2017 Լուրերու Արխիւ

Ազգ. Առաջնորդարանի Միջ-Դպրոցական Ասմունքի Մրցում

Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ին, առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ, գործնապէս ապացուցելով, որ մայրենիին հետ պատանի սերունդին մտերմութեան մէջ արտասանութիւնը ինչպիսի՛ բարերար ու անփոխարինելի դեր ունի: Հայկական վարժարաններու աշակերտներուն միջեւ ասմունքի մրցումը կը կազմակերպուէր յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով եւ, մասնակիցներուն թէ ներկաներուն վկայութեամբ, […]

Առաջնորդ Սրբազան Կատարեց Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» Մշակութային Կեդրոնի Օրհնութիւնը

Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ֆրեզնոյի մէջ մասնակից եղաւ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» մշակութային վերանորոգուած հայ կեդրոնի բացման արարողութեան ու կատարեց օրհնութեան աղօթքը: Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի, Ազգային Վարչութեան, ,Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ համայնքի անդամներ: Արարողութիւնը […]

Շաբաթական Լուրեր – 10 Մարտ 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ «ԿԱՐՕ ԵՒ ԱԼԻՍ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ Առաջնորդ Սրբազանը այս շաբաթավերջին կը մեկնի Ֆրեզնօ, ուր Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ի երեկոյեան պիտի նախագահէ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» մշակութային վերանորոգուած կեդրոնի բացման արարողութեան: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ կեդրոնի օրհնութիւնը եւ փոխանցէ իր շնորհաւորական խօսքը։

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Մեծ Պահքի շրջանին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպէ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին կը մատուցուին պահքի ճաշեր եւ մթնոլորտը կը ճոխանայ մշակութային սնունդով՝ գեղարուեստական յայտագիրով ու դասախօսութեամբ: Այս տարի, պահքի այս ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 8 Մարտ 2017ին, որ […]

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Խմբակը Նպաստ կը Տրամադրէ Հայաստանի 181 Որբերու

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Մարտ 2017ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Սրկ. Աբգարեանի, ընկերակցութեամբ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի եւ եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակի անդամներ՝ Էլենա Սարմազեանի եւ Անի Էքիզեանի, որոնք եկած էին դէպի Հայաստան իրենց ուղեւորութենէն […]

Արցախը Քառօրեայ Պատերազմի Տարելիցին Առիթով Հոգեհանգստեա Նահատակ Զինուորներուն Յիշատակին

2 Ապրիլ 2017ը առաջին տարեդարձն է Արցախի վրայ ազերիական լայնածիր յարձակումին, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ քառօրեայ պատերազմ խորագիրին տակ. այդ ճակատումներուն, տուինք մեծ թիւով զոհեր, որոնք նահատակ ինկան հայրենի հողի պաշտպանութեան ճամբուն: Ազերիական յարձակումներ կը կրկնուին յաճախակիօրէն եւ կու տանք նոր զոհեր եւս: Արդ, քառօրեայ պատերազմին առաջին տարեդարձին առիթով, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ […]

Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017ին, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին հիւրընկալեց Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 47րդ տարեկան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Հայց. Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրակցութիւն եկեղեցիներէն Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներու եւ տիկիններու: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակից եղաւ արարողութեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, Տ. Կոմիտաս Աւ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 3 Մարտ 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս.buy augmentin online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/augmentin.html no prescription ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՃԷՔ ԳԱՀՈՒԷՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ Կիրակի, 5 Մարտ 2017ին, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի է Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի Առաջին Ժամերգութեան

Արդէն իսկ թեւակոխած ենք Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը, որ քրիստոնեային համար ինքնաքննութեան, ապա նաեւ հոգեկան վերանորոգութեան շրջան մըն է: Ինչպէս ծանօթ է, Մեծ Պահքի շրջանին, մեր եկեղեցին ունի իւրայատուկ արարողութիւններ՝ Արեւագալն ու Հսկումը, որոնք աղօթքի ու խորհրդածութեան առիթներ ըլլալու կողքին, նաեւ մեզ կը կամրջեն մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց հետ: Մեր Թեմի […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Մեծ Պահքի Աւանդական Ճաշկերոյթ

Չորեքշաբթի, 8 Մարտին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը, Պըրպէնքի «Տի Լաքս» սրահին մէջ (237 E. Olive Ave.)։ Նախքան ճաշկերոյթը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30ին, տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի արարողութիւն։ Նախատեսուած է դասախօսութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Տիկին Ծովինար Մելքոնեան, որ […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Վերահրատարակեց «Սուրբ Պատարագ» Հատորը Ի Յիշատակ Վահրիճ Փիլաւճեանի

Ազգային Առաջնորդարանը այսու կը յայտնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ լոյս ընծայած է «Սուրբ Պատարագ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» հատորը, ի յիշատակ Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամ եւ մեր Թեմի բազմամեայ ծառայողներէն Վահրիճ Փիլաւճեանի: Հատորը վերահրատարակութիւն մըն է. անիկա առաջին անգամ լոյս տեսած էր 2008ին, մեկենասութեամբ հանգուցեալ Ռոզ Գասիմեանի եւ Տոքթ. Տենիս Գասիմեանի, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Կլենտէյլի Քաղաքապետութեան Խորհուրդի Անդամ Զարեհ Սինանեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2017ի յետմիջօրէին ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Զարեհ Սինանեանի: Ան Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը հայցելու իր վերընտրութեան համար: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Կլենտէյլի քաղաքապետութեան յառաջիկայի ծրագիրներն ու հայ համայնքի գործակցութեան ոլորտները: Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ Տիար Սինանեանի նուիրեալ ծառայութեան մասին եւ […]

Ս. Վարդանանց Տօնախմբութիւն

Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առթիւ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն: Ս. Պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն […]

Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին Առիթով Հոգեւորականաց Համագումար եւ Ս. Պատարագ

Ս. Ղեւոնդեանց տօնը հայ քահանային տօնն է. այս տօնին առիթով, տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, գլխաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ամէն տարի տեղի կ’ունենայ հոգեւորականաց յատուկ համագումար մը, որ կը մարմնաւորուի եկեղեցական արարողութիւններով, Ս. Պատարագով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով եւ թեմական հարցերու քննարկումով ու անմիջական ապագայի ծրագիրներու մշակումով: Ընդառաջելով հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 24 Փետրուար 2017

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Կիրակի, 26 Փետրուար 2017ը Բուն Բարեկենդան է։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Փետրուարի վերջին Կիրակին, Թեմիս բոլոր […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022