Թարգմանչաց Տօնի Շաբաթավերջին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Թեմի Յոբելենական Հանդիսութիւն, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

Ս. Թարգմանչաց տօնին շաբաթավերջը Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին համար եղաւ պատմական եւ իւրայատուկ։ Արդարեւ, համայնքը ապրեցաւ յիշատակելի երեք օրեր, մանաւանդ որ այս տարուան տօնախմբութիւնը կը զուգադիպէր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի հովանաւորութիւնը վայելող Թեմի հիմնադրութեան 60-ամեակին եւ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 45-ամեակին։ Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւնները կը վայելէին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին հովանաւորութիւնը, նախագահութիւնն ու ներկայութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սան Ֆրասնսիքօ ժամանեց Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, եւ առաջին հերթին այցելեց Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարանը, ուր զինք դիմաւորեցին աշակերտներն ու դաստիարակները։ «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւն, պատրաստուած աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։ Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Կրէյս Անտոնեան, բարի գալուստի խօսք արտասանելով, ուրախութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր այցելութեան համար, որ տեղի կ’ունենար այս իւրայատուկ ազգային-կրօնական տօնին առիթով։ Աշակերտները ասմունքներով ու երգով ծաղկեցուցին հանդէսը, նաեւ իրենց ձեռքերով պատրաստուած արուեստի աշխատանք մը նուիրեցին Սրբազան Հօր։

Խօսք առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ շնորհաւորեց զայն՝ Ս. Թարգմանչաց վարդապետներու տօնին առիթով։ Ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր պատգամը եւ օրհնութիւնը բաշխէ աշակերտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցչական կազմին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէրներ նուիրեց տասը ուսուցիչներու, որոնք վարժարանին մէջ կը դասաւանդեն հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ եւ գրականութիւն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլորը՝ այս տօնին առիթով եւ վեր առաւ Ս. Թարգմանչաց տօնի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Ան աշակերտները յորդորեց ուխտել եւ խոստանալ, որ միշտ տէր պիտի կանգնին հայ լեզուին եւ պատմութեան, զայն գործածելով եւ պահելով։ Ան «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց վարժարանը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները։

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Նոյն օրը երեկոյեան, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան, «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի 60-ամեակին եւ Արեւմտեան Թեմի 45-ամեակին։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Կարպիս Պէզճեան։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակի արարողութեամբ։ Հանդիսավարը՝ Բարշ. Սեւակ Սրկ. Պատոյեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ներկաներուն։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, որ իւրայատուկ եւ պատմական նկատելով երեկոն, յիշեց բոլոր այն անձնաւորութիւնները, որոնք ներդրում ունեցան Թեմի կազմաւորման եւ զարգացման մէջ։ Ան երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ստանձնած է Թեմի ծառայութեան մեծ բաժինը։

Բանախօսն էր Ֆրեզնոյէն հրաւիրուած, երկար տարիներու եկեղեցական ու թեմական կեանքի մէջ ներդրում ունեցած Բարշ. Մարք Աւ. Սրկ. Շիրինը։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Թեմի պատմութեան ծալքերն ու կարեւորութիւնը։

Յանուն Ազգային Վարչութեան, Տիար Կարպիս Պէզճեան շնորհաւորանքի խօսք մը արտասանեց եւ վկայեց, թէ որքան աշխատանքներ կ’իրականացուին Թեմին մէջ։

Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր ասմունքով, կատարողութեամբ՝ Անժելա Կիրակոսեանի, եւ երգերով՝ կատարողութեամբ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտներուն, նուագակցութեամբ վաստակաշատ երաժիշտ Տիկին Սեդա Գիզիրեանի։

Սրտի խօսքը փոխանցեց Հայր Պարոյրը, որ այս տօնը կարեւոր նկատեց «ոչ միայն տօնելու եւ անցնելու» տրամադրութեամբ, այլ մանաւանդ ներշնչուելու եւ գործի լծուելու նախանձախնդրութեամբ։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, իր տարիներու անսակարկ ծառայութեան համար։ Եկեղեցւոյ Հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը արուեստի գործ մը իբրեւ յուշանուէր յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Հանդիսութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը. ,Այսօր ուխտի օր է, ուխտի վերանորոգման օր, յիշելու օր, յիշատակումի օր, վերանորոգումի ու վերանորոգուելու օր, վերընծայումի եւ վերանծայուելու օր», շեշտեց ան, ապա, անդրադառնալով զոյգ յոբելեաններուն՝ յորդորեց անխոնջ ծառայութիւնը շարունակել աննկուն կամքով, տոկուն հաւատքով, ծով համբերութեամբ եւ ապագայատեսիլ յոյսով։ «Թարգմանիչ վարդապետներու աւանդին իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրեալ զօրակիցները, եկէ՛ք, ներշնչուինք Թարգմանչաց աւանդով, մեր հայրապետներու տեսիլքով եւ ծառայական առաքելութեամբ, վերանորոգուինք եւ հաւատարիմ տնտեսներ ըլլանք անոնց ժառանգութեան եւ աւանդին», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ յատուկ գնահատանք ուղղեց բանախօսին, գնահատեց Հայր Սուրբը, Հոգաբարձութիւնը եւ Տիկնանց Միութիւնը այս գեղեցիկ երեկոյին համար, օրհնեց աշակերտները եւ դպրոցի բոլոր նուիրեալները։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։ Ապա, ներկաները վայելեցին տիկնանց միութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը։

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի նուիրեալ ընտանիքներէն՝ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Յակոբ եւ Սիւզի Գույումճեան իրենց բնակարանին մէջ հիւրընկալեցին եկեղեցւոյ համայնքի զաւակները, զոյգ յոբելեաններուն առիթով. ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Հիւրընկալ ամոլին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Տոքթ. Յակոբ Գույումճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթը իրենց շնորհուած ըլլալուն համար։ Ան յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ բոլոր նուիրեալներուն եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն մէջ։

Հոգաբարձութեան ատենապետը եւս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ամոլին՝ այս նախաձեռնութեան համար։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ Սրբազան Հօր բծախնդիր եւ նուիրեալ աշխատանքին, որուն համար եկեղեցւոյ անունով երախտագիտութիւնը յայտնեց։

Հոգեւոր Հովիւը իր կարգին անդրադարձաւ Սրբազան Հօր երկարամեայ ծառայութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Սրբազանին նախաձեռնութեամբ ինք եւս մաս կը կազմէ Թեմի պատմութեան եւ ծառայութեան։ Ան յոյս յայտնեց, որ բոլոր ներկաները իրենց մեծ կամ փոքր բաժինը բերեն եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ամոլին, Հայր Սուրբին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան, որոնք այս գեղեցին երեկոն կազմակերպեցած էին։ Սրբազան Հայրը վերանորոգուելու եւ ալ աւելի յանձնառու դառնալու պատգամ փոխանցեց ներկաներուն, նշեց, թէ որքան գոհունակ է, որ իր ծառայական կեանքի հսկայ բաժինը նուիրած է Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց հիւրընկալ ամոլը, ներկաներն ու եկեղեցւոյ բոլոր անդամները եւ ընդգծեց, որ այսօր առիթ եւ հրաւէր է վերանորոգուելու հաւատքով, ներշնչուելու մեր նախնիներուն ժառանգութեամբ, եւ ուխտելու տոգորուիլ ծառայութեան ոգիով, ի խնդիր պայծառ ապագայի մը կերտումին։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 14 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Խնդրանօք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ հոգաբարձութեան, դպրաց կարգ ստացան եկեղեցւոյ մէջ ծառայող 18 պատանիներ եւ պարմանուհիներ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Քարոզէն առաջ, ընծայեալները Ս. Խորան բարձրացան, խարտաւիլակութեամբ Հայր Սուրբին, ու ստացան դպրութեան չորս աստիճանները։ Սրբազան Հայրը, օրհնելով նորոգ ձեռնադրուած դպիր-դպրուհիները, ուղղեց իր պատգամը։ Ան ողջունեց եւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ու յորդորեց ձեռնադրեալներն ու անոնց ծնողները, որպէսզի ուխտեն մնալ հաւատարիմ իրենց ծառայութեան մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց Թարգմանիչ վարդապետները, որոնք մեծ պատգամ մը ունին մեր բոլոր սերունդներուն, ապա կանգ առաւ օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, թէ ինչպէս այրի կինը իր ամբողջ ունեցածը դրաւ տաճարի գանձանակին մէջ, ու հաւատացեալները յորդորեց նոյն նուիրումը ցուցաբերելու եկեղեցւոյ հանդէպ։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ծնողներն ու մեծ ծնողները՝ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն ձեռնադրութեան առիթով, իսկ Պատարագի աւարտին, վկայագիրներ յանձնեց 18 ընծայեալներուն։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Արարողութենէն ետք, հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ, ուր ձեռնադրեալներուն ծնողները պատրաստած էին սիրոյ սեղան, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին։ Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր, որ յանձն առաւ ձեռնադրել եկեղեցւոյ փոքր սպասաւորները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ճաշկերոյթի կազմակերպման համար։

Աւարտին, Սրբազան Հայրը յիշեց, թէ 50 տարիներ առաջին, ինք եւս իբրեւ դպիր ընծայուեցաւ Սուրբ Խորանին, Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, եւ մաղթեց, որ դպիրները իրենց ծառայութիւնը շարունակեն բազմաթիւ տարիներ։ Ան նաեւ ուրախութիւն յայտնեց, որ պտղալից եւ արդիւնաբեր շաբաթավերջ մը ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին հետ, որուն համար բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ բոլոր մարմիները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022