Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Տիար Իշխան Սապաթելեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գտնուող Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Տիար Իշխան Սաղաթելեանի։ Յարգարժան հիւրին կ’ընկերանային Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներէն Տեարք Կարօ Իսբէնճեան եւ Հրայր Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Միւռոն Ծ. […]

Սրբապատկերի Օծում Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց «Վերջին Ընթրիք»ի սրբապատկերի օծումը, որ նուիրուած էր Չուլույեան ընտանիքին կողմէ։ Ս. Պատարագ մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը, […]

Առաջաւորաց Պահքի Առիթով Խաչահանգիստ եւ Ջրօրհնէք

Այս տարի, Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 2 Փետրուարին։ Այս պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, մեր ազգի Քրիստոնէութեան դարձին առիթով, եւ իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։ Առաջաւորաց պահքի ծոմապահութիւնը կը սկսի Կիրակի, 2 Փետրուարին, կէս գիշերին։ Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի առաւօտեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ խաչահանգիստ եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի, որմէ ետք հաւատացեալ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըս Գաւառի Հաշմանդամներու Յանձնաժողովի Անդամ Ճէք Տարաքճեանը

Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Լոս Անճելըս գաւառի Հաշմանդամներու Յանձնաժողովի անդամ եւ «Modern Support Services» ընկերութեան Գործադիր Տնօրէն Տիար Ճէք Տարաքճեանի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլ քաղաքի գրագիր Տիար Արտաշէս Քասախեանի։ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2020-ը «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու» տարի հռչակման լոյսին տակ, Տիար Տարաքճեան […]

Հայ Կրթական Հիմնարկի 70-ամեակի Ճաշկերոյթին՝ Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պատուեց Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Ամոլը

Կիրակի, 26 Յունուար 2020-ին, Պեվըրլի Հիլզ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կրթական Հիմնարկի 70-ամեակի ճաշկերոյթը։ Այս տարի, Հիմնարկը «Lifetime Service» մրցանակով պատուեց Տիար Վահիկ Պետրոսեանը, որ երկար տարիներ շարունակ եղած է Հիմնարկի անդամ, բարերար եւ կամաւոր, իսկ «Lifetime Achievement» մրցանակով՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութեան կեդրոնի հիմնադիրներ՝ Տէր եւ Տիկին Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան ամոլը։ Թեմիս բարեխնամ […]

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն

Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Յունուար 2020-ին, Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցին Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, մատաղի օրհնութեամբ եւ տարեկան երկրորդ հարիսայի պատրաստութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան տօնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ․ Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեան Լաս Վեկաս ժամանեց Շաբաթ յետ միջօրէին, նախագահելու համար տօնակատարութեան։ Երեկոյեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սկիզբ առաւ հարիսայի պատրաստութիւնը, ապա, «Գուճաքեան» սրահին մէջ […]

Յուշ Երեկոյ՝ Նուիրուած Ժագ Ս. Յակոբեանի Յիշատակին

Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին նուիրուած յուշ երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ոգեկոչման յանձնախումբին։ Օրուան բանախօսն է Տիար Գէորգ Պետիկեան։ Խօսք պիտի առնեն Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, եւ Տեարք Մայք Եուսուֆեան ու Սարգիս Մահսէրէճեան։ […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Շաբաթ, 25 Յունուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Լաս Վեկաս պիտի մեկնի, նախագահելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։ Տօնակատարութիւնը պիտի սկսի Շաբաթ երեկոյեան, հերիսայի պատրաստութեամբ եւ ճաշկերոյթով։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ աղի օրհնութիւնը, ապա պիտի նախագահէ ճաշկերոյթին։ Կիրակի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ […]

Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչներու Նոր Տարուան Աւանդական Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեանի, Նոր Տարուան աւանդական շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որուն կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Այցելութիւնը սկիզբ առաւ ամանօրեայ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան […]

Դոկտ. Լուսինէ Սահակեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանի Թուրքագիտութեան ամպիոնի դասատու, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ հայագիտական հետազօտութիւններու Հայ Օսմանեան բաժանմունքի վարիչ Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանի, ո‎րուն կ’ընկերանար Արարատ Հիմնարկի Վարչութեան անդամ Տիար Ֆրէտ Վարդանեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Քնար Գորթոշեան։ […]

Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում

Նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր յանձնախումբին, Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցը։ Կէսօրէ ետք, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ […]

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Աւանդութիւն դարձած քաղցր սովորութեան համաձայն, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը այս տարի եւս, Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, մեծաշուք հանդիսութեամբ, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, յաւուր պատշաճի քարոզով, մատաղօրհնէքով ու սիրոյ սեղանի շուրջ նշեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց ու տօնին խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը […]

Անծին Մանուկներու Յիշատակի Տարեկան Արարողութիւն

Շաբաթ, 18 Յունուար 2020-ին, Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան յատուկ արարողութիւնը, նուիրուած արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներու յիշատակին։ Ս. Պատարագ մատուցանեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզ: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին նշեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։ Նոյն առիթով, Կիրակի, 19 Յունուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ իր պատգամն ու […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022