Վերջին Լուրեր

Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Երեքշաբթի, 23 Օգոստոս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի Շրջանայի վարչութիւնը, որ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի, եկած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալու: Հանդիպման ընթացքին Թորգոմ Եպիսկոպոս գնահատեց Համազգային Հայ Կրթակական եւ Մշակութային միութեան գրեթէ մէկդարեայ գործունէութիւնն ու աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն եւ յատկապէս Հայաստանի ու […]

Արեւմտեան Թեմէն Ներս Հոգեհանգիստ Կատարուեցաւ «Սուրմալու»-Ի Զոհերու Հոգւոցն Խաղաղութեան Համար – Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կիրակի մը առաջ, 14 Օգոստոսին, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նոյն օրը նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան եւ Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք […]

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Վարժարանները Բացին Իրենց Դռները Կրթական 2022-2023 Տարեշրջանի Ընդառաջ

Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարանները լայն բացին իրենց դռները՝ ողջունելով կրթական նոր՝ 2022-2023 տարեշրջանը եւ բարի գալուստ մաղթեցին սիրասուն աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնք հաւատալով Ազգային վարժարանի հայակերտման եւ մարդակերտման միաձոյլ առաքելութեան՝ հոգեւոր, գիտական եւ մշակութային գիտելիքներու դարբնոց բերին իրենց մատղաշ զաւակները, որպէսզի Ազգային վարժարաններու մէջ անոնք թրծուին հայեցի եւ քրիստոնէական […]

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն Արեւմտեան Թեմէն Ներս – Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով – Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք, Խաղողօրհնէք Եւ Աւագութեան Տիտղոսի Շնորհում Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի

Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ի առաւօտուն, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Աստուածամօր՝ երկրէն երկինք փոխադրուելու Վերափոխման տօնը, եւ այս առիթով օրհնուեցաւ կեանքի խորհրդանիշ խաղողը, նորոգ հաւատքով լեցնելով հաւատացեալներուն հոգիները: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Տիրամօր անունը կրող Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նոր […]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, բարերարները, բարեկամները, նուիրեալները, աշակերտներն ու ծնողները, 2022-2023 կրթական տարեշրջանի վերամուտի առիթով: Սփիւռքի հայութեան գոյատեւման հե՛նքն է Հայ Եկեղեցին, որ միաժամանակ կը ներշնչէ կրթամշակութային զարթօնք, մինչ հայ դպրոցը՝ իբրեւ կրթութեան ցուցանիշը մեր […]

Գոյժ

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ· Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն՝ ազգային բարերար Վահան Շամլեանի մահը, որ պատահեցաւ 11 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի մէջ։ Հանգուցեալը իր կեանքի ընթացքին ծաւալած է յոյժ գովելի բարեգործութիւններ՝ յատկապէս Հայաստանի, Արցախի, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան Թեմի զանազան դաշտերէ եւ համայնքներէ ներս, մինչ […]

Սրբալոյս Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Եւ Սրբապատկերներու Օծում Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Սուրբ եւ անմահ Պատարագին հանդիսապետեց, Սրբալոյս նոր Միւռոնով ջրօրհնէք եւ սրբապատկերներու օծում կատարեց, ապա աւուր պատշաճի քարոզեց: Օրուան պատարագիչն էր Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. […]

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ – Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստեր – Հոգեւորականաց Հանդիպում – Լանջախաչ Կրելու Իրաւունք Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Թեմի Կրօնական ժողովը ընդլայնուած նիստեր գումարեց Ուրբաթ, 5 Օգոստոս 2022-ին: Ժողովը մանրամասն քննեց եւ արժեւորեց Արեւմտեան Թեմէն ներս իրագործուող կրօնական, մշակութային, դաստիարակչական եւ հրատարակչական շարք մը ծրագիրներ (Ս. գրոց սերտողութիւն, սարկաւագաց պատրաստութիւն, դպրաց դասերու վերակազմակերպում, կրօնի դասաւանդութիւններու արդիականացում, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերաորակաւորում, ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ […]

2022 – Սփիւռքի Տարի – Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Տասը Միլիոն Տոլար ($10,000,000) Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններուն

Հայ Եկեղեցւոյ համար հայ դպրոցը յոյժ եզակի տեղ ունի բազում հարիւրամեակներէ ի վեր, որովհետեւ ան՝ հայ դպրոցը, կենսաբանական որդին է Հայ Եկեղեցւոյ: Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը՝ որպէս կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ծաղկման կեդրոն, իր թեմերու ճամբով, բոլոր ժամանակներու հայ կեանքէն ներս մինչ օրս վառ կը պահէ յաղթական Մեսրոպի երկնած առաջին հայ դպրոցի տարածման եւ բարգաւաճման տեսիլքը՝ […]

Եպիսկոպոսական Միւռոնաբոյր Ս. Պատարագ Եւ Անդրանիկ Ջրօրհնէք Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Կիրակի, 17 Յուլիս 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարանը հարսանիք հագաւ, շնորհիւ այն միւռոնաբոյր մթնոլորտին, որ ստեղծուեցաւ տեղւոյն մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով: Այդ օր, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգեւոր հայրերու եւ Դպրաց դասի ուղեկցութեամբ, հոգեգրաւ շարականի երգեցողութեան ներքոյ ուղղուեցաւ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, ուր հնչեցին աղօթք ու շարական, ապա Հոգեւոր […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին Ձեռամբ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Կատարուեցաւ

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Հասած է ժամը Միւռոնօրհնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է որ կատարուեցաւ։ Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած են մասնակից դառնալու եւ դիտելու, […]

Տէր Եւ Տիկին Վարանդ Եւ Հուրի Մելքոնեաններ Միւռոնօրհնէքի Առիթով Կը Զօրակցին Դպրեվանքին

Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ ներկայիս կը գտնուի Անթիլիաս, հեռաձայն մը ստացաւ ամերիկաբնակ ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններէ, որոնք Առաջնորդ Սրբազանին ուրախութեամբ փոխանցեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ թէ Միւռոնօրհնէքի առիթով կը զօրակցին Դպրեվանքի ծրագիրներուն եւ միաժամանակ փափաքեցան, որ այս մասին տեղեակ պահուի նաեւ Վեհափառ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց «Յաղթանակի Պարահանդէսին» Եւ Դրուատեց Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Աշխարհատարած Գործունէութիւնը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան 45-րդ մարզախաղերու առիթով, Կիրակի, 26 Յունիս 2022, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան «Յաղթանակի պարահանդէս»ը, որուն ներկայ եղաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ· Տ· Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ իր խօսքին մէջ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Կեդրոնին

Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնին, ուր ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիկին Արուսեակ Մելքոնեան, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց նախկին անդամներ, Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան եւ անդամներ, […]

Տէր Եւ Տիկին Աբրահամ Եւ Նորա Թաշճեաններ Կը Զօրակցին Կաթողիկոսարանի Առաքելութեան

Արեւմտեան Թեմի բարերար եւ Ազգային Առաջնորդարանի բարեկամ՝ Տէր եւ Տիկին Աբրահամ եւ Նորա Թաշճեաններ, Միւռոնօրհնէքի ընդառաջ, Աթոռին նկատմամբ ինքնաբուխ ուրախութեամբ իրենց նիւթական զօրակցութիւնը յայտնելու փափաքով, կապ հաստատեցին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ միւռոնօրհնութեան շրջագիծէն ներս հովանաւորելու Կաթողիկոսարանի կապուած որեւէ ծրագիր: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022