Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԵՒ ԽԱՐՈՅԿԻ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի 40օրեայ տաճար ընծայման տօնին առթիւ, Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2012-ի երեկոյեան, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ։

Այս առթիւ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան հանդիսապետեց եւ օրուան խորհուրդով պատգամ մը փոխանցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։

Ներկայ էին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Սան Ֆրասիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչը, Եկեղեցւոյ հովիւները, հոգաբարձուները, երեսփոխանները, Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասերը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, սկաուտական կազմը, ինչպէս նաեւ 1500-է աւելի հայորդիներ։

Սրբազան հայրը օրուան խորհրուդը ներկայացնող պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Իր պատգամին մէջ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի »Taking The Church to the People« գիրքէն երեք միտքեր վեր առնելով, ու յատկապէս երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց՝

Ա. Հաւատարիմ մնալ Քրիստոնէական հաւատքին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն։

Բ. Գործօն եւ դրական մասնակցութիւն բերել մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին դիմաց օրէ օր աճող կարիքներուն։

Գ. Վերանորոգ հաւատքով ապաւինիլ Յիսուս Քրիստոսի։

Առաւել եւս, Սրբազան Հայրը, իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այս տօնին ընդմէջէն մեզի հասած այլ կարեւոր պատգամ մը, թէ՝ այս օրը Տիրոջ հանդիպելու, անոր ներկայութիւնը վայելելու օր է, եւ, ինչպէս Յիսուսի ծնողները տաճար ընծայման առթիւ իրենց նուէրները բերին տաճարին, հարց տուաւ, թէ մեր նուէրը ի՞նչ պիտի ըլլայ Աստուծոյ, ի հարկէ՝ մեր հաւատքը եւ մեր քրիստոնավայել կենցաղը։

Ապա, տեղի ունեցաւ մանուկներու տաճար ընծայումը, իսկ աւելի ուշ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը։ Խարոյկին շուրջ խանդավառութեան ստեղծումին նպաստեց հայրենի »Քնար« պարախումբին ելոյթը՝ հայկական տոհմիկ ու իւրայատուկ պարերով ու պարեղանակներով։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, ներկայ հոգեւորականները եւ ժողովականները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ սկաուտներու հետ, սիրոյ ճաշ մը ունեցան։

Սիրոյ սեղանը արդէն իսկ տասը տարուան աւանդութիւն դարձած է, ուր մտերմիկ մթնոլորտի մէջ սկաուտները առիթ կþունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր հոգեւոր հայրերուն եւ զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին։ Հանդիպումի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան կողմէ գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին։ Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը Աղօթագիրք մը նուիրեց բոլոր ներկաներուն։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ