Հոգեհանգիստ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ՝ Արցախի Նահատակ Հերոսներուն Յիշատակին – «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք՝ Հայրենիքի Ապահովութեան եւ Խաղաղութեան Վերահաստատման Համար

27 Սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր Արցախի վրայ Ազրպէյճանի կողմէ տակաւին շարունակուող յարձակումներու լոյսին տակ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք՝ Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման համար։ Նոյն օրը, Առաջնորդ […]

Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին՝ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան Քահանայական Սեւ Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իրաւունք կը Ստանայ – «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Արցախի եւ Մերօրեայ Զոհերուն Համար

Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, քահանայական սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանին։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Տէր Հօր անցնող տարիներու ծառայութիւնը եւ […]

Յայտարարութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի

Հիւսիսային Ամերիկայի Արևմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ վերջին ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած պատերազմական յարձակումը ազատատենչ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան վրայ։ Համապատասխանօրէն կը դատապարտենք ամօթալի այս արարքը, որը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ։ Մինչ Հայաստան ու Արցախ ջանադիր կը հետապնդեն խաղաղութիւն և երկխօսութիւն, Ատրպէյճանը կը քաջալերէ պատերազմը։ Ինչպէս միշտ, հայ-ամերիկեան համայնքը […]

Արցախի Մեր Արի Բանակն Ու Հայութիւնը Քաջութեամբ ու Հաւատքով Պիտի Յաղթահարեն Ազրպէյճանի Նորագոյն Յարձակումը Եւս

Յուլիսին իր կատարած յարձակումներէն չբաւարարուած ու դժգոհ, Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները լայնածաւալ նոր յարձակում մը գործեցին Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ սահմանագիծի երկայնքին, թիրախ դարձնելով անմեղ բնակչութիւնը եւս։ Մարտերը կը շարունակուին եւ ռազմական իրավիճակ յայտարարուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Այսու խստօրէն կը դատապարտենք ծաւալապաշտ, թրքաբարոյ, հայատեաց ու ռազմատենչ այս յարձակումը, որ […]

Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին՝ Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ «Ի Պաշտպանութեան Քրիստոնեաներու» Տարեկան Ձեռնարկին

Չորեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկը, որ այս տարի «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով կատարուեցաւ առցանց։ Իւրաքանչիւր տարի տեղի ունեցող այս խորհրդաժողովը կը միախմբէ Միջին Արեւելքի սփիւռքի քրիստոնեաները, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, Քոնկրէսի եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութեանց անդամները՝ զօրակցութիւն յայտնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք […]

Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կառոյցներու Դէմ Կատարուած Խափանարարութիւններուն Չյայտնաբերուած Յանցագործները Կը Շարունակեն Թիրախ Դարձնել Մեր Գաղութը

Անցնող շաբաթավերջին Սան Ֆրանսիսքոյի ոստիկանութիւնը տեղեկացուց Ազգ. Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական վարժարանին դէմ իրագործուած նորագոյն խափանարարութեան մը մասին, այս անգամ դրսեւորուած վարժարանի անունը կրող ցուցատախտակին վրայ կրակոցներով։ Դէպքէն երկու օր առաջ, մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գրասենեակներու շէնքին վրայ կատարուած հրձիգութիւնը, եւ անկէ նուազ քան երկու ամիսներ առաջ նոյն վարժարանին վրայ կատարուած խափանարարութիւնը, ծնունդն են […]

Կլենտէյլի «Adventist» Հիւանդանոցի 115-Ամեակի Նշում

Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ին, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը նշեց իր հիմնադրութեան 115-ամեակը՝ յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպելով հիւանդանոցի պարտէզին մէջ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքը։ Ներկայ էին հիւանդանոցի նախագահ Տիկին Ալիս Իսայի, հաստատութեան պատասխանատուներ եւ անձնակազմի […]

Յայտարարութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կից Շէնքին Վրայ Գործադրուած Հրձիգութեան Մասին

Ազգային Առաջնորդարանը կը դատապարտէ Հինգշաբթի 17 Սեպետեմբեր 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Սան Ֆրանսիսքոյի մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից ազգապատկան շէնքին վրայ կատարուած հրձիգութիւնը, ուր կը գործեն Եկեղեցւոյ գրասենեակները, Վասպուրական սրահը, շրջանի միութիւններու գրասենեակներն ու տեղւոյն Համազգայինի գրադարանը։ Այս արարքը, վերջին տարիներուն մեր գաղութին դէմ գործադրուող խափանարարութիւններէն մէկն է միայն, որուն կ՛ենթարկուին հայ կառոյցներ՝ ուրկէ […]

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 29-Րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020ը, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 29-րդ տարեդարձն է։ Այս առիթով, Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնն […]

Վերացման Ս. Խաչի եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Խաչվերացի տօնին առթիւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, ինչպէս նաեւ անդաստանի եւ ռեհանի օրհնութեան արարողութիւնները կատարուեցան։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Խաչի անունը կրող Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց, օրուան պատգամը փոխանցեց եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւնը […]

Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ Կը Տրամադրէ Չորս Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Կրթանպաստի Հիմնադրամի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2020-2021 տարեշրջանի համար ներկայացուած դիմումնագիրները, որոշած է կրթանպաստի արժանացնել հետեւեալ չորս ուսանողները.- Սառա Այնթապլեան (UCLA), Սեւանա Մանուկեան (UCLA), Մեղեդի Մանոյեան (UCLA) եւ Արմէն Տէմիրճեան (UC Berkeley)։ Անոնք կը հետեւին […]

Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ռեհանի Օրհնութիւն Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ ռեհանի եւ մատաղի […]

Ազգային Թաղում Վաստակաշատ Գործիչներ Հայկազ Թրթռեանի եւ Փրո‎Ֆ. Արա Մանաշի

Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10։‎30-ին, վաստակաւոր կրթական մշակ ու դաստիարակ, ազգային գործիչ եւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ երեսփոխան Հայկազ Թրթռեանի ազգային թաղման կարգի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, վաստակաւոր երաժշտագէտ, հասարակական գործիչ ու Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ դպրաց դասի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս.buy advair generic https://myindianpharmacy.net/advair.html over the counter Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022