2019 Լուրերու Արխիւ

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Կիրակի, 17 Փետրուար 2019-ին, Ս. Սարգիսի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ու սարկաւագաց դասը։ Ներկայ […]

Երիտասարդական Խորհրդաժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

16 եւ 17 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան սփիւռքի զանազան երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ։ Խորհրդաժողովը ընթացաւ հինգ նիստերով։ Արծարծուեցան երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցներ։ Յանուն Արեւմտեան մեր Թեմին՝ ժողովին մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Բացման նիստին իր պատգամը […]

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Թելեթոնին Հանգանակուեցաւ Աւելի Քան 8 Միլիոն Տոլար

Կիրակի, 17 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի անդրանիկ թելեթոնը, որուն աւարտին գոյացաւ 8,138,986 տոլար։ Առաջնորդ Սրբազանը, որ թանգարանի վարչական խորհուրդի համա-ատենապետներէն է, հանգանակային արշաւին ընթացքին անձամբ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի առատաձեռն կերպով նուիրաբերէ այս պատմական ծրագիրին համար։ Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդին շարունակելու իր զօրակցութիւնը, որպէսզի ի մօտոյ սկսինք շինարարութեան։

Զմիւռնիոյ Աղէտին Նուիրուած Դասախօսական Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Ճափոնի եւ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեանց, Ուրբաթ, 15 Փետրուարի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Ս. Սոֆիա Յոյն Ուղղափառ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, նուիրուած 1922 թուականին, Զմիւռնիոյ աղէտին ճափոնական նաւու մը կողմէ աղէտեալներու փրկութեան յիշատակին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Խօսք առին Ճափոնի եւ Յունաստանի […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Փասատինայի Ս. Սարկիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին Շաբաթ, 16 Փետրուար 2019-ին պիտի նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ որդւոյն՝ Մարտիրոսին ու 14 զինակիցներուն տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 17 Փետրուար, Ս.buy amoxicillin online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/amoxicillin.html no prescription Պատարագ պիտի մատուցանէ, պատգամը պիտի փոխանցէ եւ […]

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Անդրանիկ Թելեթոնը

Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր յանձնախումբը կազմակերպած է պատկերասփիւռային հանգանակային անդրանիկ արշաւը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 4։00էն 10։00։ Թելեթոնին նպատակն է թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել եւ այս պատմական ծրագիրին իրականացման համար ապահովել մեր ժողովուրդին գործնական զօրակցութիւնը։ Թելեթոնը պիտի սփռուի հայկական հեռատեսիլային կայաններէն, KVMD, Facebook live, եւ համացանցի միջոցաւ։ Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք […]

Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-րդ Դասարանի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Ազգային Առաջնորդարանին համար տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ տօնական օրերու թէ այլապէս, Ազգային Վարժարաններու աշակերտներ այցելեն Ազգային Առաջնորդարան, հիւրընկալուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, իրենց դաստիարակութեան մէկ մանրանկարը ներկայացնեն ու լսեն Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։ Այս ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 14 Փետրուար 2019-ին, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգ.buy aciphex generic […]

Տեառնընդառաջի Տօնը Հաւաքական Ընծայման եւ Հաւատքի Վերանորոգման Հրաւէր՝ Աստուծոյ, Եկեղեցիին եւ Ազգին

Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար գալստեան եւ ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, օրուան արարողութեամբ ու խարոյկի հրավառումով։ Համաձայն տարիներու աւանդութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան կատարեց անդաստանը եւ խարոյկի հրավառումը։ Արարողութեան մասնակից էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 12 Փետրուար 2019-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Հիմնարկի ներկայացուցիչները իրենց գործունէութեան 20-ամեակի […]

Հայ Մամուլի Տարուան Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ – ՀՕՄ-ի «Մայր» Մասնաճիւղի Գրասենեակի Բացում Հոգելոյս Վաչէ Աւ. Քհնյ. եւ Երէցկին Լուսածին Նագգաշեաններու Յիշատակին

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2019 տարին նուիրած է Հայ Մամուլին եւ այս առիթով հրապարակած է պատգամ մը, մեր ժողովուրդը հրաւիրելով ամրապնդելու Հայ Մամուլին հետ հաղորդակցութիւնը, գնահատելու իր առաքելութիւնը եւ հաւաքական զօրակցութիւն արտայատելու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 10 Փետրուար 2019-ին, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն […]

Հայկական Վարժարաններու Դէմ Խափանարարութեան Արարքները Դատապարտող Միջ-կրօնական Հսկումի Արարողութիւն

Ծանօթ է, որ Երեքշաբթի, 29 Յունուարին, Սան ֆերնանտօ հովիտի հայկական երկու դպրոցներ՝ Ազգ. Ֆերահեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանները թիրախ դարձան թրքաբարոյ խափանարարութեան, որ միաձայնութեամբ դատապարտումի ենթարկուեցաւ իբրեւ անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան արտայայտութիւն. արդարեւ, անծանօթ դիմակաւորներ գիշերով թրքական դրօշակներ կախած էին յիշեալ վարժարաններու ցանկապատերուն։ Նոյն օրերուն, շրջանի հրէական աղօթավայր մըն ալ ատելութեան նմանօրինակ դրսեւորումի մը […]

Ողջունահանդէս՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի «Essays on Biblical Concepts and Social Issues» Հատորին

Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ողջունահանդէսը Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի վերջերս լոյս տեսած՝ «Essays on Biblical Concepts and Social Issues» հատորին, որ կը բովանդակէ աստուածաշնչական եւ ընկերային հարցեր քննարկող ու մեկնաբանող նիւթեր։ Երեկոն կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն […]

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Արարողութիւն եւ Աւանդական Խարոյկ

Հինգշաբթի, 14 Փետրուարը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։ Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան ընթացքին, ծնողներ առիթը պիտի ունենան իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները, Յիսուս Մանուկի օրինակով, եկեղեցւոյ ընծայելու, ուր քահանայ հայրերը զանոնք պիտի բարձրացնեն Ս. Խորան։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, […]

Առաջաւորաց Պահքի Առիթով Խաչահանգիստ եւ Ջրօրհնէք

Այս տարի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 10 Փետրուարին։ Առաջաւորաց պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, մեր ազգի Քրիստոնէութեան դարձին առիթով, եւ իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։ Առաջաւորաց պահքը մեր ժողովուրդի աւանդութեանց մէջ ծանօթ է նաեւ Ս. Սարգիսի պահք անունով, քանի որ պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայաստանեայց եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիսի […]

«Հայ Մամուլի Տարուան» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2019 տարին հռչակած է «Հայ Մամուլի Տարի», կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդին, որ զանազան նախաձեռնութիւններով վեր առնէ հայ մամուլի եւ լրատու աղբիւրներուն դերն ու կարեւորութիւնը՝ մեր կեանքին մէջ, եւ արտայայտէ անոր նկատմամբ իր զօրակցութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 10 Փետրուար […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022