Ամերիկայի Մարդահամարի Գրասենեակի Ներկայացուցիչը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Մարդահամարի Գրասենեակի Լոս Անճելըս գաւառի ներկայացուցիչ Անահիտ Թովմասեանը, որ եկած էր տեղեկութիւններ փոխանցելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է 2020-ին ամերիկահայերու մարդահամարի ճշգրիտ հաշիւ ապահովել։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Տիկին Թովմասեան ընդգծեց, թէ ինչքան կարեւոր է Ամերիկայի բոլոր բնակիչներու ամբողջական հաշուարկը ունենալ։ Ան նաեւ խնդրեց Ազգ. Առաջնորդարանի օժանդակութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ հարկ եղած պարագային հայ գաղութին անհրաժեշտ տեղեկութիւնը իրենց տրամադրելու համար։

Ինչպէս անցեալին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս դրուատեց Տիկին Թովմասեանի ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը, շեշտելով մարդահամարի կարեւորութիւնը եւ միաժամանակ վերահաստատելով Ազգ. Առաջորդարանի աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը այս ուղղութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ