Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ Գահակալութեան 20-ամեակին Առիթով


– ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆԻ ԵՒ ԱՍՊԵՏԻ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐ՝ ՀԻՆԳ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ

– ՄԵԾԱԳՈՒՄԱՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»ԻՆ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, մեծարանքի ճաշկերոյթով մը պատուեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ գահակալութեան 20-ամեակին առիթով, մեր Թեմին տուած շնորհաբեր այցելութեան իբրեւ վերջին հաւաքական նախաձեռնութիւն:

Մեծարանքի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Քալիֆորնիա Քլապ»ի շքեղ սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շէրըլ Նաճարեան բարերար ամոլին: Վեհափառ Հայրապետին կողքին, պատուոյ սեղանին շուրջ կը գտնուէին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննէսեան, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմ եւ իր ազնիւ տիկինը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Կեդր. Կոմիտէի, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ու Թեմիս Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները: Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Հայաստանի հիւպատոսութենէն՝ խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կաթողիկոսութեան ու Ազգ. Առաջնորդարանի «Կիլիկեան Իշխան» եւ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանակիր բարերարներ ու բարեկամներ:

Երեկոյի բացման ու ողջոյնի խօսքը արտասանեց հանդիսավարը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան: Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգները մեներգեց արուեստագէտ Րաֆֆի Քերպապեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Վեհափառ Հայրապետը: Յանուն Թեմիս Ազգ. Վարչութեան, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, որ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ կանգ առաւ Նորին Սրբութեան եկեղեցանուէր, ժողովրդանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն առջեւ, վերահաստատեց անվերապահ զօրակցութիւն եւ Կիլիկեան Աթոռին մաղթեց նոր բարգաւաճում:

Բարի գալուստի իր սրտի խօսքը արտասանեց հիւրընկալը՝ Տիար Հէրի Նաճարեան, որ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը, շնորհաւորեց գահակալութեան 20-ամեակին առթիւ, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Ազգային Վարչութեան՝ հիւրընկալութեան հոգեկան ցնծութիւնը իրեն ընծայելուն համար. յանուն ներկաներուն՝ ան երկար եւ առողջ կեանքի բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի դեսպանը, կեդրոնանալով Վեհափառ Հարապետի իմաստուն առաջնորդի դերին վրայ՝ կրօնական, ազգային պահանջատիրական եւ այլ ծիրերու մէջ։ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ շեշտեց Նորին Սրբութեան առաջնորդողի դերը՝ միջազգային, միջին արեւելեան եւ Լիբանանի մակարդակներուն վրայ, ի խնդիր խաղաղութեան վերահաստատման, ինչպէս նաեւ բազմերանգ գաղութներու համերաշխ գործակցութեան մէջ։

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ Ընթրիքէն ետք, որուն ընթացքին դաշնակի վրայ նուագներ կատարեց Տիար Յովսէփ Թորոսեան, պաշտօնական յայտագիրը շարունակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնի խօսքով եւ պարգեւատրումի արարողութեամբ:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ներկայացնէ պարգեւատրեալները։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար, շնորհաւորեց Նորին Ս. Օծութիւնը՝ 20-ամեակին առիթով, նշելով, որ Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն ի վեր տեղի ունեցած հանդիսութիւնները, ինչպէս այսօրուան տօնական ընթրիքը, եղան պերճախօս արտայայտութիւն մեր զգացումներուն, նուիրումին ու նուիրաբերումին: Ան ողջունեց նաեւ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններն ու բարերարները եւ մասնաւորաբար հիւրընկալ ամոլը, որոնց նուիրաբերումն ու ներկայութիւնը յաջողութեամբ կը պսակեն երեկոն:

Առաջնորդ Սրբազանը վերապահած էր անակնկալներ: Նախքան պարգեւատրումի բաժնին անցնիլը, յանուն Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ճաշկերոյթի հիւրընկալ ամոլին, նշելով որ Տիար Նաճարեան իր մատուցած ծառայութեանց ու նուիրաբերումներուն համար արդէն իսկ պարգեւատրուած է «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով, որ բարձրագոյն շքանշանն է Ս. Աթոռոյս կողմէ շնորհուած. այս առիթով, ան Նորին Սուրբ Օծութեան կողմէ հիւրընկալ ամոլին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին հրատարակութենէն «The Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission» օրինակ մը, իսկ մեծարանքի այս ճաշկերոյթի հիւրընկալութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանիս հանդէպ ցուցաբերացած անոր զօրակցութեանց համար, Սրբազան Հայրը յանուն Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան երախտագիտութեան արտայայտութիւններով արձանագրուած գնահատանքի յատուկ յուշատախտակ մը նուիրեց Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շէրըլ Նաճարեան ամոլին։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ ընդառաջելով Թեմիս ժողովականութեան ու իր խնդրանքին, եւ «Ծառայութեան Տարուան» ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխանի ու Կիլիկեան Ասպետի շքանշաններով կը պարգեւատրէ հինգ ազգայիններ, որոնք տարիներէ ի վեր վաստակ կերտած են իրենց նուիրաբերումներով, ազգօգուտ ծառայութիւններով ու աշխատանքի պատրաստակամութեամբ: «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանին արժանացան Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ու Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան բարերար ամոլները, իսկ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանին արժանացող ազգայիններն են Տէր եւ Տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Կալեան, Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեան եւ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Յակոբ եւ Լիւսի Տիգրանեան ամոլները: Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով ներկայացուց անոնց նուիրեալ ծառայութիւններն ու վաստակը, ի սպաս մեր Թեմին, կրթական ու ազգային հաստատութեանց: Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեալները զարդարեց համապատասխան շքանշաններով:

Պարգեւատրումին յաջորդեց երաժշտական բաժին մը, կատարողութեամբ մեներգող Դալար Տէկիրմէնճեանի, որուն դաշնակի վրայ ընկերացաւ Վիքթորիա Սիմոնեան: Սոփրանօ Դալար Տէկիրմէնճեան յատկապէս այս առիթին համար ժամանած էր Պրիւքսէլէն, սիրայօժար իր մանակցութիւնը բերելու Մեծարանքի Ճաշկերոյթի գեղարուեստական բաժնին։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԽՕՍՔԸ Իր շնորհաւորանքի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան աւելի քան 20 տարիներու ծառայական կեանքին, որ կերտուած է իբրեւ հաւատքի առաքելութիւն: Ան խօսեցաւ Անթիլիասի մայրավանք մուտքէն ի վեր Նորին Ս. Օծութեան կտրած ճամբուն եւ կերտած վաստակին մասին, որ իրականացած է գիրով, շինարարութեամբ, դաստիարակի աշխատանքով, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական կալուածներու մէջ մեծ ներդրումներով, մանաւանդ նաեւ Հայաստանին, Արցախին ու հայկական Սփիւռքին իր մատուցած ծառայութիւններով:

Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ Հայ Դատին ու մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն իրագործումներուն վրայ եւ ըսաւ. «Ձերդ Սրբութիւնը անցեալ աւելի քան 20 տարիներուն եղած է ու կը մնայ մեր ազգային ու եկեղեցական իրաւունքներուն պաշտպան դրօշակիրն ու ռահվիրան: Կրօնական առաջնորդներու եւ պետական անձնաւորութեանց հետ Ձերդ Սրբութեան հանդիպումները, միջազգային ժողովներու եւ համագումարներու բեմերը առիթ եղած են աշխարհին յիշեցնելու, եւ կրկին անգամ հնչեցնելու հայութեան արդարատենչ ու պահանջատէր ձայնը: Այս ճամբուն վրայ, նորագոյն բարձունք մը նուաճեցիք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին, երբ մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն հաւաքական սրբադասութեան օրերուն, մեր Դատի դրօշը փոխադրեցիք իրաւական դաշտ, դատական հարց յարուցելով ցեղասպան Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ. սա հանդիսացաւ նոր քայլ մը այն ուղիին վրայ, որ նախապէս բացուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ եկեղեցապատկան ու ազգային կալուածներու վերատիրացման պահանջի հանգրուանին, եւ որ համապատասխան ու արդար արձագանգ գտաւ միջազգային պետական շրջանակներու մէջ»: Ան բարի մաղթանքներ կատարեց եւ հաւաստեց, որ այս երեկոյեան ու այլ առիթներով մեր նուիրաբերումները պիտի ըլլան արտայայտութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռին հաւատարմութեան, զօրակցութեան ու առաքելութեան մասնակցութեան:

Իր խօսքի աւարտին, Սրբազանը յայտնեց, որ համաձայն բարի աւանդութեան, Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կերպով կ’ընդառաջէ իր ու մեր Թեմի ժողովականութեան խնդրանքին եւ շքանշաններ ու օրհնութեան գիրեր կը շնորհէ նուիրեալ ու ծառայող ազգայիններու: «Այս երեկոյ, Վեհափառ Հայրապետին արտօնութեամբ, կ’ուզենք մեր երախտագիտութիւնը խորհրդանշող նուէր մը յանձնել Նորին Ս. Օծութեան», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ մեր Թեմին անունով՝ Քրիստոսի պատկերը կրող «Հաւատքի Առաքեալը» ադամանդակուռ շքանշանը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին, տրամադրուած՝ Տէր եւ Տիկին Վաղարշակ եւ Նարինէ Գրիգորեան ամոլին կողմէ։ Նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նշանակը կրող ադամանդակուռ զարդ մը՝ տրամադրուած Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Կիլտա Թագորեան ամոլին կողմէ, իբրեւ լրացուցիչ նուէր՝ հինգ տարիներ առաջ, Վեհափառ Հայրապետին անոնց նուիրած ադամանդակուռ մատանիին, որ նմանապէս կը կրէր Կաթողիկոսութեան նշանակը։

Յայտնենք, որ պաշտօնական յայտագիրին բացումէն առաջ, ընկերային հիւրասիրութեան ժամուն, Վեհափառ Հայրապետը, առ ի գնահատանք իրենց մեծագումար նուիրաբերումին ու բազմամեայ ծառայութեանց, մեր Թեմին կողմէ Կաթողիկոսութեան պատկերազարդ պատմութիւնը ներկայացնող նորագոյն հրատարակութենէն օրինակներ նուիրեց Կիլիկեան Իշխաններ եւ Ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան եւ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Վերոնիք Կարապետեան ամոլներուն։ Ինչպէս նաեւ Տէրունական Աղօթքի արձանագրութեամբ բիւրեղեայ յուշանուէր մը ընդունեց Տիկին Նազ Աթիքեանի կողմէ։

Սրբազան Հայրը ապա յոտնկայս ծափողջոյններով հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փոխանցելու իր պատգամը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ Նախքան իր պատգամը, Վեհափառը նշեց թէ այս տարի իր գահակալութեան 21-րդ ամեակն է, եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի՝ իբրեւ Թեմիս առաջնորդ ծառայութեան 20-ամեակը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ յայտնեց թէ հոգեւորականներ շքանշաններով չեն պարգեւատրուիր, սակայն առ ի գնահատանք Առաջնորդ Սրբազանի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան, Սրբազան Հօր նուիրեց հոգեւորականներու շնորհուած բարձրագոյն շքանշանը՝ Վերջին Ընթրիքէն խորհրդապատկերով պանակէ մը։

Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ իր կեանքի ծառայութեան հիմնակէտը եղած է տալու եւ ոչ թէ առնելու սկզբունքը, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, որ մարդկութեան փրկութեան համար մինչեւ իսկ իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ. տալը հոգեկան գոհունակութեան ու մեծութեան աղբիւր է: Քրիստոսի օրինակով պէտք է ծառայել եկեղեցւոյ, ժողովուրդին, հայրենիքին եւ մարդկային բարձր արժէքներուն: Նորին Ս. Օծութիւնը այս ոգիով ողջունեց ներկաները, նկատելով, որ սրահին մէջ ի մի համախմբուած են շրջանիս տարբեր համայնքներու եւ միաւորներու ներկայացուցիչները, սակայն կենսական կարեւորութիւն ունի զանազանութիւնները վերածել ուժի, հարստացման աղբիւրի եւ ներդաշնակ գործի, որովհետեւ հասարակաց նպատակներ ու արժէքներ կը միացնեն բոլորս: Զանազանութիւնները պահպանելով հանդերձ, անհրաժեշտ է դիմագրաւել հասարակաց մարտահրաւէրները եւ զգալ, որ կը պատկանինք իրարու: «Հիմնական պատգամս հետեւեալն է», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը. «տարեդարձները երախտագիտութիւն արտայայտելու եւ տօնակատարելու առիթներ են, նաեւ առիթ են ինքնաքննարկումի, եւ անդրադառնալու՝ թէ իբրեւ անհատներ ու հաւաքականութիւն ո՞վ ենք: Տարեդարձները նաեւ առիթ են յետադարձ ակնարկով՝ գնահատելու մեր իրագործումները եւ անդրադառնալու ձախողութիւններուն, ապա նաեւ յստակ պատկերացումով նայելու ապագային: Մեր կեանքի մղիչ ուժն ու իմաստաւորողը պէտք է ըլլայ յստակ նպատակի մը հետապնդումը, իսկ իբրեւ քրիստոնեաներ՝ կը հաւատանք, որ մեր կեանքերը կապուած են իրարու, ունինք դրացիներ, գործակիցներ, ընտանիքի անդամներ, չենք կրնար ապրիլ մեկուսացման մէջ, մենք կապ ունինք մեր ազգին, հայրենիքին, Արցախի, Հայաստանի եւ հոգեկան արժէքներու հետ, անոնց միջոցով կապուած ենք իրարու»: Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, որ իբրեւ Կաթողիկոս՝ ինքզինք միշտ ալ նկատած է Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառան, յաճախ յիշեցուցած է, որ եկեղեցին սոսկական հաւաքատեղի մը կամ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է. հոգեւորականին կոչումն է ըլլալ եկեղեցւոյ եւ ազգին ու ժողովուրդին սպասարկուն, պէտք է ինքնաքննարկումի դիմենք, տեսնելու համար, թէ որքանո՞վ կ’իրականացնենք այս յանձնառութիւնը: Եկեղեցին ժողովուրդին տանիլը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ պատերու ետին ամփոփուող եկեղեցի մը իր նպատակին չի ծառայեր: «Մենք Քրիստոսի դեսպաններն ենք, առաքեալները, համարատու ենք Աստուծոյ առջեւ, մեր պարտքն է մեր բոլոր կարողութիւնները նուիրաբերել եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ պիտի շարունակեմ նուիրաբերումի նոյն ուղին, առաջնահերթ նպատակ ունենալով հոգեկան արժէքներու պահպանումը եւ միասնութիւնը» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով Առաջնորդ Սրբազանը՝ այս այցելութեան յաջող կազմակերպման համար, ողջունեց Յովնան Սրբազանը, եւ նշեց, որ երկու Սրբազան Հայրերուն ներկայութիւնը գործնական պատգամ մըն է ինքնին, ու մենք պէտք է մեզ բաժանող պատերը քանդենք, նախաձեռնենք մեզ ի մի բերող քայլերու:

Յայտնենք, որ այս ձեռնարկին առիթով, Ն. Ս. Օծութեան անունով ու Դպրեվանքին ի նպաստ հաստատուած՝ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հիմնադրամին համար կատարուեցան առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնց ցանկը կը հրապարակենք անջատ։

Մեծարանքի երեկոն վերջ գտաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» երգով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022