2019 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Կարապետեան« սրահին մէջ։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Գոհաբանութեան Օրուան Հանդիսութեան

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ՝ ներկայ գտնուելու գոհաբանութեան օրուան աւանդական հանդիսութեան-ճաշկերոյթին, որ կազմակերպուած էր վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեանի եւ ուսուցչակազմին կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին վարժարանի […]

«I Am Not Alone» Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը

Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըսի «Chinese Theatre»-ին մէջ «I am not alone» վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ, 2018-ի Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան նիւթով։ Ֆիլմի բեմադրիչն է Կարին Յովհաննիսեանը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ցուցադրութեան եւ իր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց բեմադրիչին եւ Յովհաննիսեան ընտանիքին։

«The Promise Մարդկային Իրաւունքներու Հիմնարկ»ի Բացում UCLA-ի Մէջ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, UCLA-ի մէջ տեղի ունեցաւ «The Promise -Մարդկային Իրաւունքներու Հիմնարկ»ի պաշտօնական բացումը։ Համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքէն ներս գտնուող այս հիմնարկը պիտի ծառայէ մարդկային իրաւունքներու ուսումնասիրութեան, հետազօտութեան եւ պաշտպանութեան որպէս կեդրոն։ Հիմնարկը հաստատուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «The Promise» շարժապատկերի հասոյթէն տրամադրուած 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցաւ։ Նշենք, որ շարժապատկերի հասոյթը յատկացնելու որոշումը նախաձեռնութիւնն […]

Ընդունելութիւն Ի Պատիւ «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Ղեկավար Լիլիթ Մակունցի

Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին մէջ, Կլենտէյլ, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ազգային Ժողովի անդամ ու «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ընդունելութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Քամպուրեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս.buy cipro online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/cipro.html no prescription Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ միութեան անդամներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ […]

Ողջունահանդէս՝ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն Բժշկութիւն» Հատորին

Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ եկեռղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորի ողջունահանդէսը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան գիրը։ Առաջնորդ Սրբազանը նշած էր, թէ Տոքթ. Վարդանը յետ Ցեղասպանութեան Լիբանանեան հիւրընկալ […]

Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաա. Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի »Impressions« սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր […]

ԸՆդունելութիւն Ի Պատիւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին մէջ, Կլենտէյլ, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիար Հայկակ Արշամեանի, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի եւ Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեանի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներու Հոգեհանգիստ՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի միութեան հանգուցեալ անդամներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Արարողութեան […]

«Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի Օր»ուան Տօնախմբութիւն

Նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Պաղտասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան տարեկան տօնախմբութիւնը: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը։ Ան իր խօսքին մէջ […]

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 56-ամեակի Ճաշկերոյթ

Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի «Աւետիսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 56-ամեակի ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ 56-ամեակի յանձնախումբին կողմէ, իսկ հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ եւ Նորա Սիմոնեան ամոլը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. […]

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2019-ին, Թահանկայի «The Great Caesar» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի ու հոգաբարձութեան։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ Տիար Աւօ Քէշիշեան […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս.buy wellbutrin online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/wellbutrin.html no prescription Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Ի Տէր Հանգեաւ Ժագ Ս. Յակոբեան

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022