Մուսա Լերան Հերոսամարտի 102-ամեակի Նուիրուած Տօնախմբութիւն

Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ միութիւնը այս շաբաթավերջին կազմակերպած է երկօրեայ հանդիսութիւն, ոգեկոչելու համար յիշատակը 102 տարի առաջ մղուած յաղթական հերոսամարտին։

Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հերիսայի պատրաստութիւն եւ խրախճանք։

Կիրակի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս.
buy Buspar generic https://noprescriptionbuyonlinerxx.com over the counter

Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան յատուկ պատգամը։ Պիտի պատարագէ նորաօծ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Ազգային Առաջնորդարանի բարերար Կայծակ Օհաննէսեանի հոգւոյն համար, անոր մահուան Ա. տարելիցին առիթով։

Արարողութեան աւարտին, կ.ե. ժամը 1-ին, «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հերիսայի օրհնութիւն՝ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած է Դոկտ. Վահրամ Շամմասեան։ Տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հանդիսութիւն՝ հայկական տոհմիկ նուագարաններով։

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ Ս. Պատարագին, լսէ Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը եւ օրհնուած հերիսայէն բաժին վերցնելով՝ հաղորդակից ըլլայ Մուսա Լերան հերոսամարտի անժամանցելի խորհուրդին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022