ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղի 100-ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն

ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը Կիրակի, 4 Մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տօնեց իր հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը, որ առիթ մը եղաւ ընդհանուր պատկերացում մը ունենալու անոր ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն մէկ դարեան ծառայութիւններուն մասին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, կողքին ունենալով Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանը, ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը։

Բացման խօսքը արտասանեց ու յայտագիրը վարեց Մայտա Շահինեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտները կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Քայլերգները։ Մասնաճիւղին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Մարկօ Սերոբեան, իսկ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան անունով խօսք արտասանեց Տիկին Ծովիկ Ղազարեան։ Յանուն ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան՝ գնահատանքի խօսք արտասանեց Տիկին Արշօ Աւագեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Դոկտ. Յասմիկ Պարան։

Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական ճոխ բաժին. ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի պատմութիւնը ուրուագծող տեսաերիզ մը. երգերով, պարերով ու նուագով մասնակցութիւն բերին Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեան, Տիկին Հեղինէ Հարպոյեան՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լենա Թիւֆէնքճեանի, եւ ՀՕՄ-ի «Մարի Փոստոյեան» մանկամսուրի ու մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները։

Իր գնահատանքի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւնները, մաղթելով, որ մասնաճիւղին ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն առաքելութիւնը շարունակուի անսանան։ Ան յիշեցուց, որ մեր Թեմին մէջ իր ծառայութեան առաջին օրերէն ի վեր, ականատես վկան եղած է անոր ժողովրդանուէր, կրթանպաստ ու հայրենաշէն գործին, որ մատուցուած է մեր գաղութի զաւակներուն ու Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին, հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ-ականի ուխտին։ Անոր ծառայութիւնները բալասան տրամադրած են հիւանդին, նեցուկ՝ կարիքաւոր ընտանիքին եւ ուսանողին։ «Մայր» մասնաճիւղի ձեռքը կատարած է մարդասիրական եւ բարեսիրական հսկայ գործ, բարիք բաշխած մեր գաղութի թէ հայրենի ժողովուրդին։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց յիշատակը մասնաճիւղի հիմնադիրներուն եւ վաստակը՝ անոնց գործը շարունակող նուիրեալներուն։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տէր Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ով, զոր կատարեց Յովհաննէս Պալեան։ Ներկաները վարչութեան հիւրասիրութիւնը վայլելեցին կողքի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022