Լուրերու Լուսարձակ

Սիսի Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրական Ձայնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական […]

Արեւմտեան Մեր Թեմը Կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Միւռոնօրհնէքին եւ Մշակութային Ձեռնարկներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան գրասենեակէն քաղելով, ստորեւ ամփոփ գիծերու մէջ եւ ժամանակագրական կարգով կը ներկայացնենք Ս. Աթոռոյս յարկին տակ 18 եւ 19 Յուլիսին տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները, որոնց բարձրակէտը եղաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, Շաբաթ, 18 Յուլիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ: Թէ՛ Միւռոնօրհնէքը […]

Հայրապետական Պատարագ եւ Ճաշկերոյթ Ուաշինկթընի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 9 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ “Անարատ Յղութիւն” Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ս. Պատարագը մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Առընթերականերն էին, Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան երկու թեմերու առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ուաշինկթընի Մէջ կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Ուաշինկթըն մեկնեցաւ, ուր երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, 7էն 10 Մայիսին պիտի նախագահեն Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչական արարողութեանց ու հանդիսութեանց, մասնկացութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանայ Ազգային Վարչութեան անդամներէ, բարերարներէ եւ թեմիս ազգայիններէն […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մօտ

Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2015ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի իր պատմական Կաթողիկոսարանին վերադարձը։ Անցնող երկու տարիներու ընթացքին, յիշեալ դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային դատավարական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ։ Կաթողիկոսարանին կալուածները, որոնց մաս կը կազմէ Ս. Սոֆիա եկեղեցին եւ […]

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յիշատակում

Ապրիլ 24ի շաբաթավերջը պատմական օրեր արձանագրեց ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ աշխարհի պատմութեան մէջ, որովհետեւ հոգեւոր եւ պետական պատասխանատուներ եւ մամուլը, հայութեան հետ միասին, ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան 100ամեակը, խոնարհեցան մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին եւ ձայնակից եղան մեր “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” նշանաբանին: Արեւմտեան մեր Թեմը լիարժէք կերպով մասնակից էր Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման, որ […]

Ցեղասպանութեան 100ամեակին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Սրբադասեց Մեր 1.5 Միլիոն Նահատակները

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015ը իբրեւ պատմական եւ անմոռանալի թուական արձանագրուեցաւ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ. արդարեւ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ մը, հաւաքաբար սրբադասեց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակները, նոյն արարողութեան ընթացքին կատարելով նահատակաց սրբանկարներու օծումն ու նշխարներու օրհնութիւնը: Սրբադասումի արարողութիւնը գլխաւորեցին մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նշում Լոս Անճելըսի “Our Lady of the Angels” Մայր Տաճարին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման մեր գաղութի Միացեալ Մարմինին հովանաւորած ազգային ու եկեղեցական ձեռնարկներուն եւ արարողութեանց ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2015ի երեկոն արձանագրեց պատմական հանգրուան մը: Արդարեւ, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ամերիկայի Կաթողիկէ համայնքի Լոս Անճելըսի “Our Lady of the Angels” Մայր Տաճարին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, հովանաւորութեամբ Ցեղասպանպութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինին եւ հիւրընկալութեամբ Կաթողիկէ համայնքի […]

Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց Ժագ Ս. Յակոբեանի »Փախչիլ Զկայ, Հա՜…« Հատորը

Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հրատարակութիւններու ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանը այս շաբաթ լոյս ընծայեց վաստակաշատ բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն աշխատասիրութիւնը, որ կը կրէ “Փախչիլ Չկայ, Հա՜…” խորագիրը: 140 էջերու վրայ տարածուող հատորը կը բովանդակէ բանաստեղծին հոգեւոր խորհրդածութիւններէն եւ վերլուծումներէն 20 արձակ գրութիւն. ունի ներքին երկու բաժանում. մեկնելով աւետարանական հատուածներէ կամ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին […]

Մեծարանքի Երեկոյ Հայրենի Վաստակաշատ Երգահան Տիգրան Մանսուրեանի

Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2015ի երեկոյեան, հայրենի տաղանդաւոր երգահան՝ Տիար Տիգրան Մանսուրեանի ի պատիւ մեծարանքի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային Դաստիարակչական Յանձնախումբի կողմէ։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ մեծարեալ երաժշտագէտի “Հնչիւններու Տարածութիւն” […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կոնդակը

2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հետեւաբար, իր խորքով ու իմաստով, իր նպատակով ու պատգամով տարբեր թուական մը պէտք է դառնայ: 2015 տարին իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին մէջ։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմն է ձգած հայոց ցեղասպանութիւնը։ Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն արեան հետ չէ թրծուած ու կեանքին հետ չէ […]

Համազգայինի “Անի” Պարախումբի 40ամեակին Առաջնորդ Սրբազանը Հայրապետական Կոնդակով եւ “Ս. Մեսրոպ Մաշտոց”ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Պարուսոյցները

Համազգայինի “Անի” պարախումբը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, պարախումբի 40ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Glendale High School-ի “John Wayne Performing Arts Center”ի մէջ։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքի խօսքն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս […]

Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողով Ս. Էջմիածինի Մէջ

11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ: Ժողովին մասնակցեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ […]

Ազգային Առաջնորդարանը՝ Նաեւ Facebook-ի Վրայ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy intagra online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/intagra.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը ուրախ են յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան մասին կարելի է լուրերու հետեւիլ նաեւ համակարգչային Facebook դրութեան ճամբով: Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, որ հետեւի այս էջին, www.facebook.com/WesternPrelacy, եւ զայն տարածէ բարեկամներու շրջանակին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Դատապարտեց Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան Ականահարումը

“Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն յիշատակն ու անոնց կտակին յանձնառութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնան աղարտիլ ու տկարանալ՝ Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան ականահարման դէպքին հետեւանքով. նման ոճրային ու բարբարոս արարքներ մեզ առաւել եւս կ’ամրապնդեն, որպէսզի արթնութեամբ շարունակենք պահանջատիրութեան երթը եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակը վերածենք մեր արդար Դատի կենսագործման պատմական հանգրուանի”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022