Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Ամառնային Դասընթացքի Մասնակիցները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազանին

Ինչպէս հաղորդած էինք, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 5 էն 18 Օգոստոսին, Անթիլիասի մայրաքանքէն ներս տեղի ունեցաւ երիտասարդական ամառնային երկշաբաթեայ յատուկ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու։

Արեւմտեան մեր Թեմէն մասնակցեցան 6 երիտասարդներ՝ Շահան Աթմաճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան, Փառէն Տէր Պետրոսեան, Վանա Տէմիրճեան, Լարա Տէմիրճեան եւ Գարին Այվազեան։

Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Շահան Աթմաճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան եւ Փառէն Տէր Պետրոսեան այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան ուր հանդիպում մը ունեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին հետ իրենց տպաւորութիւնները փոխանցելու եւ Անթիլիասի մէջ ունեցած փորձառութեանց արժեւորումը կատարելու համար։ Այնուհետեւ, անոնք հարցազրոյց մը ունեցան «Եկեղեցին Հայկական» պատկերասփիւռի մեր յայտագրէն։

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ու գնահատեց երիտասարդները, յոյս յայտնելով, որ անոնք իրենց ամբարած գիտելիքները պիտի կարենան բաժնեկցիլ իրենց ծառայած եկեղեցիներուն երիտասարդներուն հետ, եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայի բոլոր ծրագիրներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022