Վերջին Լուրեր

Ս. Պատարագի Ուղիղ Սփռում Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն

Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող չորրորդ Կիրակին է, որ տօնն է Երեւման Սուրբ Խաչի։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ առաւօտեան ժամը 11-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի եւ ուղղակի պիտի սփռուի իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ […]

Կարմիր Կիրակիին՝ Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 3 Մայիս 2020-ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կարմիր Կիրակի։ Առաւօտեան ժամը 11-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Առթիւ՝ Բարեխօսական Կարգ Կատարուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» Մատրան Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առթիւ, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ բարեխօսական կարգով աղօթք բարձրացուեցաւ մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy propecia online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/propecia.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու։ Նախքան բարեխօսական կարգը, ծաղկեպսակի զետեղում կատարուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին […]

Կանաչ Կիրակիին՝ Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 26 Ապրիլ 2020-ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կանաչ Կիրակի կամ Աշխարհամատրան Կիրակի։ Առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակի Ոգեկոչում Ազգ. Առաջնորդարանէն Ներս

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առթիւ, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, բարեխօսական աղօթք պիտի բարձրացուի Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։ Արարողութեան ընթացքին մեր աղօթքները պիտի վերառաքենք առ Աստուած, մեր սուրբ նահատակներուն […]

Նոր Կիրակիին՝ Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան Տօնը Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Կիրակի, 12 Ապրիլ 2020-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրչկին Յիսուս Քրիստոսի Հրափաշառ Ս. Յարութեան տօնը նշուեցաւ հոգեպարար արարողութիւններով։ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այս տարի Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւնները տեղի ունեցան առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Արարողութիւնները կատարուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու եւ ուղղակի սփռուեցան […]

Coronavirus Task Force Call to Action

Dear faithful, The Covid-19 Armenian Community Task Force of the Western United States continues to address the impact of the pandemic on our communities, on the elderly in particular and other vulnerable members of society. The task force includes representatives of the Armenian Youth Federation, Armenian Cultural Foundation, Armenian Relief Society, Armenian National Committee of […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2020

ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՆՔ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՂԹԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ Հաւատալից յոյսով կը միանամ Ձեզի աղօթելով, որ ինչ ալ ըլլան կեանքի պայմանները, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը մեր սրտերն ու հոգիները պիտի գօտեպնդէ, մեր հաւատքին ու յոյսին մէջ մեզ պիտի զօրացնէ ու վերանորոգէ, յատկապէս «քորոնա» ժահրի պատճառած համաշխարհային տագնապի այս օրերուն։ Այս տարի թէեւ Ս. […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

«ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԵՑԷ՛Ք, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ» Աստուծոյ Որդին դէպի Գողգոթա ուղղուելէ առաջ, իր աշակերտներուն վախն ու անորոշութիւնը տեսնելով կ’ըսէ՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։ Աստուծոյ Որդին մարդեղացած էր երկրաւոր նպատակներու ու նիւթական շահերու վրայ հիմնուած աշխարհի մարդակեդրոն համակարգը քանդելու եւ հաստատելու՝ երկնային ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած Աստուածակեդրոն համակարգը։ Ան […]

Ժամանակացոյց Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան Արարողութեանց

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած վտանգին դիմաց, Վեհափառ Հայրապետներուն տնօրինումին համաձայն եւ հետեւելով պետական ուղեգիծերուն, Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան արարողութիւնները եւս պիտի կատարուին դռնփակ՝ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու,բոլոր արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, եւ ուղղակի պիտի սփռուին Ազգ. Առաջնորդարանի […]

Տագնապալի Այս Օրերուն՝ Աստուծոյ Վստահինք

«Տէ՛րն է լոյսս ու փրկութիւնս, որմէ՞ պիտի վախնամ ես։ Տէ՛րն է կեանքիս ապաւէնը, որմէ՞ պիտի դողամ ես» (Սղ. 27.1) Սիրելի՛ հաւատացեալներ, Այս օրերուն, կը գտնուինք աննախադէպ եւ անորոշ ժամանակներու մէջ։ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ խուճապի մատնել համայն աշխարհը եւ հազարաւոր կեանքեր խլել։ Քաղաքներ ու երկիրներ անշարժութեան մատնուած են եւ անոնց բնակիչները իրենց սեփական տուներու […]

Համատեղ Յայտարարութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու

«Ես Տիրոջ դիմեցի, եւ աղօթքիս պատասխանեց, զիս ազատեց բոլոր վախերէս» (Սղ. 34.4) Մենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց հայ հոգեւոր առաջնորդներս, որպէս «անուշաբոյր խունկ» մեր սրտաբուխ աղօթքները կը վերառաքենք առ Աստուած եւ կը խնդրենք, որ Տէրը ընդունի մեր աղաչանքները որպէս «երեկոյեան պատարագ» (Հմմտ. Սղ 141.2)։ Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունի Աստուծոյ հանդէպ, «Որովհետեւ […]

Սրտագին Կոչ՝ «Քորոնա» Ժահրի Պատճառած Տագնապին Առիթով

Երբ ամբողջ աշխարհը կը դիմակալէ «Քորոնա» ժահրի տագնապը, կ’աղօթենք առ Աստուած, որ ներկայ ժամանակներու «Քորոնա» ժահրի պատուհասէն հեռու պահէ մարդկութիւնը, առաջնորդելով առողջ ու ապահով կեանքի, յատկապէս բոլոր անոնք, որոնք վարակուած են այս ժահրով։ Թող Աստուծոյ Աջը պահապան ըլլայ ու փարատէ բոլորին ցաւերն ու հիւանդութիւնները։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 15 Մարտ 2020-ը, Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022