ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 27 Մայիսը տօնն է Հոգեգալստեան, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնի նախօրեակին։

Զոյգ տօներուն առիթով, Կիրակի, 27 Մայիսին Ս. Պատարագ եւ համապատասխան արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, յընթացս Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական Մաղթանք եւ Հայկական Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Հանրապետութեան կերտումին համար մղուած բոլոր հերոսամարտներուն ինկած նահատակներուն յիշատակին։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեանց ու վերանորոգելու Հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022