Ընդունելութիւն-Ընթրիք Ի Պատիւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի

Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ այս նպատակին համար յառաջացուած յատուկ յանձնախումբին, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ընթրիք՝ ի պատիւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի: Ընդունելութեան ներկայ էին Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ համայնքէն՝ Հայր Արմենակ Պետրոսեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վեր. Հենտրիկ Հախնազարեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Հիւպատոս, դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան, Լաս Վեկասի մէջ Հ.Հ. հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, Հոգեւորականաց դասը, Ազգային կեդրոնական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներ, Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ.
buy stendra online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/stendra.html no prescription

վարժարաններու եւ մանկամսուր-մանկապարտէզներու տնօրէններ, վարիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հրաւիրեալներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երեկոյի հանդիսավար Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց Մուշեղ Սրբազանի կենսագրութիւնն ու իբրեւ հոգեւորական՝ անոր անցած ուղին եւ ստանձնած ծառայական պաշտօնները: Յաջորդաբար դրուատանքի խօսք արտասանեցին՝ դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, ապա, յանուն Ազգային վարչութեան՝ կազմի անդամ Տիար Պերճ Աբգարեան եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որոնք երախտիքով արտայայտուեցան Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հոգեւոր, մարդկային եւ ղեկավարի շնորհներուն մասին, ապա վեր առին անոր՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս ամբողջ 25 տարիներ առաջնորդական անխոնջ ծառայութիւնն ու իր օրերուն Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ արձանագրուած ողջունելի իրագործումները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին սրտի խօսքը յաճախ նաեւ համեմուած էր անհատական պատումներով եւ անցեալի քաղցր յուշերով: Իր խօսքի աւարտին, Յովնան Սրբազան, քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման դրուագը պատկերող սրբապատկեր մը (իքոն) նուիրեց Մուշեղ Սրբազանին, յաւերժացնելու համար յիշատակը անոր ծնողներուն, որոնք, Յիսուսի հետեւողութեամբ, իրենց զաւակը՝ մանուկ տարիքէն, առաջնորդած են դէպի Հայ Եկեղեցի:

Այս երեկոյթին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական օրհնութեան գիր յղած էր՝ առ ի գնահատանք Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ծառայական կեանքին ու վաստակին: Վեհափառ Հօր Հայրապետական կոնդակի ընթերցումը կատարեց Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, ապա հրաւիրուեցաւ Մուշեղ Սրբազան, որ ներկայացնէ իր սրտին խօսքը: Առաջին հերթին, ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ գնահատական գիրին համար, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան՝ ձեռնարկը կազմակերպելնուն համար եւ բոլոր խօսք առնողներուն՝ իրենց եղբայրական վերաբերումին համար, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց իր հանգուցեալ ծնողներուն եւ յատկապէս մօր, որ զինք՝ տակաւին մանուկ, առաջնորդած էր դէպի հայկական աւանդական արժէքներ: Այնուհետեւ, Մուշեղ Սրբազան անդրադարձաւ իր ծառայական կեանքի հանգրուաններուն եւ երախտիքով յիշեց զինք նախորդած Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, ինչպէս նաեւ բոլոր այն հոգեւորականները, գործակիցները, բարերարները, բարեկամներն ու հանգամանքները, որոնք կարեւոր դեր խաղացին իր հոգեւոր կեանքին մէջ, քահանայական տարիներէն սկսեալ մինչեւ առաջնորդական պաշտօնի 25 տարիներու աշխատանքային ծրագիրներ եւ արձանագրուած իրագործումներ:

Երեկոն եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան նախ ողջունեց ներկաները, ապա վեր առնելով առիթը՝ ըսաւ. «Խօսիլ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի մասին՝ կը նշանակէ խօսիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հայ ժողովուրդի վերջին քսանհինգ տարիներու հոգեւոր, ազգային, յարանուանական եւ մշակութային պատմութեան մասին: Խօսիլ Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի մասին, կը նշանակէ խօսիլ ո՛չ միայն Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ անոր հովանիին տակ գործող վարչութիւններու ու մարմիններու ծաւալած գործունէութեան մասին, այլեւ խօսիլ ու պատմել բոլոր այն կազմակերպութիւններու եւ անհատներու մասին, որոնք անցնող քսանհինգ տարիներուն, արդիւնաւէտ կերպով աշխատեցան ու նուաճումներու հեռանկարով գործեցին Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի հայրական շունչին ներքոյ: Խօսիլ Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի մասին, կը նշանակէ խօսիլ մեր ծուխերու՝ եկեղեցիներու ու դպրոցներու մասին, որովհետեւ ան, իր ծառայական կեանքի յատկապէս վերջին քսանհինգ տարիներուն, Առաջնորդի իր հանգամանքով, ինքզինք նոյնացուց մեր ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային կարիքներուն հետ եւ իր անձնուրաց ծառայութեամբ դուլ ու անդուլ ճգնեցաւ, վասն այդ կարիքներու բաւարարութեան»:
Եւ, վերջապէս, ողջունելէ ետք Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը, Թորգոմ Եպս. աւելցուց. «Մուշեղ Սրբազանին կը մաղթենք, որ իր կեանքին օրերը միշտ լեցուն ըլլան աստուածային օրհնութիւններով, իսկ իր ընթացքը կանաչապատուած ըլլայ երկնային շնորհներով: Աւելի՛ն. ո՛ւր որ դառնայ ան, թող օրհնութիւնը շատնայ, ուր որ նայի՝ բարիքը ներկայութիւն ըլլայ, ուրկէ որ անցնի՝ գետերը հոսին, դաշտերը ծաղկին, ամպերը չքանան, քալած բոլոր վայրերուն մէջ թող արցունքը փոխուի խնդութեան, փախչի մառախուղ, հեռանայ մշուշ, աստուածադիր ծիածանը կրկին յայտնուի, արեգակը վերստին փայլի, եւ երկնային լոյսը արտացոլայ Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի ընդմէջէն, դէպի մեր բոլորին անհատական ու համայնական կեանքերը»:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի յանձնեց խաղաղութեան աղաւնին խորհրդանշող յուշանուէր մը, ապա կատարեց փակման աղօթքը:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին նախորդեց ընկերային ժամ-ընդունելութիւն, իսկ ընթրիքի պահուն ՀՕՇԱՐԵԱՆ քառեակը մատուցեց հայ եւ օտար երաժիշտներու գործերէն փունջ մը (դաշնամուր` Կրէկ Հօշարեան, թմբուկ՝ Ճորճ Պիլէզիկճեան, ջութակ՝ Անժելա Ամիրեան, սրինգ՝ Սուզան Ուայնզպըրկ):

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022