2021 Լուրերու Արխիւ

Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Պատարագեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագի ընթացքին նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, մինչ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. […]

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի հայկական ակումբի աշակերտներուն, որոնք Թարգմանչաց տօնին առիթով հետիոտն եկած էին Ազգային Առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ դաստիարակներու: Մշակոյթի ամսուան առիթով, Շամլեան վարժարանի աշակերտները Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահի մէջ […]

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ուրարի Տուչութիւն Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, Հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ս. Պատարագին հնչեցին […]

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 57 Եւ 58-րդ Ամեակներու Նշում – Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Էնսինոյի Եկեղեցւոյ Հանգանակային Ճաշկերոյթին

Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 57 եւ 58-րդ տարեդարձներուն նուիրուած հանգանակային ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, հիւրընկալութեամբ բժիշկ Մայք Սարեանի: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Ռոստոմ եւ Ա. Շիրակեան կոմիտէներու, […]

«Արցախը Հայուն Գոյութեան Երաշխիքն Է». Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան – «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի Վերականգնման Սիւներէն Մէկն Է». Ա. Բեգլարեան

Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի, ընկերակցութեամբ Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Յակոբեանի եւ Խնամակալ մարմնի անդամ Յասմիկ Պարանի: Նախարար Արտակ Բեգլարեան իր լոսանճելըսեան շրջագայութեան համար մեկնարկ ընտրած էր Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը: Ան Առաջնորդ […]

Թեմակալ Երեք Առաջնորդներու Ժողով Նիւ Եորքի Մէջ

Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբերին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեցին ժողով մը, ի հետեւումն 2021ի սկիզբին առցանց հանդիպումի իրենց որոշումին։ Բացման աղօթքէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոս Zoom-ի միջոցաւ միացաւ թեմակալ առաջնորդներուն։ Վեհափառ Հայրը բարձրօրէն […]

Հովուական Եռօրեայ Այցելութիւն Ի Լաս Վեկաս

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հովուական եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Լաս Վեկաս եւ յետմիջօրէին ընդունուեցաւ տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ համայնքի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին […]

Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Առիթով – Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Նորթ Հոլիվուտի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ այս առիթով պատրաստուած մատաղը օրհնեց, իր կողքին ունենալով Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի իր քարոզը սկսաւ՝ «Տէ՜ր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան […]

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետին՝ բժիշկ Րաֆֆի Պալեանի, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ տեսակցեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ՝ տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ […]

Հ.Հ. Անկախութեան 30-Ամեակին Առիթով Եռօրեայ Այց Ի Ֆրեզնօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ «ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ» ԿԱՏԱՐԵՑ Շաբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ եւ ընդունուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեանի […]

Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ Երեք Առաջնորդներու Կոչը Լիբանանահայութեան Զօրակցութեան Ի Խնդիր

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), կը հրաւիրեն իրենց համայնքի զաւակները, միահամուռ ջանքերով շարունակելու Լիբանանի հայութեան ի նպաստ օժանդակութեանց արշաւը: Ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կոչին, հարկաւոր […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի

Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի՝ ներկայ ըլլալու համար «Դրախտի դարպաս» (‘Gate to Heaven’) խորագրեալ իր նոր՝ արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերէն քաղուած դրուագի մը պատումը կատարող ժապաւէնին անդրանիկ դիտումին: Այս առիթով, բեմադրիչ […]

Խաչվերացի Եւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակաչութիւն Առաջնորդ Սրբազան Հօր Աղօթքին Կիզակէտը Դարձան Քաղցկեղով Տառապող Հիւանդները

Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Խաչվերացի Ս. տօնը, որ քրիստոնէական իր բնոյթով եւ ազգային նկարագրով նոր իմաստ ու զօրութիւն հաղորդեց հայ կեանքին՝ գեղեցկօրէն իրարու ձուլելով պատմականն ու կրօնականը, հայկականն ու քրիստոնէականը: Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց […]

Լուրեր Ազգային Առաջնորդարանէն

Ա. Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ընթրիք, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը ներկայացուց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչները եւ քաջալերեց տարուած աշխատանքն ու ձեռք բերուած […]

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցչական Կազմերու Հաւաք-Մրցոյթ

Մանուկներու եւ պատանիներու կրօնադաստիարակչական եւ հայեցի կրթութեան նուիրուած Կիրակնօրեայ դպրոցները կը վայելեն անվերապահ հովանաւորութիւնը Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, որուն օրհնութեամբ Շաբաթ, 21 Օգոստոս 2021-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ հաւաք-մրցոյթ, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին: Հաւաքը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022