Վերջին Լուրեր

Լոյս Տեսաւ Կիլիկիա Պաշտօնաթերթի Բ. Տարուան Բ. Թիւը

Հսկողութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, խմբագրութեամբ Սեդա Գրիգորեանի, էջադրումով եւ ձեւաւորմամբ Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի, այսօր, Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, գունաւոր եւ բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ Ազգային Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ երկլեզու պաշտօնաթերթի Բ. տարուան Բ. թիւը: Այս համարին ինքնատիպ կողքը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի եւ հայոց ազգի՝ մահէն ետք Յարութիւնն ու ցարդ […]

Անահիտ Եւ Սիլվի Պաղտատլեաններ Կը Զօրակցին Միւռոնօրհնէքի Ձեռնարկներուն

Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ազգ. Առաջնորդարանի երէց բարերարուհիներէն Անահիտ Պաղտատլեան եւ դուստրը՝ Սիլվի, փափաք յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը բերել՝ 1 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայանալիք Միւռոնօրհնէքին եւ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանի ցուցմունքին, անոնք սիրայօժար յանձն առին Միւռօնորհնէքի շրջագիծէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն աջակցիլ նիւթապէս: […]

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն

Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ին, Հայրերու տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, որուն ընթացքին՝ ընթերցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակը, քահանայական ծաղկեայ սեւ փիլոն շնորհեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի: Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Շքանշաններ Յանձնեց

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր օրհնութեամբ եւ տնօրինումով եւ ընդառաջ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի խնդրանքին, շքանշաններ յանձնուեցան հայ համայնքի կրթական եւ ծխական կեանքէն ներս իրենց անսակարկ ծառայութիւնն ու նուիրումը բերած ազգայիններու, այսպէս. «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան՝ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգ· մանկամսուր-մանկապարտէզի վաստակաւոր վարիչ՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեանի, որ իբրեւ մանկավարժ, մօտաւորապէս […]

Յովնան Եւ Թորգոմ Սրբազաններ Ներկայ Գտնուեցան Ղպտիներու Սերաֆիոն Սրբազանի Ս· Պատարագին

Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ղպտի Ուղղափառ Սերաֆիոն Մեթրոփոլիթը Նորթրիճի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. եւ անմահ Պատարագ, որուն ներկայ եղան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկու թեմակալ առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ: Այս առիթով, սրտի խօսք ու քարոզ արտասանեցին Սրբազան Հայրերը, […]

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2022-ի յետմիջօրէին, յատուկ պատուիրակութեամբ մը Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներու հետ: Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց՝ հայ ազգն ու հայոց հայրենիքը յուզող հարցերու մասին:

Ազգային Վարժարաններու Փակման Հանդիսութիւնները Ուրախութեամբ Լեցուցին Հայ Համայնքի Կեանքը

Յունիս ամսուան առաջին երկու շաբաթները, ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմի եւ մասնաւորաբար Ազգ. վարժարաններու կեանքէն ներս եղան յատուկ օրեր, որոնց ընթացքին ժողովուրդին մատուցուեցան Ազգ. վարժարաններու աշակերտական հունձքեր՝ զանազան մակարդակի վրայ, մանկամսուր-մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական: Արդարեւ, հայ վարժարանը իր ծառայութեամբ եւ առաքելութեամբ այնքան եզակի եւ անզուգական տեղ կը գրաւէ մեր ազգի ու մասնաւորաբար Սփիւռքի կեանքէն […]

Տէր Եւ Տիկին Յովսէփ Եւ Էլօ Պոյաճեաններ Կը Հովանաւորեն Միւռոնօրհնէքի Կազմակերպական Բոլոր Ծախսերը

Երեքշաբթի, 14 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարերարներէն եւ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներ՝ Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլօ Պոյաճեաններ, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ խնդրամատոյց եղան անոր, որ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցէ, թէ՝ որպէս ուխտաւորի մէկ ժեսթ, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հովանաւորելու յառաջիկայ 1 Յուլիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ […]

Սրբապատկերներու Օծում Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Գեւոնեան Ընտանիքը 10 Հազար Տոլար Նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի Կիլիկիա Պարբերաթերթին

Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Նազարէթ Գեւոնեանի եւ իր դստեր Թամար Գեւոնեանի, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ ընդհանրապէս իր ծառայական գործունէութեան եւ յատկապէս ԿԻԼԻԿԻԱ պարբերաթերթի ճամբով հայ գիրի, դպրութեան ու քրիստոնէական արժէքներու տարածման նկատմամբ ցուցաբերած բծախնդիր վերաբերումին եւ նուիրական […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Խօսքը

Սկիզբ իմաստութեան երկիւղ Տեառն է (Առակ 1.7) Պատուարժան Տնօրէնութիւն, Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ Հայրն մեր Աստուած, Որուն մաքուր ու կենարար շունչին ներքոյ գործելով՝ մենք բարեյաջող կ՛աւարտենք 2021-2022 կրթական տարեշրջանը եւս, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններու: Աստուածային օրհնութեանց կողքին, մեզի համար ներշնչող ուժ կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի […]

Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Հոգեգալուստի տօնին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. եւ անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրեց հինգ ուրարակիրներ՝ Յակոբ Տէմիրճեան, Նարեկ Խաչատուրեան, Աւօ Փաթաթեան, Յարութ Իննէճեան եւ Կարապետ Մարգարեան, որոնք եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ պատրաստուած […]

Էշկիեան Ընտանիքը Կը Հովանաւորէ Միւռոնօրհնէքի Բոլոր Յուշանուէրներուն Ծախսերը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, 1 Յուլիս 2022-ին, պիտի կատարէ Միւռոնի օրհնութիւն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Հոգեւոր սփոփանքի եւ հոգենորոգ զուարճութեան առիթ հանդիսացող Միւռոնօրհնէքի նախօրեակին, Արեւմտեան Թեմի բարերարներ ու ազգայիններ զանազան մակարդակներու վրայ եւ լիաբուռն՝ որպէս խորհրդանիշ ուխտի, ինչպէս նաեւ՝ Կիլիկեան դարաւոր Աթոռի նկատմամբ տածած հաւատարիմ սիրով տոգորուն, իրենց զօրակցութիւնը ցոյց կու […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգ. Լ. Եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Պատասխանատուները

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ՝ Տիկին Կարին Չուքատարեանի, Ուսումնական մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Ռիթա Աւագեանի եւ անդամներ՝ Տեարք Ճօ Պաղտատլեանի եւ Շանթ Պապուճեանի: Անոնք եկած էին պաշտօնապէս խնդրելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը՝ Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրման […]

Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Աշակերտները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի մէջ գործող Ազգային Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկապարտէզ-մանկամսուրի աշակերտներուն, գլխաւորութեամբ մանկամսուրի վարիչ Արսինէ Աղազարեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակ ուսուցիչներու: 30 փոքրիկները լեցուցին Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակը խմբային աղօթքով, հայրենասիրական երգերով ու կոչերով եւ իրենց քաղցր ներկայութեամբ, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը հայրական խանդաղատանքով ու գորովալի […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022