Լուրերու Լուսարձակ

2018 – Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Տարի

ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ, ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ,ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՑ, ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ, ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԾԱՌԱՅԻՑ ՀԱՅ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ, ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ԵՒ ՄԱՄԼՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐԱՑ, ԵՒ ՀԱՄՕՐԷՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՀԱՐԱԶԱՏԱՑ ՄԵՐՈՅ ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ ԱԶԳԻ ՈՐ Ի ՍՓԻՒՌՍ ԱՇԽԱՐՀԻ, ՔՐԻՍՏՈՍԱՒԱՆԴ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց «Հաւատով Խոսրովանիմ» Աղօթագիրքը

Ազգային Առաջնորդարանը այսու կը յայտնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ լոյս ընծայած է Ս.buy orlistat online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/orlistat.html no prescription Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթագիրքը, ի յիշատակ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հանգուցեալ ծնողաց՝ Յակոբ Եւ Տիրամայր Մարի Մարտիրոսեանի։ Աղօթագիրքը կազմուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի քսան եւ չորս մեծազօր ու հոգեթով աղօթքներով, ներկայացուած երեք […]

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Գաղութիս Ներկայացուցչական Պատուիրակութիւնները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը, […]

Հայրապետական Ս. Պատարագ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Արեւմտեան մեր Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ ներկաները Նորին Ս. Օծութեան օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով: Նորին Ս. Օծութիւնը հոգեւորականաց շքեղ թափօրով եւ ամպհովանիով «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճէն ուղղուեցաւ դէպի «Աւետիսեան» […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ – Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Համայնքիս Չորս Նուիրեալներ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016ը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող իր պատգամին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին: Հոն, ուր եկեղեցին ծառայութիւնը դարձուցած է իր կեանքին առանցքն ու նպատակը, ան դարձած է հզօր ու կենսունակ: Հոն, ուր եկեղեցին իր հեղինակութիւնը տեսած է այլ տեղ եւ ոչ […]

«Հայ Եկեղեցւոյ, Դպրոցներուն եւ Ազգային Արժէքներուն մեր Պատկանելիութեան Գիտակցութիւնը Հիմքը կը Կազմէ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման» – Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիգ» հանդիսասրահին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1400 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Հրաշափառ»ով Դիմաւորուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան. Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմիս միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան եւ անձնակազմին […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Լոս Անճելըս

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Լոս Անճելըս՝ հանդիսապետելու համար իր ընտրութեան եւ գահակալութեան 20-ամեակի տօնախմբութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ չորս օրերուն։ Ն. Ս. Օծութեան կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ եւ […]

Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան 6րդ Քառամեակի Մը Համար Վերընտրուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ – Ընտրուեցան Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան Նոր Կազմեր

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ուրբաթ, 20 եւ Շաբաթ, 21 Մայիս 2016ին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, գումարեց իր 44րդ նստաշրջանը, օրակարգի վրայ ունենալով նաեւ թեմակալ Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան կազմերու ընտրութիւն։ Ժողովը քննարկեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ երկու գործադիր մարմիններուն անցեալ մէկ տարուան աշխատանքը ու նախապատրաստեց […]

Օրհնութիւն եւ Քողազերծում Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Նուիրուած Ազգ. Առաջնորդարանի Յուշակոթողին

Կոչ՝ Արցախի Զօրակցութեան – Լիաբուռն Մասնակցինք Հանգանակութեան

Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 11էն 15 Ապրիլին Հայաստան եւ Արցախ այցելեց, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հետ միասնաբար զօրակցութիւն յայտնելու համար հայրենի պետութեան, Արցախի պետական պատասխանատուներուն, սահմանապահ մեր զինուորներուն ու քաջարի մեր ժողովուրդին: Այցելութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Թեմերուն […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Ծառայութեան Տարուան» Պատգամը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ: Կ’աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր Մեծ Ընտանիքին՝ […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ոսկեհոս Ջրվէժ» Հատորը

Ազգային Առաջնորդարանը Դեկտեմբեր 2015-ին հրատարակեց բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը՝ «Ոսկեհոս Ջրվէժ», որ հաւաքածոյ մըն է հոգեւոր խորհրդածութիւններու եւ չափածոյ ու արձակ ստեղծագործութիւններու։ Հատորին ներածականը գրած է Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ դրուատիքով եւ օրհնութեամբ կ’անդրադառնայ բանաստեղծին վաստակին. ան կը նշէ, որ «կեանքի փորձառութիւններով հարստացած եւ սպիտակահեր, սակայն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Նահատակներու Աճիւններու Օրհնութիւն եւ Խաչաձեւ Ճաճանչներու Օծում

Արեւմտեան մեր Թեմի ժողովուրդն ու մասնաւորաբար Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի անդամները Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ապրեցան հազուադէպ ու հոգեպարար պահ մը, երբ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն Տէր Զօրէն բերուած աճիւններու օրհնութեան եւ խաչաձեւ ճաճանչներու օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Պատմական […]

J. Paul Getty Museum and the Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America Announce Agreement in Armenian Art Restitution Case

This post is only available in English

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022