր Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Armenian Peace Officers» ընկերակցութեան նոր վարչութեան ներկայացուցիչներուն՝ Կրեկըրի Կապրիէլ (ատենապետ), Կապրիէլ Աքճեան (փոխ-ատենապետ) եւ Կէրի Գասպարեան (գանձապահ): Յարգելի հիւրերը եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու իրենց նոր պատասխանատուութեան մեկնարկին առիթով: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնները ի […]

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Բացում Լոս Անճելըսի «Կրէնտ Փարք»ին Մէջ

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ եւ «iwitness» խմբակցութեան գործակցութեամբ, Շաբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Կրէնտ Փարք» հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ օրհնութիւնը եւ բացումը Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան մասնակցեցան Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան: […]

Լանջախաչի Տուչութիւն Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2016ը իւրայատուկ օր մը եղաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ համայնքին համար։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագին ու փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ստացաւ Լանջախաչ կրելու իրաւունք։ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. […]

Հայաստանի Անկախութեան 25-ամեակին Առիթով Ընդունելութիւն՝ Հայաստանի Հիւպատոսարանին Մէջ

Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման 25-ամեակին առիթով, Լոս Անճելըսի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան կազմակերպած էր յատուկ ընդունելութիւն մը, Կլենտէյլի հիւպատոսարանին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, ներկայ եղաւ ընդունելութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան: Յայտագիրին մաս կը կազմէր […]

Ի Պատրաստութիւն Վեհափառ Հայրապետի Այցելութեան՝ Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Ունեցաւ Կլենտէյլի Քաղաքապետութեան Պաշտօնատարներու Հետ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Կլենտէյլի քաղաքապետարանը եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետութեան, ոստիկանութեան ու հրշէջներու բաժանմունքի պատասխանատու պաշտօնատարներու հետ, խորհրդակցելու համար որոշ դասաւորումներու շուրջ, առ ի պատրաստութիւն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր Թեմ մօտալուտ այցելութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022