2018 Լուրերու Արխիւ

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Նոր Գործադիր Տնօրէնը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Լոս Անճելըս իր առաջին այցելութեան առիթով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրէ ետք, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիար Հայկակ Արշամեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչներու կողմէ։ Հայրենի հիւրին կ’ընկերանար Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գործադիր տնօրէնը՝ Տիար […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումութեամբ եւ Հ.buy kamagra oral jelly online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/kamagra-oral-jelly.html no prescription Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ միութեան հանգուցեալ անդամներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ձեռնադրութեան եւ Օծման 50-ամեակի Տօնախմբութիւն

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ, երբ մեր ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին առիթով։ Կիրակի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար […]

«Ասպարէզ» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 110-ամեակի Հանդիսութիւն

«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ ճաշի հիւրընկալութեամբ տօնեց թերթին հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս […]

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակի Նշում

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Շաբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2018-ին, Լոս Անճելըսի «Պիլթմոր» պանդոկին մէջ տօնեց իր հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքը։ Ներկայ էին հոգեւոր ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր։ Խօսք առին Ընկերակցութիւն նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան, գործադիր […]

Հայ Կիլիկիա Աւետ. Եկեղեցւոյ Նորընտիր Հովիւի Պաշտօնակոչութեան Արարողութիւն

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան, Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը՝ իբրեւ եկեղեցւոյ նորընտիր հովիւ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքներն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մէջ կը Մասնակցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Քահանայական Ձեռնադրութեան 50-ամեակին եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովներուն

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Լիբանան, մասնակից ըլլալու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 50-ամեակի տօնախմբութեան եւ Ս. Աթոռոյս Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու նիստերուն։ Լիբանան մեկնեցաւ նաեւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան մասնակցելու հայրապետական Ս. Պատարագին եւ տօնախմբութեան։ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ […]

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Նախատօնակ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն։ Արարողութեան հանդիսապետեց Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը նոյն օրը Սան Ֆրանսիսքօ կը […]

Թարգմանչաց Տօնի Շաբաթավերջին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Թեմի Յոբելենական Հանդիսութիւն, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

Ս. Թարգմանչաց տօնին շաբաթավերջը Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին համար եղաւ պատմական եւ իւրայատուկ։ Արդարեւ, համայնքը ապրեցաւ յիշատակելի երեք օրեր, մանաւանդ որ այս տարուան տօնախմբութիւնը կը զուգադիպէր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի հովանաւորութիւնը վայելող Թեմի հիմնադրութեան 60-ամեակին եւ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 45-ամեակին։ Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւնները կը վայելէին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի 35-ամեակի Տօնախմբութեան

Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ուիլսըն» հանրային վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 35-ամեակի տօնախմբութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին ընկերացաւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ եւ Միացեալ […]

Ազգ. Վարչութեան Հրաւէրով՝ Խորհրդակցական Հանդիպում Թեմիս Հովիւներուն, Երեսփոխաններուն, Հոգաբարձութեանց եւ Տիկնանց Միութեանց Հետ

Նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով Ազգային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն հրաւիրուած էին մեր եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւները, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամները, հոգաբարձութիւններն ու տիկնանց միութիւններու անդամները, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ […]

«Հոգեմատեան»ի Ողջունահանդէսը Եղաւ Կորիւն Սրբազանի Յիշատակին Յարգանքի Արդար Արտայայտութիւն Մը

Հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հատորին ողջունահանդէսը, Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան, եղաւ արժանաւորին յարգանքի մատուցման արդար արտայայտութիւն մը, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելով մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հոգեւորականին, մտաւորականին, բանաստեղծին եւ գիտաշխատողին արժանիքներն ու անժամանցելի ժառանգութիւնը։ Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին […]

Թարգմանչաց Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարան

Վերամուտի եւ մշակոյթի ամսուան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տնօրէնին՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, Րոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ մանկամսուրի վարիչին՝ Տիկին Անգին Իսքաճեանի, ուսուցիչներուն, անձնակազմի անդամներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Ս. Խաչ Մայր տաճարի տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն […]

Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի 60-ամեակի եւ Արեւմտեան Թեմի 45-ամեակի Նշում Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ – Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Սան Ֆրանսիսքօ պիտի մեկնի, նախագահելու համար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Հոգաբարձութեան կազմակերպած տօնախմբութեան, նուիրուած՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Ս. Աթոռոյս հովանին վայելող Թեմի հաստատման 60-ամեակին ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակին։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Խաչատուրեան» […]

Կոլֆի Ճերըլտ եւ Մարք 17-րդ Մրցաշարք

Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Հէնք Խաչատուրեանի հանգուցեալ զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի անուան կոլֆի 17-րդ տարեկան մրցաշարքը, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթը։ Հ. Խաչատուրեան հանգանակային բնոյթով այս մրցումը կը հիւրընկալէ նպաստ տրամադրելու համար բարեսիրական նպատակներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով բարերարին հրաւէրին, այս տարի եւս ներկայ եղաւ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022